ԵԹԷ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԵՏ ԵՐԳԷԻՆ …

0 0
Read Time:6 Minute, 0 Second

Յ․ Պալեան

Երգը՝

Il faut quitter la  table, quand l’amour est desservi

… գիտնալ հեռանալ սեղանէն…երբ սէրը վերցուած է

 

            Հայաստան  շատ կը սիրեն Շարլ Ազնաւուրը: Լաւ կ’ըլլար, եթէ  երբեմն ալ անոր երգերուն հետ մտածէին: Զայն չծառայեցնէին միայն սնապարծական քարոզչութեան…

            Կը խօսէինք բարեկամի մը հետ, եւ ինչպէս միշտ, աջ դառնա-յինք թէ ձախ, նոյն հարցերը եւ անունները իրենք զիրենք կը պարտադ-րէին. Հայաստան եւ Արցախ, պարտութիւն եւ տարածքի կորուստ, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Քոչարեան եւ Փաշինեան, նախկիններ եւ կո-ղոպտողներ, կոռուպցիա, պարգեւավճարներ, կրկին պարտութիւն եւ զոհեր:

            Այս հարցերուն մասին խօսելու համար միշտ ըսելիք կայ, թեր ու դէմ այլազան կարծիքներու անսպառ մթերք… Եթէ այդքա՜ն ալ զի-նամթերք ունեցած ըլլայինք չէինք պարտուեր:

            Խօսակիցս ողջախոհութեամբ անդրադառնալով Հայաստանի պարտութիւններուն, զոհերուն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքար-ներուն, քաղաքական, տարածքային եւ մարդկային կորուստներու, ըսաւ, որ դաստիարակչական դրական աշխատանք կրնան ընել հեռա-տեսիլը եւ ձայնասփիւռը, եթէ յաճախ սփռեն Ազնաւուրի երգը. …

            Il faut savoir quitter la table…

Պէտք է գիտնալ հեռանալ սեղանէն…

Et qu’il ne reste que le pire

Եւ երբ  մնացած է միայն յոռեգոյնը:

Հայկական Հանրապետութիւնը, պետութիւն եւ ժողովուրդ, կը գտնուին փլուզած երազներու առջեւ: Հանդիսատես են, ընդարմացած են, կարծէք ուժաթափ են, չեն հակազդեր: Սփիւռքն ալ կ’ընթանայ նոյն հունով:

            Ին՞չ մնացած է ՄԻԱՑՄԱՆ գեղեցիկ երազէն, ի՞նչ մնացած է ԱՆԿԱԽՈՒԹԵՆԷՆ… Միացում չկայ, քանի որ պիտի հաշտուինք, որ Արցախը եւ Արցախցին Հայաստան եւ հայութիւն պիտի չըլլան, քանի որ լաւ դրացի պէտք է ըլլալ եւ իրագործել լաւ ապրելու իրաւունքը: Այլ հարց է թէ ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այդ իրաւունքը:

            Անկախութիւն չկայ, քանի որ որոշումներ եւ զիջումներ պիտի պարտադրուին: Կը պարտադրուին, Հանրապետութենէն տարածքներ կը պահանջուին, կը պոկուին, կը տրուին: Ինչպէս կ’ըսուի, Հանրապե-տութեան ինքնիշխան տարածքներուն վրայ անարգել որպէս տէր կը խուժեն թշնամի ուժեր,           Զանգեզուրէն կը պահանջուի միջանցք, որ կը նշանակէ կրկին տարածք զիջիլ: Հանրապետութիւնը Արցախի դեռ չգրաւուած բեկորին կապող ճանապարհը կը փակուի… ի՞նչ կ’ընենք: Կը բողոքենք, թէեւ լսողներ չկան, բախտաւոր պարագային լսողները, այսինքն միջազգային համայնքը, կ’երթեւեկեն, փլասէպօ դատարկ դե-ղի նմանող բարի կամքի խօսքեր կ’ըսեն, հայութիւնն ալ կը մխիթար-ուի:

            Ճակատագրապաշտութեամբ օգնութիւն կը սպասենք, բայց ներկան կ’ապրինք անմիջականի կարծեցեալ ապահովութեան եւ երջանկութեան մէջ, ինչպէս ճոխ սեղանի մը առջեւ, զբօսաշրջիկներ եւ անոնց հետ: Երբեմն յիշեցնողներ ալ կան, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ, որ ցեղասպանութեան սպառնալիք կայ: Եւ կեանքը կը շարունակուի ճամբորդութիւններով, թաղային հեղինակութիւններու անկարեւոր կարեւորներու օտարաբարբառ ընդունելութիւններով եւ ելոյթներու ասդին անդին երեւցող պատկերներով:

            Ինչո՞ւ, ի տես երազներու փլուզման, կուտակուած պարտու-թիւններու եւ հազարաւոր զոհերու, մեծ ու պզտիկ իշխանաւորներ չեն հեռանար, կը շարունակեն գլխիկոր մասնակցիլ բանակցութիւններու, մէկ մայրաքաղաքէ միւսը երթալ-գալով, յայտ-նիներու եռք թօթուելով, կը լուսանկարուին, թոռներու եւ թանգա-րանի համար գունաւոր լուսանկարներու հաւաքածոյ կը կազմեն:

            Յետո՞յ…

            Թշնամին Արցախէն մնացած բեկորն անգամ կը պահանջէ, կը սպառնայ անպաշտպան եւ անզօր բնակչութիւնը սովամահ ընել, աւելի ճիշդ՝ ցեղասպանութեան ենթարկել, իսկ Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք, իշխանութիւն կը խաղան, պաշտօններ կը զբա-ղեցնեն, կը խօսին, զիրար գզեն, եւ դատարկ սեղաններու առջեւ եւ դա-տարկուող երկրին մէջ թէ դուրսը: Պիտի սպասենք Ազնաւուրի  յուսա-հատական իմաստութեամբ յոռեգո՞յնը, երբ լաւագոյնը հեռացած է …Իսկ դեռ  ի՞նչ կրնայ ըլլալ յոռեգոյնը:

            Ոչ ոք, ի տես աղէտին, Ազնաւուրի պէս չ’ըսեր, որ պէտք է գիտ-նալ հեռանալ սեղանէն

            Quand le meilleur s’est retiré Et qu’il ne reste que le pire…

Բայց Հանրապետութեան մէջ, ինչպէս բնականոն պայմաններու մէջ ապրող ոեւէ երկրի մը մէջ, կեանքը կը շարունակուի, ուր մարդոց ան-հատական եւ քաղաքական առօրեան  ցուցադրական է, շաու, (show)…

Հաշուետուութիւն պիտի ըլլա՞յ օր մը, թէ տարին քանի՞ պետա-կան անձեր օդանաւ կը նստին, կը ճամբորդեն, ի՞նչ ընելու համար, ո՞ր արդիւնքը ձեռք կը բերեն, չմոռնալով որ կը ճամբորդեն նաեւ նաեւ պա-րագայք իւրեանց:

Գիտնալ հեռանալ սեղանէն երբ…

Կերգէ Ազնաւուր..

            Ըստ երեւոյթին, Հայաստան եւ Սփիւռք, մեր ժողովուրդի քաղա-քական փորձին եւ իմաստութեան մաս չեն կազմեր սեղանէն հեռանա-լու տարրական քաղաքավարութիւնը եւ ողջմտութիւնը:

 Մեր ժողովուրդը եւ անոր ղեկավարութիւնները, ի հարկէ յոգ-նակի, պիտի տեսնե՞ն եւ հասկնա՞ն, որ առած են ամէն բան, կը տրուի ամէն բան, որ սեղանին վրայ ոչինչ մնացած է, պիտի մնայ: Մեծ ու պզտիկ առաջնորդները ե՞րբ պիտի հասկնան, որ սեղանէն հեռանալ պէտք է գիտնալ, քանի որ Հանրապետութենէն պահանջները բաւա-րարուած պիտի ըլլան, տալիք մնացած պիտի չըլլայ, սեղանէն հեռա-նալ կամ չհեռանալ նոյնիմաստ պիտի ըլլան:

            Հանրապետութեան տարածքին մաս առ մաս տէր կ’ըլլայ թշնա-մին, ան ըսած է արդէն որ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է: Պարտուած եւ անհեռանկար առաջնորդները կը տնտեսեն նահանջը, ո՞ւր հաս-ցնելու համար Հանրապետութիւնը եւ  Արցախը:

            Ժողովրդական զանգուածը, անմիջականին առջեւ խուճապը իմաստութիւն համարելով կը լքէ հայրենիքը, կը գաղթէ, այս ալ հայ-կական նոր գաղթականութիւն է, միջազգային կեանքի մէջ աճող միգ-րացիայի վրայ գումարուող, մարդիկ որոնք ի գին ամէն բանի ապաս-տան կը փնտռեն, միշտ լաւ ապրելու իրաւունք նուաճելու համար, ինչպէս ափրիկեցիներ, Աֆղանները, բոլոր տեսակի միգրանտները:

            Բայց մերօրեայ ինքնագոհ, երկնային մղոններով երթեւեկող եր-ջանիկները, գեղեցիկ խօսքով գինովցող-գինովցողները, կը մերժեն տեսնել, ինչ որ տեսած է երգիչը, որ

Il faut savoir quitter la table…

Պէտք է գիտնալ հեռանալ սեղանէն…

Et qu’il ne reste que le pire

Եւ երբ  մնացած է միայն յոռեգոյնը:

            Այս կացութեան մէջ, իսկական ղեկավարը տէր կ’ըլլայ ժողո-վուրդին եւ հայրենիքին, կ’ընդունի, որ պէտք է հեռանայ իշխանու-թեան սեղանէն, հաւատալով ժողովուրդներու ընդոծին ողջախութեան, որ կրնայ ծնիլ յոյսի, միացման եւ վստահութեան հրաշքը:

                        Պարտութիւնը մերժող եւ ազգը միացնող Նոր իշխանու-թիւն կը փնտռուի: Կը գտնե՞նք : Ինչպէ՞ս գտնել: Նահանգներու, պար-տութեան, դատարկ եսերու  կոյտին վրայ նոր կեանք չի սկսիր, վե-րականգնում տեղի չ’ունենար:

Իրաւ հայ մտաւորականութիւնը, ոչ տիրոջ ձայն կրկնողները, առաջ-նորդուելով  արժէքներու եւ կարողութիւններու գնահատոմով, պէտք է խօսի հայ մարդոց, առանց տուրք տալու եւ ենթարկուելու ամէն բնոյթի էսթէպլիշմընթներու ձեռնածութիւններուն, աւելի հակնալի բառով՝ մանիպուլացիաներուն, manipulations. Հանրապետութիւն, սփիւռք, մնացորդաց, ամենուրեք ուր հայեր կան, նոյնիսկ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ հաշոուող:   Այսօր կանգնած ենք պատի առջեւ: Ազգը կանգնած է պատի առջեւ: Ազգը հանրապետութեան մէջ, Արցախ, ինքզինք բազ-մապատկող սփիւռք եւ բռնագաւեալ Հայաստանի տարածքին վրայ դեռ տեւող մնացորդաց: Զիրար լսելու առաքինութեամբ եւ հարազատ առաջնորդներու հետեւելու կամքով պէտք է դիմաւորել մեր վաղը: Մեր ժողովորդը, իր հարազատ մտաւորականութեան հետեւելով, այ-սօր անոր հետ պէտք է բարոյական ընտրութիւն կատարէ եւ յայտար-արէ այս է, ասոնք են մեր առաջնորդները: Անոնք երկինքէն պիտի չիջ-նեն, մեր մէջ են, Հանրապետութիւն, Արցախ, Սփիւռք եւ բռնագրաւեալ Հայաստանի մէջ գտնուող մնացորդաց:

            Ժողովուրդը, իր բնական ողջախոհութեամբ պէտք է լսէ իր մտաւորականութիւնը, որ պէտք է ըլլայ ճամբացոյց եւ արթնութեան հրաւիրէ ժողովուրդը, անոր ըսէ, որ ինք անինքնութիւն ամբոխ չէ, անոր կը ներշնչէ իր ճակատագրին տիրութեան գիտակցութիւնը:

            Հարկ է հաւատալ մեր ժողովուրդի ողջախոհութեան եւ մտաւո-րականութեան ճամբացոյց ըլլալու կարողութեան: Եւ կը վերական-գնինք, հրապարակէն կը հեռացնենք ազգային եւ քաղաքական կեա-նքի մէջ յայտնուած ամէն բնոյթի կեղծարարները եւ դրամանենգները, վերականգնելով ճշմարիտ հեղինակութիւնները:

            Այս ընելու համար, պէտք է լսել պատմական մեծ փորձէ անցած եւ յաղթանակ կերտած ֆրանսացի քաղաքական առաջնորդներէն Ժորժ Քլեմանսոն, որ ըսած է. «Նախ պէտք է տեսնել թէ ի՞նչ կ’ուզենք, ապա պէտք է այդ ըսելու քաջութիւնը ունենալ ապա ունենալ ուժականութիւնը այդ ընելու»*:

            Ոչ ոք այս պիտի ընէ մեր փոխարէն: Պատմութեան բեմէն չհե-ռացուելու համար, այդ լիակատար պատասխանատուութեամբ առաջնորդութեան ընտրութիւն պիտի ընէ հայը, ուր որ ալ գտնուի: Ինք պիտի ըլլայ իր պատմութեան տէրը: Այս ցանկութիւնը եւ հա-ւատքը տօնական օրերու ճառ զարդարող խօսքեր չեն, այլ՝  յանձ-նառութիւն՝ տոկալու եւ տեւելու, զոր իւրաքանչիւր հայ  պէտք է ստանձնէ, ոչ թէ սանդղակ ըլլալու համար այս կամ այն թաղային հեղինակութեան, այլ ըլլալու տէր՝ Ազգին եւ նախահայրերէ ժառան-գուած Հայրենիքին:

            Միշտ յիշելով գրողի ազգային խորիմաստ խօսքը, որ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, չըսելու համար ծառայ»: Կրկին ընթերցել եւ տարածել Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք Լինելութեան»ը…

                                                           

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles