ԺԱ­ՄԱ­ՑՈՅ­ՑԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 22 Second

 

Գէորգ Պետիկեան

Այդ Կի­րա­կի երե­կոյ, պա­րոն Արամ բա­ւա­կան ուշ իր սեն­եա­կը քաշ­ուե­ցաւ: Ան­ձայն եւ նոյն­քան ալ անշ­շուկ: Ու­տել խմե­լէն եւ մաղ­թանք­ներ լսե­լէն յոգ­նած գրե­թէ ու­ժաս­պառ եղած էր:

Սեն­եա­կին լոյ­սը բա­ցաւ: Նա­յե­ցաւ չորս կող­մը: Կար­ծես կորս­ուած էր: Հոս իր սեն­եա­կը չէր: Ու­րի­շինն էր: Յան­կարծ նշմա­րեց մահ­ճա­կա­լին մօտ ցած սե­ղա­նին վրայ տեղ գրա­ւած իր ժա­մա­ցոյ­ցը: Անց­նող աւե­լի քան երե­սուն տա­րի­նե­րուն իր հա­ւա­տա­րիմ զար­թու­թի­չը եղած էր, ամէն առա­ւօտ նոյն ժա­մուն եւ նոյն վայրկ­եա­նին: Ան­խախտ եւ շի­տակ: Հին, սա­կայն վստա­հե­լի: Զայն խնամ­քով պա­հած էր: Գրե­թէ ամէն երե­կոյ զայն լա­րած մի­ջո­ցին անոր փո­շի­ներն ալ առած: Իր բա­րի «աքա­ղաղ»-ն էր, շա­տե­րուն այս ձե­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցած էր, որուն զան­գին վրայ ինք ամէն առա­ւօտ ճշդուած ժա­մուն կ՛արթն­նար:

Տա­կա­ւին եր­կու օրեր առաջ, ճիշդ Ուր­բաթ երե­կոյ որո­շած էր սեն­եա­կէն հե­ռաց­նել, աչ­քէ հե­ռու տեղ մը պա­հել: Այդ Ուր­բաթ օրը, իր աշ­խա­տան­քի վեր­ջին օրն էր: Իր կնոջ եւ զաւակ­նե­րուն եր­կար ու յա­րա­տեւ պնդում­նե­րուն վրայ, վեր­ջա­պէս որո­շած էր, հանգստ­եան կոչ­ուիլ: Դառ­նալ թո­շա­կա­ւոր: Ուս­տի այ­լեւս պէտք պի­տի չու­նե­նար այս գոր­ծի­քին: Ամէն առա­ւօտ իր ու­զած ժա­մուն պի­տի արթն­նար: Սե­փա­կա­նու­թեան հրճուանք: Վեր­ջա­պէս երա­զին պի­տի յաղ­թէր: Ինք որ միշտ իրեն սահ­ման­ուած աշ­խար­հին մէջ փնտռած էր թագն­ուած տա­ռա­պանքն ու հրաշ­քը, աս­կէ ետք այդ հեւ­քին պէտք պի­տի չու­նե­նար: Վերջ: Որո­շած էր, աս­կէ ետք կեան­քը ըմ­բոշխ­նել առատ ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ, պտոյտ­նե­րով, քա­լե­լով, պար­տէ­զը մաք­րե­լով կամ վե­րա­նո­րո­գե­լով:

Գի­տեր, որ ամէ­նօր­եայ պայ­քա­րին մէջ, իր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն շատ շա­տե­րու մօտ դժբախ­տաբար կեան­քը կորսն­ցու­ցած էր իր շքե­ղան­քը: Իրը տար­բեր պի­տի ըլ­լար: Կը հա­ւա­տար:

Ու տա­կա­ւին նոյն այդ ամ­բողջ Ուր­բաթ օրը իր գրա­սեն­եա­կէն ներս տօնն էր: Խմել, ու­տել եւ նո­րէն խմել ու ան­հատ­նում մաղ­թանք­ներ լսել: Վեր­ջին` կա­նուխ տուն վե­րա­դառ­նալ: Նոյ­նիսկ հնդիկ «պօ­ս»-ը, մե­ծա­ւո­րը զինք մին­չեւ իր ինք­նա­շար­ժը հաս­ցու­ցած էր: Ապա ամուր մը ձեռ­քը սեղ­մած եւ ձախ ձեռ­քով ալ իր կռնա­կին քա­նի մը ան­գամ­ներ զար­նե­լէ վերջ խրա­տած.-«մի ծե­րա­նար, որով­հե­տեւ կեան­քը հե­տաքրք­րա­կան երե­ւոյթ է: Նա­յէ՛, մըս­տըր Էյ­րըմ (պա­րոն Արամ) աշ­խար­հը զա­ւեշտ է ու ան­հե­թեթ բա­նե­րով լե­ցուն: Ուս­տի մարդ­կա­յին այդ հո­գիդ թող միշտ լու­սա­մուտ մը ու­նե­նայ. մայ մէան ին­ճոյ եուր լայֆ, բա­րե­կամս կեանքդ վա­յե­լէ».- ըսած էր զինք ճամ­բած պա­հուն:

Իր կար­ծի­քով հի­մա պի­տի ճանչ­նար հա­ճոյ­քը. պի­տի վա­յե­լէր կեան­քը, մին­չեւ որ հաս­նէր իր կեան­քին ճա­կա­տագ­րա­կան վեր­ջին օրը: Վեր­ջա­պէս ինքն իրեն պի­տի կա­րե­նար նա­յիլ ժամա­նա­կի միւս ափէն: Այս ար­դէն ինք­նին, դրա­կան երե­ւոյթ էր:

Բայց յան­կարծ յի­շեց տա­կա­ւին քիչ առաջ­ուայ ըն­տա­նե­կան սե­ղա­նին շուրջ ստեղծ­ուած պա­հե­րը: Ար­դէն Շա­բաթ օր­ուը­նէ ի վեր իր տան մէջ հիւ­րե­րը ան­պա­կաս էին: Ասոնց վրայ աւել­ցու­ցէք իր զա­ւակ­նե­րը, թոռ­նե­րով եւ հար­սե­րով մի­ա­սին եւ անոնց մաղ­թանք­նե­րուն մէ­ջէն իրեն հաս­ցէ­ագր­ուած նոր ու ան­գիր “պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը“:

-Այս­պէս լաւ եղաւ, կար­ծես պա՛պ, պզտիկ թոռդ ամէն առ­տու դո՛ւն դպրոց կը տա­նիս:

-Պապ, թոռ­նու­հիդ դաշ­նա­կի դա­սէն ետք մօտդ կ՛առ­նես, անոր դա­սե­րով կը պա­րա­պիս:

Եւ տա­կա­ւին ան­հատ­նում «պապ»եր եւ «իշ­տէ քե­զի զբա­ղում» ար­դա­րա­ցում­ներ, որոնք թէ­եւ ինք սի­րով կրնար տա­նիլ, սա­կայն …: Ախ, դիւ­րին բան չէր մեծ հայր ըլ­լա­լը. Պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մեծ եւ ծանր: Նա­յե­ցէ՛ք, մէյ մը ձեր չորս կող­մը: Ճշմար­տու­թիւն է, որ Ամե­րի­կա­յի մէջ երե­խա­նե­րը մեծց­նող­նե­րը իրենց ծնող­նե­րը չեն այլ` մեծ հայ­րերն ու մեծ մայ­րե­րը: Ու վայրկ­եան­նե­րը եր­կար եւ վի­րա­ւոր, սար­սա­փե­ցան փակ դրան ետին: Կը զգար, որ իր սիր­տը իր ափին մէջ էր: Կար­ծես մի­նա­կու­թիւնը ճնշած էր զայն: Շու­տով դար­ձաւ դէ­պի հա­յելի­ին: Եր­կար նստե­ցաւ իր պատ­կե­րին առ­ջեւ ու իր միտ­քը գնաց երա­նա­ւէտ բա­նե­րու: Նախ թե­թեւ ժպիտ մը դէմ­քին ժան­գը թա­փեց: Ապա նոյն այդ ժպի­տը շու­տով չոր­ցաւ նոյն իր դէմ­քին վրայ: Անակն­կալ եւ ինք­նա­ծին: Չես գի­տեր ինչ­պէս լայն ճա­կա­տը ալե­կո­ծե­ցաւ: Ակ­նո­ցին ետեւ հլուն աչ­քե­րը սկսան լո­ղալ: Նայ­ուածք­նե­րուն ցան­ցը թուլ­ցաւ: Կա­նաչ օրե­րը յի­շեց: Ու­րեմն հան­գիս­տը կամ հանգստ­եան կոչ­ուի­լը իրեն հա­մար չէր: Ո՞վ ըսաւ, որ ինք պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն փախ­չող մըն էր: Հար­ցու­ցէ՛ք: Է՜հ աշ­խարհ: Սա­կայն…:

Դէմ­քին վրայ ներ­քին տե­սակ մը ահա­բե­կում մը գծագր­ուե­ցաւ: Իր մի­ա­միտ հո­գին կար­ծես վախ­ցաւ: Այս­պէս թե­թեւ տրտմու­թիւն մը խառն­ուե­ցաւ իր եր­ջան­կու­թեան: Յստակ էր թէ գլխուն մէջ բան մը կար, որ անուն ու ձեւ չու­նէր, որ մու­թի մէջ պա­հեց իր հո­գին:

Միւս կող­մէ սա­կայն յի­շեց նախ­կի­նը: Լու­սա­ցան մէ­կիկ-մէ­կիկ երա­նե­լի պա­հե­րը: Կը զգար, որ ազատ օրե­րու մու­րաց­կան պի­տի դառ­նար: Այո ճիշդ էր որ ինք ազատ էր, սա­կայն կեան­քը իր ու­զած ձե­ւո­վը այ­լեւս պի­տի չապ­րէր:

Ինքն իր մէջ մտա­ծե­լու ստիպ­ուած ըլ­լա­լը հի­մա զինք որ­բա­ցու­ցած էր: Խեղ­ճա­ցած: Ճեր­մակ երազ­նե­րը փախ­չած էին: Ներ­կա­յաց­ուած խոր­հուրդ­ներն ու քա­ղա­քա­վար “առա­ջարկ­նե­րը“ չէր կրցած մեր­ժել: Ինչ­պէս մեր­ժեր: Չէ, որ իր հոգիի հա­տոր­ներն էին այդ թոռ­նե­րը: Իր ան­ձէն աւե­լի կը սի­րէր զա­նոնք մէկ առ մէկ:

Այս պա­հուն ալ չէր հասկ­նար ինք­զինք: Թէ­եւ դէմ­քին վրայ բազ­մած էին նոր խո­հեր, սա­կայն միւս կող­մէ ալ անօ­րի­նակ ու­րա­խու­թիւն մը կը ցայ­տէր իր ար­եան մէջ: Ինք ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի դառ­նար ամէ­նօր­եայ նոր սո­վո­րու­թիւն­նե­րու գե­րին: Բո­լո­րը կրնա­յին վկա­յել, թէ պա­րոն Արամ մտա­ծող միտք մըն էր: Յարգ­ուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը: Լաւ դի­տող մը: Ու­նէր իր անձ­նա­կան հա­մո­զումն ու տե­սա­կէ­տը ու դա­տե­լու ճշգրիտ առա­քե­լու­թիւն` ան­շա­հախն­դիր մօ­տե­ցու­մով եւ ակ­նո­ցով: Արեւ­ներ ան­ցած ու մա­զե­րուն աստ­ղեր կառ­չած այս մար­դը, հի­մա կար­ծես զինք լեց­նող զգա­ցու­մին սահ­ման­ներն նոյ­նիսկ չէր կրնար որո­շել:

Ծրագ­րած էր: Նոր օրե­րը ախոր­ժե­լի շա­րու­նա­կու­թիւն պի­տի խոս­տա­նա­յին: Կեան­քը իր տան պա­տե­րէն դուրս պի­տի գար: Ամէն առ­տու կա­նու­խէն իր թա­ղին վե­րէն մին­չեւ վար պի­տի քա­լէր, ժպի­տը դէմ­քին: Պի­տի բա­րե­ւէր զինք հան­դի­պող թա­ղի բո­լոր դրա­ցի­նե­րուն: Մէկ խօս­քով, բնու­թեան զա­ւա­կը պի­տի դառ­նար: Պի­տի կա­տա­կէր, ու աւե­լի պի­տի սի­րէր իր կեան­քը:

Սա­կայն հան­գիստ եւ ան­հոգ ապ­րե­լու հա­մար պէտք էր իր շրջա­պա­տը մոռ­նար: Այս մէ­կը իս­կա­պէս զար­հու­րե­լի էր: Անոր հա­մար չու­զեց ապ­րիլ մեղ­քի զգա­ցու­մը:

Բայց յան­կարծ կար­ծես իր մէջ նոր բան մը բու­սաւ: Ներ­քին հաշ­տու­թիւն: Վեր­ջա­պէս իջաւ իրա­կան աշ­խարհ ազատ­ուած ուր­ուա­կան­նե­րէն: Նի­հար երակ­նե­րով եւ ջի­ղե­րով ծածկ­ուած վի­զը թե­թե­ւօ­րէն եւ եր­կար շփեց: Այս էր կեան­քին հեգ­նան­քը: Մտքին մէջ հո­սանք­նե­րը դի­մադ­րու­թեան փախ­չած էին: Աչ­քե­րուն մէջ ամ­րա­ցան հա­ճե­լի տե­սիլք­ներ, որոնք միայն իրեն հա­մար ստեղծ­ուած էին: Ինք պէտք չու­նէր աշ­խար­հը հա­մո­զե­լու: Թոռ­նե­րը առա­ւել եւս վա­յե­լե­լու հա­ճոյ­քը հո­սե­ցաւ մէ­ջը: Ժպի­տի նման նոր բան մը սա­հե­ցաւ դէմ­քին վրա­յէն

Յան­կարծ ժա­մա­ցոյ­ցը կրկնեց ժա­մա­նա­կը մի­օ­րի­նակ եւ տա­փակ: Կրկին լա­րեց զայն: Նոր օր­ուայ նոր պար­տա­կա­նու­թեան յա­տուկ լա­րե­րով օժ­տեց: Յուզ­մուն­քէն, խօս­քե­րը շնչաս­պառ եղած էին եւ փո­խա­րէ­նը յա­ռա­չան­քի նման բան մը պոկ­ուե­ցաւ կուրծ­քէն:

Վա­ղը նոր օր մըն էր, որ պի­տի գար ու այս անգամ իր ժա­մա­նա­կը պի­տի դարձ­նէր տար­բեր եւ սա­կայն ըմբռ­նե­լի ու նոյն­քան ալ հա­ճե­լի: Յի­շեց: Թոռ­նե­րուն դէմ­քե­րը հոգիի խա­ղա­ղու­թիւնը բե­րին իրենց հետ: Հի­մա իր սիրտն էր, որ ինք­նազս­պու­մի ճիգ կը պա­հան­ջէր:

Ան­կաս­կած, որ սեն­եա­կին մէջ չմեռ­նող բան մը կար: Ապ­րե­լու սէ­րը: Ար­դէն քու­նը լեց­ուած էր աչ­քե­րուն մէջ, իսկ դուր­սը վստա­հա­բար գի­շե­րը սկսած էր մա­շիլ:

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles