Ա.Մ.Ն. ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ ԳՈՐ­ԾՈՑ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ՔԼԻՆ­ԹԸ­ՆԻ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆԸ` ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ

0 0
Read Time:13 Minute, 10 Second

 ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Ար­մենփ­րէս“ եւ “Եր­կիր“).- Ա.Մ.Ն. Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար` Հի­լը­րի Քլին­թը­նի Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դակ շրջապ­տոյ­տը կա­տա­րեց Յու­նիս 4էն 7: Անոր առա­ջին հանգր­ուանն էր Հա­յաս­տան` Յու­նիս 4ին, ապա Վրաս­տան, Ատր­պէյ­ճան եւ վեր­ջա­պէս` Թուրք­իա:

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան ըն­դու­նեց աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րը:

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը` նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քսան տար­ուայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, որոնք պատ­ճառ դար­ձած են նա­եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու հաս­տատ­ման: Ու­րախ եմ, որ այ­սօր մենք կա­րող ենք խօ­սել այն մա­սին, որ մեր լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ստեղծ­մա­նը նպաս­տել են ինչ­պէս մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րի այդ կա­պե­րը, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րում բնա­կուող հոծ հայ­կա­կան հա­մայն­քը, այն­պէս էլ ազա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը, շեշ­տեց Սարգս­եան, որ նա­եւ ընդգ­ծեց, որ այս տա­րի կը նշուի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու հետ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման քսա­նամ­եա­կը եւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ կա­րե­լի է խօ­սիլ այն մա­սին, որ այդ քսան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տուած են պտղա­բեր ար­դիւնք եւ այժմ կը գտնուին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ:

Նա­խա­գահ Սարգս­եան նշեց, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կա­պե­րը շատ աւե­լի խոր պատ­մու­թիւն ու­նին եւ ըստ նա­խա­գա­հին, այ­սօր կա­րե­լի է խօ­սիլ այն մա­սին, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման նպաս­տած են եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու այդ կա­պե­րը, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ բնա­կող հոծ հայ­կա­կան հա­մայն­քը, ինչ­պէս նա­եւ ազա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը: Ու­րախ եմ, որ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մշտա­պէս կը կա­ռուց­ուին փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ վստա­հու­թեան վրայ, եւ մշտա­պէս կրնանք ան­կեղ­ծօ­րէն քննար­կել որե­ւէ հարց, որ կը հե­տաքրք­րէ կող­մե­րէն մէ­կը“, աւել­ցուց Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, որ բարձր գնա­հա­տեց Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դա­կէն ներս: Ան ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց, եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բեր­ուած օժան­դա­կու­թեամ հա­մար:

Իր կար­գին խօսք առ­նե­լով, Հի­լը­րի Քլին­թըն պա­տիւ նկա­տեց կրկին գտնուե­լու Հա­յաս­տան եր­կու եր­կիր­նե­րու դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման քսա­նամ­եա­կի տար­ուան ըն­թաց­քին: Ան նշեց, որ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի հետ: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ մե­ծա­պէս կ՛ար­ժե­ւո­րեն իրենց գոր­ծըն­կե­րու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի հետ եւ շա­րու­նա­կեն սա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի եւ անոր ժո­ղո­վուր­դի զար­գաց­ման:  Ան անդ­րա­դար­ձաւ նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի եւ իր ու­նե­ցած ան­կեղծ զրոյց­նե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թեան: Ան շեշ­տեց, թէ ինք գի­տէ, թէ նա­խա­գահ Սարգս­եան ինչ­պի­սի՛ ջա­նա­սի­րու­թեամբ աշ­խա­տած է Հա­յաս­տա­նին առն­չուող շրջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն լու­ծում գտնե­լու հա­մար: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կ՛ակն­կա­լեն, որ երկ­խօ­սու­թիւնը շա­րու­նակ­ուի:

Ես եւ նա­խա­գահ Օպա­ման բարձր կը գնա­հա­տենք Ձե­զի հետ ու­նե­ցած մեր կա­պե­րը: Եւ ես գի­տեմ, թէ Դուք ան­ձամբ ինչ­պի­սի ջա­նա­սի­րու­թեամբ աշ­խա­տած էք Հա­յաս­տա­նին առն­չուող տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն լու­ծում գտնե­լու հա­մար: Այս­պի­սով, կ՛ակն­կա­լենք շա­րու­նա­կել երկ­խօ­սու­թիւնը: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ է օժան­դա­կե­լու եւ աջակ­ցե­լու Ձեր շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան` իբ­րեւ հի­ա­նա­լի առաջ­նորդ, յայտ­նեց Քլին­թըն:

Հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով` նա­խա­րար Քլին­թըն յայտ­նեց, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կ՛ա­ջակ­ցի հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րաց­ման` առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու: Ան նշեց, որ, ըստ ամե­րիկ­եան տե­սա­կէ­տին, ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հին մէջ այդ է ճիշդ ճամ­բան: Նա­խա­րա­րը աւել­ցուց, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կը փա­փա­քի բա­րե­լաւ­ուած տես­նել Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Յե­տա­գա­յին, Հա­յաս­տա­նի եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կա­տա­րե­ցին մի­աց­եալ մամ­լոյ ասու­լիս մը, որուն ըն­թաց­քին նա­խա­րար Քլին­թըն յայտ­նեց, որ ու­ժի կի­րա­ռու­մը չի լու­ծեր Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թիւնը. այդ պատ­ճա­ռով ալ ուժ պէտք չէ օգ­տա­գործ­ուի:

Նա­խա­րա­րը աւել­ցուց, որ իբ­րեւ Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ յանձ­նա­ռու­թիւն ու­նի աշ­խա­տե­լու բո­լոր կող­մե­րուն հետ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար: Քլին­թըն դի­տել տուաւ, որ պէտք է գտնուի այն­պի­սի եզր մը, որ վե­րա­բե­րի ո՛չ միայն առաջ­նորդ­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան, այլ նա­եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն‘ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղաղ եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ հա­մա­կե­ցու­թեան ապա­հով­ման հա­մար:

Ան դի­տել տուաւ, որ նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին քննարկ­ուած է Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թիւնը եւ սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին մի­ջա­դէ­պե­րը: Քլին­թըն դի­տել տուաւ, որ ինք մտա­հոգ է սահ­մա­նին վրայ տի­րող լար­ուած ու վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ երի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րու եւ ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու սպա­նու­թեամբ: Քլին­թըն կոչ ուղ­ղեց կող­մե­րուն‘ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թե­նէն եւ բռնու­թիւն­նե­րէն հե­ռու մնա­լու: ՝՝Ես նա­խա­գա­հին վստա­հե­ցու­ցի, որ այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նամ նա­եւ Պա­քու մէջ, ուր պի­տի այ­ցե­լեմ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն: Այս մի­ջա­դէ­պե­րը աւե­լի եւս շեշ­տը կը դնեն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ՝՝, եզ­րա­կա­ցուց ան:

Նա­խա­պէս Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եան,  լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին յայտ­նած էր, որ չի բա­ցա­ռեր Ար­ցա­խի մէջ պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը, բայց նա­եւ շատ հա­ւա­նա­կան չի նկա­տեր այդ մէ­կը:
“Պա­տե­րազ­մի սկսու­մը եր­բեք պէտք չէ բա­ցա­ռել, պա­տե­րազ­մի ցան­կու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նը դժուար թէ ու­նե­նայ, քա­նի որ վստահ չէ, որ կը յաղ­թէ: Պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին քա­րիւ­ղի օրհ­նան­քը անէծք կը դառ­նայ, որով­հե­տեւ քա­րիւ­ղը խա­ղա­ղու­թիւն կը սի­րէ“, ըսաւ ան:

Ըստ անոր, ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի միջ­նորդ­նե­րը կը հասկ­նան, որ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին դրսե­ւո­րած կեց­ուածքն է:
՝՝Միջ­նորդ եր­կիր­նե­րը կա՛մ կա­րո­ղու­թիւն չու­նին, կա՛մ հնա­րա­ւո­րու­թիւն‘ Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու, որ­պէս­զի կեց­ուած­քը փո­խէ: Միջ­նորդ եռ­եա­կի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պա­տե­րազ­մի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը նուա­զեց­նելն է եւ զայն կան­խե­լը՝՝, ըսաւ ան‘ աւելց­նե­լով, թէ ակն­կա­լու­թիւն չու­նի, որ մօ­տիկ ապա­գա­յին միջ­նորդ կող­մե­րը հիմ­նախն­դի­րին ելք մը գտնեն:

 

 

 ՀԱՅ ԴԱ­ՏԸ ՈՒ­ՇԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԿԸ ՅԱՆՁ­ՆԷ ՏԱՍ ԿԷ­ՏԵՐ

ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ .- Հայ Դա­տի կեդ­րո­նա­կան գրա­սեն­եա­կը, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նի Կով­կաս­եան բարձ­րա­վ­ան­դակ այ­ցե­լու­թեան նա­խօր­եա­կին, տաս կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած ցու­ցակ մը հրա­պա­րա­կած էր, որուն հե­տե­ւե­լու պա­րա­գա­յին` աւե­լի կ՛ամ­րապնդ­ուին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դիր­քը այս շրջա­նէն ներս: Այդ տաս կէ­տերն են.-

 

1.- Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­հին պէտք է հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն յայ­տա­րա­րէ, որ նա­խա­գահ Օպա­մա վերջ ի վեր­ջոյ պի­տի կա­տա­րէ իր խոս­տու­մը եւ ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, նա­եւ աջակ­ցի, որ­պէս­զի անի­կա պաշ­տօ­նա­պէս ճանչց­ուի նա­եւ Քոնկ­րէ­սէն ներս:

2.- Քլին­թըն պէտք է պաշ­տօ­նա­կան այց կա­տա­րէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր, որու ըն­թաց­քին ինք եւս խոս­տա­նայ ճանչ­նալ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ հրա­ժա­րի իր այն տե­սա­կե­տէն, որ հար­ցը պատ­մա­կան քննար­կում­նե­րու կը կա­րօ­տի: Նա­եւ հաս­տա­տէ, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու վար­չա­կազ­մը այ­լեւս որ­պէս պատր­ուակ չ՛օգ­տա­գոր­ծեր հայ-թրքա­կան ձա­խո­ղած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը` Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չճանչ­նա­լու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ:

3.- Քլին­թըն պէտք է յստակ յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս գայ յայտ­նե­լով, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը չեն զօ­րակ­ցիր վեր­ջերս ՆԱ­ԹՕ-ի կող­մէ ստո­րագր­ուած հռչա­կագ­րին` Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ, ինչ­պէս նա­եւ վեր­ջերս Ար­տա­քին նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէն հրա­պա­րակ­ուած այն զե­կոյ­ցին, որուն մէջ կը նշուի թէ Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նին մաս կը կազ­մէ:

4.- Քլին­թըն պէտք է հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն հրա­ժա­րի վար­չա­կազ­մին կող­մէ կա­տար­ուած այն առա­ջար­կէն, որու հա­մա­ձայն, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­ռուց­ման հա­մար Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րուող օգ­նու­թիւնը 19% հա­մե­մա­տու­թեամբ կը կրճատ­ուի, ինչ­պէս նա­եւ Ար­ցա­խին տրա­մադ­րել Քոնկ­րէ­սին կող­մէ նշա­նակ­ուած օգ­նու­թիւնը:

5.- Ան­յա­պա­ղօ­րէն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու մա­սին հռչա­կա­գիր ստո­րագ­րել:

6.- Ատր­պէյ­ճան կա­տա­րե­լիք այ­ցի ըն­թաց­քին, Քլին­թըն պէտք է բարձ­րաց­նէ Ալի­ե­ւի վար­չա­կազ­մին կող­մէ կա­տա­րուող սպառ­նա­լիք­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ Ար­ցա­խի դէմ յար­ձա­կում­նե­րու ան­նա­խա­դէպ աճի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը: Նա­եւ, նա­խա­րա­րը պէտք է հրա­պա­րա­կաւ յայ­տա­րա­րէ, որ Սպի­տակ Տու­նը կը հրա­ժա­րի Պաք­ուին օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լէ, եթէ Ատր­պէյ­ճան մեր­ժէ  Ար­ցա­խի գծով հա­կա­մար­տու­թիւնը լու­ծել խա­ղաղ ճամ­բով:

7.- Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու վար­չա­կազ­մը պէտք է հրա­ժա­րի Ատր­պէյ­ճա­նին զի­նամ­թերք վա­ճա­ռե­լէ, յատ­կա­պէս ռազ­մա­կան ուղ­ղա­թիռ­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւնը:

8.- Հարկ է, որ նա­խա­րա­րը այ­ցե­լէ Նա­խի­ջե­ւա­նի Ջու­ղա քա­ղա­քի գե­րեզ­մա­նա­տուն, ուր Դեկ­տեմ­բեր 2005-ին, ազե­րի զի­նուոր­նե­րու կող­մէ հայ­կա­կան հա­զա­րա­ւոր խաչ­քա­րեր քանդ­ուած են:

9.-Վրաս­տան կա­տա­րե­լիք այ­ցի ըն­թաց­քին, հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն յայ­տա­րա­րել Ջա­ւախ­քին` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման աջակ­ցու­թեան մա­սին:

10.- Այ­ցե­լել Ստե­փա­նա­կերտ` ցոյց տա­լու աջակ­ցու­թիւն ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի խա­ղա­ղա­րար ծրագ­րի իրա­գործ­ման, ինչ­պէս ճիգ թա­փել` բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Ար­ցա­խի մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ամե­րիկ­եան եր­կա­րա­տեւ զօ­րակ­ցու­թիւնը` ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ինք­նո­րոշ­ման սկզբուն­քին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles