Եւրոխորհրդարանը Ընդունեց Ատրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Մը` Պահանջելով Պատժամիջոցներ Հաստատել

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second


Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 19 դեկտեմբերի լիագումար նիստին ընթացքին, 434 թեր, 30 դէմ եւ 89 ձեռնպահ քուէներով Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներու շարունակական ճնշման վերաբերեալ բանաձեւ մը: Այս քուէարկութեան նախորդած էր 18 դեկտեմբերին նոյն նիւթով խորհրդարանական քննարկում:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները խստօրէն կը դատապարտեն Ալիեւի վարչակարգին կողմէ մամլոյ ազատութեան եւ այլախոհութեան ճնշումը` Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով` նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ հաստատել Ատրպէյճանի պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները: Խորհրդարանը կ՛առաջարկէ նաեւ կասեցնել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022 թուականի փոխըմբռնման յուշագիրը: Բանաձեւին մէջ խորհրդարանականները կը պնդեն` Ատրպէյճանը պէտք է «անվերապահօրէն ազատ արձակէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած իրաւապաշտպանները, լրագրողները, քաղաքացիական եւ քաղաքական գործիչները, վերցնէ անոնց դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները»:

Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները: Բանաձեւը կ՛ընդգծէ 2023 թուականէն ի վեր սրացող բռնաճնշումները, որոնք յատկապէս ուժեղացած են ՔՈՓ29 վեհաժողովին շուրջ, եւ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալները: Բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ բանտարկեալներու մարդու իրաւունքներու կանոնաւոր խախտումը, ներառեալ կալանքի անմարդկային պայմանները, խոշտանգումները եւ կին քաղաքական բանտարկեալներու նկատմամբ նպատակաուղղուած ոտնձգութիւնները:

Կարեւոր է, որ բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին 23 հայ գերիները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի չճանցչուած հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք, երկրի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն հետ միասին: 18 դեկտեմբերին խորհրդարանական քննարկման ժամանակ քանի մը խորհրդարանականներ բարձրացուցած են հայ պատանդներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած յարձակումի եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման քաղաքականութիւնը: Այդ ծիրին մէջ պատգամաւոր Պերթ-Եան Ռուսիեն կարեւոր նկատած է Եւրոպական խորհրդարանի «մօտեցման փոփոխութիւնը» եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնումը, մասնաւորաբար յղում կատարելով հայութեան բռնի արտաքսման: Մէկ այլ խորհրդարանական` Մարինա Մեսուրէն յայտարարած է. «Մարդու իրաւունքները կանոնաւոր կերպով կ՛ոտնահարուին, Ատրպէյճանը ամէնէն վատ երկիրներէն մէկն է, երբ խօսքը կը վերաբերի մամլոյ ազատութեան, Հիումըն Ռայց Ուաչը արձանագրած է խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերմունքը բանտարկեալներու նկատմամբ, որոնք կալանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործողութիւններէն ետք»: Խորհրդարանականը դատապարտած է «հայ դրացիներու նկատմամբ բռնաճնշումներու քաղաքականութիւնը»:

Մեկնաբանելով բանաձեւը` Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է. «Այս բանաձեւը կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինին կողմէ համապարփակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` Ալիեւի վարչակարգը ետ պահելու իր բռնաճնշումներու եւ անարդարութեան քաղաքականութենէն: Ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու նկատմամբ աճող բռնաճնշումները եւ անմարդկային պայմանները, որոնց մէջ կալանաւորուած են քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները եւ այլ կեղծ գործերով բանտարկուած հայերը, կը ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան հիմնարար սկզբունքներու եւ արժէքներու խախտում: Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը յանձնառու է ապահովել, որ այս արժէքները պաշտպանուին, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւններուն մէջ ընդգծել մամլոյ ազատութեան, արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքները»:

Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

19 Դեկտեմբեր 2024

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles