Պուտափէշթի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան.- ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ (Bachelors of Art) ԵՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ (Masters of Art) ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹԵՔՈՒՄ

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

Հունգարական կառավարութեան Hungary Helps Agency-ի կողմէ տրամադրուած Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակը (Scholarship Programme for Christian Young People) դիմումներ կ՛ընդունի 2025-2026 ուսումնական տարուան համար։ Դիմեցէ՛ք այս կրթաթոշակին պատմութեան առաջին աստիճանի (Bachelors of Art) կամ՝ եթէ արդէն ունիք պատմութեան, հասարակագիտութեան, մարդասիրական գիտութիւններու կամ իրաւաբանութեան համալսարանական առաջին աստիճանի վկայական եւ եթէ հետաքրքրուած էք հայագիտութեամբ, մասնագիտական աստիճանի (Masters of Art) վկայական ստանալու։
Հայաստանը՝ հնագոյն դարերէն մինչեւ նորագոյն շրջան ե՛ւ եղած է միջանցք ե՛ւ հաստատած է իւրայատուկ ազգային մշակութային եւ լեզուական ինքնութիւն՝ Միջին Արեւելքի, Միջերկրական երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ անոնցմէ անդին։ Նկատի ունենալով, որ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակին նպատակն է կրթական հնարաւորութիւններ տրամադրել տագնապային տարածաշրջաններու եւ զարգացող երկիրներու երիտասարդ քրիստոնեաներուն, լաւագոյն առիթն է սոյն կրթաթոշակին դիմել Պուտափէշթի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ ստանալու համար պատմութեան առաջին կամ մասնագիտութեան աստիճան։
Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին հայագիտական բաժինը կ՛ընդգրկէ Հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ լեզուի բազմակողմանի կրթական ծրագիր Հայաստանի Հանրապետութեան, Կովկասի, հայկական սփիւռքի շուրջ եւ այլ։ Մասնագիտական բազմակողմանի հմտութիւններ ունեցող դասախօսներու կողմէ ղեկավարուած դասընթացքներո եւ հանրային քննարկումներու միջոցաւ, հայագիտութեան ուսանողները ձեռք կը բերեն թէ՛ մասնագիտական յատուկ հմտութիւններ՝ ազգային եւ անդրազգային, տեսողական, թարգմանական եւ սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու քննական ընթացիկ բանավէճերու վերաբերեալ, թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ դասական հայերէն ուսումնասիրելով։ Դասաւանդման լեզուն անգելերէն է. այսպիսով՝ ուսանողները նաեւ բնականօրէն կը զարգացնեն իրենց ընթերցանութեան, ընկալման եւ գրելու ձիրքերը անգլերէն լեզուով։

Ակնկալուած ուսման համար ուսանողները կրնան դիմել հետեւեալ երկիրներէ.-

Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Իսրայէլ, Պաղեստին, Փաքիստան, Քենիա, Չատ, Ղանա, Եթովպիա եւ Նիկեր։
Առաւելութիւններ

-Կրթութեան արժէքին վերահատուցում․

– Ամսական թոշակ՝ 166,600 հունգարական ֆորինդ (մօտ 450 եւրօ)*․
– Հանրակացարանի տրամադրում կամ վարձակալութեան համար ամսական թոշակ՝ 40,000 հունգարական ֆորինթ (մոտ 110 եւրօ)*․
– Առողջապահական եւ վիզա դիմելու ծառայութիւններ․
– Տարեկան ճանապարհածախսի օժանդակութիւն

* Այս գումարը կարելի է փոփոխութեան ենթարկել։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է կարդալ ընթացիկ կանոնակարգի եւ իրագործման ուղղեցոյցի մէջ։

Այցելեցէ՛ք Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակի դիմումի կայքէջը յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, նաեւ հայագիտութեան բաժնի կայքէջը, ինչպէս նաեւ ծանօթացէ՛ք առաջին եւ մասնագիտութեան աստիճաններու դասացանկերուն։

Յաւելեալ մանրամասնութիիւններու համար, կապ հաստատել հայագիտական բաժնի վարչական համակարգող Ակնէշ Ռեւիսքի-Պալողի հետ

Մի՛ վարանիք կապուիլ Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան, Հայագիտական բաժնի հետ, եթէ դիմելու հետ առնչուող հարցեր ունիք կամ եթէ կ՛ուզէք Ձեր դիմումին վերաբերող մանրամասնութիւններ քննարկել, դիմել՝
Ակնէշ Ռեւիսքի-Պալող
Վարչական համակարգող, ԲԲԿՀ, Հայագիտական բաժին
Ել․հասցէ՝ reviczky-balogh.agnes@btk.ppke.hu

ԺԱՄԿԷՏ
Ձեր դիմումները Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին հայագիտական բաժին ուղղարկեցէ՛ք մինչեւ Դեկտեմբեր 30, 2024, 11:59 (Կեդրոնական Եւրոպայի ժամ)։
Դիմելու համար ուղղարկեցէ՛ք ձեր նիշերու ցանկը (transcript), curriculum vitae-ն եւ հետաքրքրուածութեան նամակը (motivation letter) (Մասնագիտական աստիճանի դիմորդները կը խնդրուին որպէսզի նամակին մէջ ներկայացնեն նաեւ հետազօտական այն ուղղութիւնները որոնցմով հետաքրքրուած են) Ակնէշ Ռեւիսքի-Պալողին յետեւեալ ել.հասցէին՝ reviczky-balogh.agnes@btk.ppke.hu
Դիմորդներու գնահատումին երկրորդ փուլին, ձեզմէ կրնայ խնդրուի որպէսզի սոյն համալսարանի հայագտական բաժինի հետ առցանց հարցազրոյց մը ունենաք։ Այն պիտի տեղի ունենայ Յունուար 3, 2025-ին։ Ձեր պատասխանատուութիւնն է կարենալ ներկայ ըլլալ այս հարցազրոյցին, որուն վերաբերող մանրամասնութիւնները ձեզի պիտի ուղղարկուին։
Հարցազրոյցէն ետքը՝ եթէ դրական պատասխան ստանաք Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանի Հայագտական բաժինէն, ապա դիմումին անհրաժեշտ նիւթերը առցանց Hungary Helps-ի կայքէջին միջոցաւ յանձնեցէ՛ք մինչեւ Յունուար 10, 2025, 11:59 (Կեդրոնական Եւրոպայի ժամանակ)։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles