ԱԶԵ­ՐԻ ՈՒ­ԺԵՐ ԲԱԶ­ՄԻՑՍ ԿԸ ՓՈՐ­ՁԵՆ ԹԱ­ՓԱՆ­ՑԵԼ

0 0
Read Time:2 Minute, 51 Second
լուսանկար՝ Գոհար Աբրահամեան

ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Ար­մին­իա Նաու“ եւ “ԱՊԱ“).- Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէկ հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ Յու­նիս 4-ին, Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ Չի­նա­րի գիւ­ղի կեդ­րո­նա­տեղի­ին վրայ, ազե­րի բա­նա­կա­յին­ներ յար­ձա­կում մը կա­տա­րած են եւ պատ­ճառ դար­ձած, որ երեք հայ­րե­նի երեք զի­նուոր­ներ սպանն­ուին, նա­եւ այլ վեց բա­նա­կա­յին­ներ ալ վի­րա­ւոր­ուին:

Ըստ նախ­նա­կան տու­եալ­նե­րու, հայատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նի հիւ­սի­սա­րե­ւել­եան հատ­ուա­ծին վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը հեր­թա­բար կոպ­տօ­րէն խախ­տած է սահ­մա­նին հաս­տատ­ուած հրա­դա­դա­րը` փոր­ձե­լով ներ­թա­փան­ցել ՀՀ Տա­ւու­շի մար­զի Բեր­դա­ւան եւ Չի­նա­րի (վերը) գիւ­ղե­րուն ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կայ­ուած հայ­կա­կան յե­նա­կէ­տեր, կը նշուի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, որ նա­եւ կը նշէ թէ հայ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու քա­ջա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք` յար­ձա­կու­մը կա­րե­լի եղած է կա­սեց­նել եւ թշնա­մի ու­ժե­րը կո­րուստ­ներ տա­լով` վե­րա­դար­ձած են: Այս գոր­ծո­ղու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք զոհ­ուած են Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կի ծա­ռա­յող­ներ` Զոհ­րապ Բա­լա­բէկ­եան, Հրաչ Սարգս­եան եւ Կա­րէն Դաւ­թեան: Օր մը ետք, այլ մի­ջա­դէ­պի մը ըն­թաց­քին, հայ­րե­նի բա­նա­կը սպան­նեց թշնա­մի հինգ բա­նա­կա­յին­ներ:

Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը տե­ղե­կա­ցուց թէ, զոհ­ուած բա­նա­կա­յին­ներն են` Հա­լիտ Ազի­զով, Ամիլ Ալի­եւ, Ուա­հիտ Պա­կի­րով, Զուլ­ֆու­կար Աթաշ­լը եւ Էլ­չին Իս­մա­յի­լով:

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը, իր կար­գին մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան հա­մա­ձայն, ձեռ­նարկ­ուած քայ­լե­րուն եւ հայ զի­նուոր­նե­րուն քա­ջա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով, թշնամի­ին նեն­գա­միտ յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը կա­սեց­ուած էր եւ ետ մղուած:

Նշենք թէ Յու­նիս 7-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Չի­նա­րի գիւ­ղին մէջ, Յու­նիս 4-ին, եր­կու օր առաջ զոհ­ուած զի­նուոր­նե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած սգոյ եր­թը, որ կա­տար­ուե­ցաւ Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն` Արամ Խա­չատր­եա­նի ար­ձա­նի մօտ: Մաս­նա­կից­նե­րը սեւ դրօ­շակ­ներ պար­զած էին:

Մի­ջա­դէ­պին առի­թով հե­տաքն­նու­թիւն կը կա­տար­ուի: Դէպ­քի վայր մեկ­նած են ՀՀ զի­նուո­րա­կան դա­տա­խազն ու Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յա­տուկ քննիչներու խում­բը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles