ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵԼՈՅԹԸ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Տարբեր երաժշտութիւն, տարբեր կշռոյթներ։ Արժանթինեան թանկոյէն, սպանական ֆլամենկոյէն մինչեւ իր ծննդավայր՝ Միջին Արեւելքն ու հայկական ակունքներ․․․։ Տոմսերը օրեր առաջ, արդէն իսկ սպառած էին։ Եւ այսպէս, Կիրակի, Դեկտեմբեր 16-ի երեկոյեան, Պոսթընի «Քալտըրվուտ» սրահին մէջ, Սէրուժ Գրաճեան ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին կատարեց իր անդրանիկ ելոյթը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով եւ տպաւորելով հոծ բազմութիւնը։

Նախապէս, Գրաճեան Յուլիս 2019-ին ելոյթ ունեցած էր, Պոսթընէն բաւական հեռու՝ Ռաքփորթի հանրահռչակ ծովեզերեայ «Շա Լին Լիու» սրահին մէջ, այլ երաժիշտներու հետ, ներկայացնելով սպանական եւ արաբական ազդեցութիւն ունեցող՝ անտալուզեան գործեր։

Սէրուժին կ՛ընկերանային ջութակահար Անի Սինանեան, կիթարահար Հայկ Պէյլերեան եւ թմբկահար Արտաշէս Սինանեան։

Սպանական կշռոյթով օրուան համոյթը եւ այդ ալ Իզաաք Ալպենիցի «Ասթուրիաս»-ով, որուն յաջորդեց ֆլամենկոյի չաստուած Փաքօ Տը Լուսիայի «Զիրապ»-ը։ Ապա շարքը երկար էր, թանկոյի երկու գործեր, որոնց կարգին Ասթոր Փիազոլայի հանրահռչակ «Լիպերթանկօ»-ն, Ազնաւուրէն երկու գործեր՝ «Հիեր Անքոր» եւ «Տէօ Կիթար» եւ անշուշտ հայկական կշռոյթներ՝ «Սարի Սիրուն Եար» (Գուսան Սեդրակ), Ծաղկած բալենի (Խաչատուր Աւետիսեան),  «Սարի Աղջիկ» (տոհմիկ-ժողովրդային)։

Մերթ ընդ մերթ խօսք առնելով (ընդհանրապէս անգլերէն, նաեւ հայերէն), Սէրուժ յայտնեց, թէ Լիբանան ծնած ըլլալով, փոքր տարիքէն տպաւորուած է հանրահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզով, անշուշտ Մոցարթով, Պախով եւ ․․․ Պրազիլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբով։

Ան Մոցարթի «Մարշ Թիւրք»-ն ու Ֆէյրուզի «Նասամ ալէյնալհաուա»-ն իրար միացնելով խանդավառեց ներկաները։ Նոյնքան հետաքրքրական էր Պախի մէկ գործը միացուած պրազիլիացի Հէյթոր Վիլալոպոսի նոյնինքն Պախէն ներշնչուած «Պախերաս Պրազիլիերաս»-ին։

Նոյնքան ինքնատիպ էր «Ղափամա»-ն ներմուծուած Վիվալտի «Չորս Եղանակներ»-ու ամրան «փրեսթօ» կշռոյթին հետ, որուն մէջ նոյնիսկ «Զարթիր Լաօ»-ն հնչեց։ Իսկ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, այդ դժուար օրերուն իր յօրինած գործերէն՝ «Կորուստ եւ պայքար»-ը յուզիչ էր։ Հոն ալ ակնթարթ մը հնչեց «Վէրքերով Լի»-ն։

Աւարտին, ընդառաջելով ծափողջոյններուն, Սէրուժ նուագեց թանկօ կշռոյթով «Ջգնաղ երազ»-ը  (Արամայիս Սահակեան) եւ հուսկ ամանօրեայ առթիւ դասական գործ մը։

Հանդիսատեսները լիցքաւորուած հեռացան սրահէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles