ՓԸՐԱՄԸՍ (Նիւ Ճըրզի) . – Դեկտեմբերի 7-ին՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցության Վարչական Խորհուրդը, համաձայն Ընկերակցութեան Սահմանադրութեան, ընտրեց Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփսը որպէս Խորհուրդի իր Նոր Նախագահը:
Ֆիլիփս ծնած է Լոս Անճելոս (Քալիֆորնիա): Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիայի Համալսարանը (University of Southern California)՝ ստանալով B.S. վկայականը Գիտական բաժինին մէջ՝ 1980-ին, որուն յաջորդած է իրաւաբանական տոկտորի Կոչումը 1985-ին։ Ան աշխատակցած է Deloitte Ընկերութեան՝ մինչեւ 1987 եւ վկայուած որպէս հանրային հաշուապահ, եւ ապա 1991-ին ստացած է իր անշարժ գոյքի միջնորդութեան արտօնագիրը (Real Estate Broker’s License)։ Ներկայիս, ան գործընկերն է Phillips Law Partners, LLP-ի, ուր ան իր մասնագիտութեամբ պատասխանատու է կալուածներու ծրագրումներու եւ խնամակալութեան, անշարժ գոյքի, առեւտրական իրաւունքներու եւ ոչ շահաբեր ընկերութիւններու ոլորտին մէջ։ Ան լայնօրէն ճանչցուած է որպէս վստահելի խորհրդատու անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ սոյն ոլորտներուն մէջ իր առաջնորդութեան համար։
Ֆիլիփս երկար ժամանակ ներգրաւուած է ինչպէս իր Եկեղեցիին, նոյնպէս ալ հայ համայնքին մէջ։ Ան երկու անգամ ծառայած է որպէս ատենապետ՝ Լոս Անճելոսի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիի Խորհուրդին եւ ստանձնած է տարբեր ղեկավարի պաշտօններ՝ ինչպէս խնամակալութեան եւ քրիսոտնէական դաստիարակութեան խորհուրդի Նախագահ։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան երկարամեայ աջակից, Ֆիլիփս եղած է փոխնախագահ, ատենադպիր, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան հիմնական յանձնաժողովներու ատենապետ՝ ինչպէս անշարժ գոյքի, հաշուեքննութեան, սահմանադրութեան, կանոնագրութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի յանձնաժողովներուն։ Աւետարանչական Ընկերակցութեան առաքելութեան անոր նուիրուածութիւնը, զինք բազմիցս անգամներ տարած է Հայաստան՝ որպէս ընկերակցութեան վարչական խուրհուրդի պատուիրակութեան մաս, ուր ան ականատես եղած եւ աջակցած է ընկերակցութեան ազդեցիկ աշխատանքին։
Աւետարանչական Ընկերակցութեան իր ծառայութեան կողքին, Ֆիլիփս կը ծառայէ Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձութեան որպէս անդամ։ Ան եղած է նախկին անդամ Շ եւ Է Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանի Հոգաբարձական Խորհուրդին, եւ ղեկավարի պաշտօններ ունեցած է այլ քրիստոնէական եւ բարեգործական հիմնադրամներու մէջ։ Իրաւագիտութեան, տնտեսութեան եւ համայնքային ծառայութեան ունեցած փորձառութիւնը իր հետ կը բերէ հարուստ հմտութիւն եւ նուիրուածութիւն ընկերակցութեան խորհուրդի նախագահի իր նոր դերին մէջ։
Կէրի Ֆիլիփս կը բնակի Լոս Անճելոս, իր տիկնոջ՝ Արսինէ Պետրոսեան – Ֆիլիփսի հետ։ Անոնք ունին երեք չափահաս երեխաներ՝ Քրիստինա, Էշլին եւ Ռիչըրտ։ Անոր անսասան նուիրուածութիւնը հաւատքի, ընտանիքի եւ հայ համայնքի, պիտի ոգեշնչեն իր տեսլականն ու առաջնորդութիւնը, որպէս նախագահ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։
Ֆիլիփսի կողքին Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Դիւանի նոր անդամներն են,- Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան՝ փոխնախագահ, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ գանձապահ եւ իրաւաբան Մարք Գասապեան եւ Ֆիլլիս Տոհանեան՝ ատենադպիրներ։