Լրահոս

Մահացաւ Ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնին

 


Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը տեղեկացուց, թէ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի իր մահկանացուն կնքած է 93 տարեկանին։

Շարք մը համալսարաններու մէջ դասախօսած Չարնի նաեւ Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէնը եղած էր։ Չարնի եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ջատագով մը, յատկապէս ջանալով այդ մէկը իրականացնել Իսրայէլի մէջ։

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը կը ցնցէ, կը յուզէ, յարգանք կը պարտադրէ եւ մեղաւորներուն նկատմամբ բուռն զայրոյթով կը համակէ», յայտարարած էր Չարնի Երեւանի (2015) մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ համաշխարհային հաւաքին ընթացքին:

Իսկ 2020ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Չարնի ըսած էր, թէ իսրայէլցիներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է եւ սրտնեղած է Իսրայէլի կառավարութեան «տգեղ դերակատարութենէն», ակնարկելով Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու իրականութեան:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button