ԿՈՎ­ԿԱՍ­ԵԱՆ ՇՐՋԱՊ­ՏՈՅՏ ԵՒ …ԸՆԴ­ՀԱ­ՐՈՒՄ

0 0
Read Time:3 Minute, 26 Second

Յի­շա­տա­կե­լի եւ իւ­րա­յա­տուկ է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նի Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դակ այ­ցե­լու­թիւնը:

Մէկ կող­մէն “փրո­թո­քո­լա­յին“ հիւ­րա­սի­րու­թիւն Երե­ւա­նի մէջ…իսկ միւս կող­մէն, ազե­րի ոտնձ­գու­թիւն­ներ` Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ:

Մէկ կող­մէն, կոչ` խա­ղա­ղու­թեան եւ դիւա­նա­դի­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին, իսկ միւս կող­մէն կրա­կոց, ռումբ, ան­դոր­րու­թեան խախ­տում:

Արդ­եօք նա­խա­րար Քլին­թըն իրա­տես չե­ղա՞ւ թէ, իր կա­մա­կա­տար Ալի­ե­ւի ղե­կա­վա­րու­թիւնը` “կրա­կի հետ կը խա­ղար…“: Հրե­ղէն խաղ մը` կայծ մը, որուն մօ­տէն ծա­նօթ ու քա­ջա­տեղ­եակ է…Ի վեր­ջոյ շրջա­նի մե­ծա­գոյն քա­րիւղ ար­տադ­րող եր­կիրն է Ատր­պէյ­ճա­նը:

Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րուհի­ին հա­մար պարզ եւ յստակ է թէ, այս ըն­հա­րում­նե­րուն բնա­կա­նա­բար օգ­տա­գործ­ուե­ցաւ ամե­րիկ­եան պատ­րաս­տու­թեամբ զի­նամ­թերք, եւ այդ ալ “բա­րի գա­լուստ“ մաղ­թե­լու ոճով, իր իսկ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն քա­նի մը ժամ առաջ: Ահա­ւա­սիկ ոս­կի առիթ մը, որ Սպի­տակ Տու­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ Պաք­ուին եւ Ալի­ե­ւի ղե­կա­վա­րու­թեան տրա­մադր­ուե­լիք օժան­դա­կու­թիւնը:

Ապա­հո­վա­կան կա­ցու­թեան այս արագ մագլ­ցում­նե­րուն դի­մաց, հա­ւա­նա­բար երկ­րոր­դա­կան, բայց մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ խիստ կա­րե­ւոր ու առաջ­նա­հերթ սեպ­ուի Նա­խի­ջե­ւա­նի պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան հա­զա­րա­ւոր խաչ­քա­րե­րուն քան­դումն ու սրբապղ­ծու­մը, որոնց ոչն­չաց­ման մաս­սա­յա­կան աշ­խա­տան­քը տար­ուե­ցաւ, աւե­լի քան հինգ տա­րի առաջ: Մինչ­դեռ, Շուշիի մզկիթն ու Աս­կե­րա­նի ազե­րի գե­րեզ­ման­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կան հո­գա­տա­րու­թեամբ կը պահ­ուին, եւ այս մէ­կը ո՛չ թէ ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի խա­ղա­ղա­րար ծրագ­րի իրա­գործ­ման գոր­ծըն­թաց, այլ պարզ ու մէ­կին մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան մը պահ­պա­նում…Ծրա­գիր մը, որ օրին Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան այս բնա­գա­ւա­ռի մէկ հիմ­նար­կը` Եու­նես­քօն փոր­ձած էր յայ­տա­րա­րել, իրա­գոր­ծել եւ կի­րար­կել:

Նա­խա­րար Քլին­թըն մօ­տէն հե­տե­ւե­լով վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ան­ցու­դար­ձե­րուն, կրնայ լա­ւա­պէս ընբռ­նած ըլ­լալ նա­եւ, թէ “տաք գլուխ“ Ալի­եւ դի­մած է այդ հա­մար­ձա­կու­թեան եւ սխրա­գոր­ծու­թեան, պար­զա­պէս գի­նով­ցած ըլ­լա­լով, վեր­ջերս Շի­քա­կո­յի մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ ՆԱ­ԹՕ-ի կող­մէ ստո­րագր­ուած հռչա­կագ­րին, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Ար­ցա­խը մաս կը կազ­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին:

Այս­պէս, նա­խա­րար Քլին­թը­նի Կով­կաս­եան շրջապ­տոյ­տը, յատ­կանշ­ուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի նա­խա­յար­ձակ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով եւ Ալի­ե­ւի յո­խոր­տանք­նե­րով:

…Արդ­եօ՞ք ժա­մա­նակն է հին լա­տի­նա­կան “Si vis pacem, para bellum“ (Երբ խա­ղա­ղու­թիւն կը կա­մե­նաս, պատ­րաստ­ուիր պա­տե­րազ­մի) ասաց­ուաց­քին կի­րարկ­մա­նը:

 

ՀԱ­ՅՐ­ԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles