Յուլիս 13, 2009ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Համազգայինի 15րդ Ֆորումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ երկիրներէ քսանըվեց ուսանողներ: Բացման հանդիսութեան խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մ. Եափուճեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լ. Գալստեան, Ֆորումի դաստիարակչական ծրագիրի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան («Արմինիըն Ուիքլի»), Ֆորումի հիմնադիրներէն դոկտ. Հ. Մարգարեան: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգայինի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Ուսանողները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպումզրոյց ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Յուլիս 14ին մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ դասախօսութիւն՝ Հայ գիրերու գիւտին մասին: Դասախօսը՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, համապարփակ ձեւով ներկայացուց գիրերու գիւտի պատմութիւնն ու անոր վճռորոշ դերակատարութիւնը՝ զայն դնելով երրորդ եւ հինգերորդ դարերու պատմական պարունակին մէջ:
Յետմիջօրէին, ուսանողները այցելեցին Օշական եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին առջեւ: Ներկաները նաեւ այցելեցին Բիւրականի աստղադիտարան եւ Վիկտոր Համբարձումեանի տունթանգարան:
Read Time:40 Second