ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15-ին Հ․Յ․Դ․ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։ Այս հանդիպման մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ կուսակցական ընկերներ:
Օր մը առաջ, Օքամփօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած էր, որ միջազգային իրաւունքը Արցախի հայ բնակչութեան կողքին է, որովհետեւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը միանշանակ գոյութիւն ունի, սակայն, անոր իրականացման համար անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր մը մշակել: Ան տեղեկացուց, որ ինք վերջերս հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախկին պաշտօնատարերուն հետ` առաջարկելով իր օգնութիւնը հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիքը վերադառնալու հարցով:
«Միջազգային իրաւունքը կարեւոր է. Ազրպէյճան պարտաւոր է հասկնալ եւ յարգել զայն, որովհետեւ հետեւանքներ պիտի ըլլան նաեւ ինքնին Ազրպէյճանի համար։Մենք հիմա պարզապէս կրնանք քննարկել, թէ ինչպէ՛ս կը ծրագրենք հայերու վերադարձը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է այդ իրաւունքները իրականացուին: Սակայն, անոնց համար աշխատանքային ծրագիր մը պէտք է․ ծրագիր մը, որ մշակուած պիտի ըլլայ ինքնին արցախցիներուն կողմէ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այդ իրաւունքը կայ, սակայն անոր գործարկման համար համեմատաբար բարենպաստ պայմաններ պէտք են:
Ան շեշտեց, որ նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29 գագաթաժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի բանտերը գտնուող հայերը ազատ արձակելու հարցը պէտք է ըլլայ օրակարգի վրայ եւ քննարկուող հարցերուն մաս կազմէ: Ան շատ կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ այդ գագաթնաժողովին մասնակցողներուն կողմէ չարհամարհուի Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն հարցը` նոյն ատեն յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ հայ գերիները ազատ կ՛արձակուին գագաթնաժողովէն առաջ:
Ըստ Օքամփոյի` Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը գերիներ են, եւ ոչ թէ ռազմագերիներ:
«Այն անձերը, որոնք ներկայիս կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ, պարզապէս Արցախի առաջնորդներն էին: Ասիկա տխրեցնող բան է, սակայն կը նմանի 1915-ին տեղի ունեցածին, որովհետեւ այդ ժամանակ թուրքերուն գլխաւոր առաքելութիւնը հայերու առաջնորդներուն վերացումն էր: Ասիկա նոյնն է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», շեշտեց Օքամփօ։