ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը վաղը՝ Սեպտեմբեր 19-ին պիտի իրականացնէ քննարկում մը` Արցախի մէջ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման եւ արցախահայութեան դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին: Յանձնախումբը պիտի քննարկէ նաեւ Ազրպէյճանի կառավարութեան հակադրուելու պատճառով բռնաճնշումներու զոհ դարձած ազրպէյճանցիներուն հարցը:
Յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.- «Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ վատ ցուցանիշ ունի: Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի` Ատրպէյճանի բռնատէր իշխանութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքին ձեռքը. Իլհամ Ալիեւ նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2003-էն ի վեր: Ատրպէյճանի մէջ կաշառակերութիւնը համատարած է, իսկ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացած` տարիներէ ի վեր շարունակուող հալածանքներու պատճառով: Իշխանութիւնները վերջին տարիներուն լայնածաւալ ոտնձգութիւններ կատարած են քաղաքացիներու ազատութիւններուն դէմ»:
Պիտի քննարկուին ակնյայտ ցեղային զտումները եւ այդ հարցին վերաբերեալ շարք մը նիւթեր, ներառեալ` գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ հայկական մշակութային վայրերու իրավիճակը` Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու վերադարձի իրաւունքը: Քննարկումներուն ընթացքին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան «Քրուտ Ըքաունթապիլիթի» կազմակերպութեան հիմնադիր Քէյթ Ուոթըրզ վկայութիւններ պիտի տան:
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ երբ Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց` Արցախի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով, կղզիացած տարածքին մէջ գտնուող հայերուն համար կացութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ, եւ տեղւոյն հայութիւնը ապաստանեցաւ Հայաստան:
Քննարկումը նախաձեռնութիւնն է յանձնախումբի համաատենապետներ` քոնկրէսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճէյմզ ՄըքԿավըրնի: