Ծերակուտական Քարտինի Կոչը՝ Ազատ Արձակելու Հայ Կալանաւորները

0 0
Read Time:46 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Պաքուի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Մ․Ա․Կ․-ի Կլիմայի հարցերով խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին (Դեմոկրատական, Մերիլենտ) լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` որոշակի զիջումներ կատարելու:

«ՔՈՓ29-ի նման միջազգային մեծ խորհրդաժողովի հիւրընկալումը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ հիւրընկալող երկիրները կ՛արտօնեն տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճան ատիկա չէ կատարած։ Եթէ Ատրպէյճան կը ձգտի Եւրատլանտեան համայնքին հետ կայուն յարաբերութիւններ հաստատելու, ես նախագահ Ալիեւին կոչ կ՛ուղղեմ` ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարացիօրէն բանտարկուածները, ներառեալ հայ կալանաւորները եւ կենսոլորտի պաշտպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային պայմաններուն եւ շրջակայ միջավայրին վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր կատարած են։ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ես Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` ցոյց տալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր նուիրուածութիւնը` այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելով»,  կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles