ՏԽՈՒՐ, ՇԱՏ ՏԽՈՒՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 34 Second

p7 logo

Չորս տարի առաջ, 2005ի Յունիսին առնուեցաւ որոշում մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակելու:
Արդարացո՞ւմը:
Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը այն էր, որ Մելգոնեանը չէր կատարեր իր առաքելութիւնը, հետեւաբար, չէր արդարացներ իր գոյութիւնը: Այս արարքով երկու հիմնական նպատակներ կը հետապնտուէին. առաջինը՝ Մ.Կ.Հ. փոխարինել առաքելութիւնը ատակ ուրիշ կրթական հաստատութիւններով, եւ երկրորդ՝ Մելգոնեան կալուածը ծախել, Կեդրոնական Վարչութեան տրամադրութեան տակ գտնուած հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու գումարը աւելի ճոխացնելու համար:
Արդ, փորձենք գիտնալ թէ վերոյիշեալ երկու նպատակներուն մէջ որքա°ն յաջողեցաւ այս որոշումը առնող Հ.Բ.Ը.Մ. ներկայ ղեկավարութիւնը:

Հիմնադիրներ՝  Գրիգոր  եւ Կարապետ Մելգոնեաններու արձանները
Հիմնադիրներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու արձանները

Որքան որ գիտենք առաջին նպատակին համար կատարուեցան երկու նախաձեռնութիւններ՝ մին Լոս Անճելըսի մէջ, միւսը՝ նման հաստատութիւն մըն ալ Հայաստանի մէջ հիմնելու, բայց չփորձեցին անհրաժեշտ սրբագրութիւնները կատարելով ետ իր առաքելութեան վրայ դնել Հաստատութիւնը, եթէ ընդունինք որ ճիշդ էր իրենց ախտաճանաչումը:
Ոչ միայն Մելգոնեանցիները, այլ համայն հայութիւնը կþուզէ գիտնալ որքանո՞վ իրականացան այդ նպատակները եւ ի՞նչ արդիւնք տուին: Իսկ երկրորդ նպատակին ձախողութիւնը հանրայայտ է, նկատելով որ Մելգոնեանը ծախելու արգելք հանդիսացաւ կիպրական կառավարութիւնը, այն արդարացումով որ Մ.Կ.Հ. համակիպրական ազգային հաստատութիւն է: Եւ այժմ Հաստատութեան շէնքերը, անշուշտ բարեսիրաբար (չըսելու համար իբր կաշառք), Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ տրամադրուած են Կիպրոսի կրթական նախարարութեան, որ զայն կþօգտագործէ իբրեւ յունական դպրոց, մինչ մեր երջանկայիշատակ բարերաները զայն հիմներ էին ցեղասպանութենէն ազատած հայ որբերու իբրեւ կրթարանապաստարան:
Այս զոյգ ձախողութիւններէն յետոյ կայ նաեւ կտակին խախտումը, որ թէ օրինական եւ թէ համազգային շահերու տեսակետով անընդունելի ու դատապարտելի է: Տակաւին կան նաեւ անչափելի խորունկ վնասներ, որոնք վարկաբեկեցին ու դեռ պիտի շարունակեն վարկաբեկել մեր սիրելի Միութիւնը իր ներկայ ղեկավարութեան առած ապիկար եւ ազգավնաս որոշումին պատճառով: Եւ եթէ տակաւին Հ.Բ.Ը.Միութեան հաւատարիմ անդամներ ու համակիրներ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ ներկայ ղեկավարները խաբկանքը թող չունենան, թէ անոնց նուիրումը որեւէ ձեւով առնչուած է իրենց հանդէպ անձնական յարգանքի ու հաւատարմութեան: Միութեան հանդէպ սէրն ու հաւատքն է որ զանոնք տակաւին կապուած կը պահէ:
Անցնող չորս տարուան ժամանակաշրջանին Մելգոնեանի տալիք հունձքին փոխարէն ի՞նչ ունի հրամցնելիք Հ.Բ.Ը.Մ.ի այժմու ղեկավարութիւնը: Ըսինք ու հաստատ համոզումով կը կրկնենք, թէ սփիւռքի տարածքին գործող մասնաճիւղերու նուիրեալները այս ձախաւեր ղեկավարութեան համար չէ որ կþաշխատին: Բայց անոնց նուիրումը, յարգանքն ու աշխատանքը սահման մը ունին: Ժամանակ մը յետոյ այդ ալ կը վերջանայ եւ կը մնայ միսմինակ ղեկավարութիւն մը՝ առանց հետեւորդի: Միութեան անդամակցութեան գլխաւոր զանգուածը եւ մտաւորական խաւը կազմող Մելգոնեանցիներ արդէն անջատուած՝ Հաստատութիւնը վերաբանալու պահանջքով ստորագրութիւն հաւաքելու սկսած են, ինչ որ համասփիւռքեան բողոքի եւ ըմբոստացումի համազօր շարժում է:

Հաստատութեան առաջին կառոյցներէն մէկը, որ այժմ կ'օգտագործուի տեղական վարժարանի մը կողմէ
Հաստատութեան առաջին կառոյցներէն մէկը, որ այժմ կ'օգտագործուի տեղական վարժարանի մը կողմէ

Խելացի ղեկավարութիւն մը պարտի հաշուի առնել իր արարքին հետեւանքները, անոնց ներկայի եւ մանաւանդ ապագայի առնելիք համեմատութիւններով, եւ հարկ եղած սրբագրութիւնները կատարէ, նախքան որ այդ վիճակը անսրբագրելի եւ անհակակշռելի ըլլայ:
Անցնող չորս տարիները Մելգոնեանի տալիք հունձքին տեղը պարապ թողուցին, մինչ այդ ժամանակաշրջանին հարիւրեակ մը հայութեամբ զինուած երիտասարդներ կրնային հասնիլ ու լծուիլ ուսուցչական, լրագրական եւ առհասարակ մեր մշակութային գուպարին: Ազգապահպանումի կենսական այդ գուպարին օժանդակելու համար օգնութեան կանչերը լսելի են բոլոր կողմերէն: Լսել պէտք է զանոնք, առաջին հերթին վերաբանալով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մոնթրէալ, Գանատա
Յուլիս 3, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles