Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մանկական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքը հրապարակած է մանուկներու համար դաստիարակչական գրքոյկներ եւ աշխատանքային տետրակներ։
Այս գիրքերը կ՛օգնեն, որ մանուկը զարգացնէ իր զանազան հմտութիւնները եւ գիտելիքները։
«Իմ Հայաստան» գրքոյկը մանուկին կը ծանօթացնէ Հայաստանի ազգային արժէքները, կոթողները, հայկական մշակոյթը (ազգային նուագարաններ, տարազ եւ այլն)։ Անիկա նաեւ կը փոխանցէ օգտակար գիտելիքներ։
«Աշխատանքային Տետրակ Թիւ 1»-ը նախատեսուած է 3էն 4 տարեկան մանուկներու համար։ Աշխատանքներուն ընթացքին մանուկը պիտի ամրապնդէ զանազան յղացքներ։ Ան պիտի գծէ զանազան գիծեր, պիտի ճանչնայ գոյները, ձեւերը եւ 1էն 3 թուանշանները։
«Աշխատանքային Տետրակ Թիւ 2»ը նախատեսուած է 5էն 6 տարեկաններու համար։ Մանուկը պիտի ծանօթանայ շրջապատին, պիտի գծէ տարբեր գիծեր, պիտի ճանչնայ որոշ գիրեր, ինչպէս նաեւ` 1էն 10 թուանշանները։
«Ներկենք Եւ Խաղանք Գոյներով»ը բաղկացած է գունաւոր էջերէ, որոնց մէջ այլազան խաղերը պիտի զարգացնեն մանուկին դիտելու կարողութիւնը եւ գեղագիտական ճաշակը։
«Իմ Գունաւոր Աշխարհը» եւ «Իմ Թուղթէ Անակնկալը» պատմութիւնները պիտի զարգացնեն մանուկին երեւակայութիւնը, գեղագիտական ճաշակը եւ պիտի հարստացնեն բառապաշարը։
Այս հրատարակութիւնները կարելի է գտել հետեւեալ վայրերուն մէջ
– Լոս Անճելըսի Buy Armenian խանութ
– Պէյրութի «Համազգային»ի գրախանութի, Շաղզոյեան կեդրոն
– Երեւանի «Համազգային»ի գրասենեակ, Մաշտոց 37
– Առցանց՝ www.lalanouaran.com/shop։