Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Մարմինը Տեղափոխուեցաւ Լիբանան

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

 

Սեպտեմբեր 12-ին, Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք հասաւ Պէյրութի օդակայան, ուր արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան:

Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի անփուտ մարմինի հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ պետական, կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու:

Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 Փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:

Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք, մարոնի համայնքի պատրիարք կարտինալ Պշարա Ռայի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ:

Լիբանանեան ազգային եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը:

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով տեղափոխուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: Այս այցելութեան նպատակն էր ողջունել երջանկայիշատակ կարտինալ-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ ծառայութեան` թէ՛ իբրեւ Վատիկանի «Հաւատոյ տարածման» բաժանմունքի նախագահ եւ թէ՛ իբրեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք: Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան առնչուած հարցերուն եւ Հայաստանի կացութեան վրայ:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր, իսկ հոգեւոր տիրոջ կողքին` գերապայծառներ եւ հոգեւոր հայրեր:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles