«ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ…ՅԱՒԻՏԵԱ՞Ն»

0 0
Read Time:2 Minute, 13 Second

p7 logoՄելգոնեանցի ըլլալը կը նմանի հայ ըլալուն: Իւրայատուկ զգացում մըն է, որ չես կրնար բաժնել «օտարներուն» հետ: Մելգոնեանցի ըլլալը կեանքի ձեւ մըն է, մտածելակերպ մը, գաղափար մը: Երբ երկու Մելգոնեանցիներ իրար հանդիպին, ի°նչ սերունդի ալ որ պատկանին անոնք, իրենց նիւթը միեւնոյնն է: Անոնք կը յիշեն նմանօրինակ դէպքեր՝ պատահած տարբեր տասնամեակներու ընթացքին: Յաճախ կը խօսին նոյն դէմքերուն մասին, կը նշեն ուսուցիչներու անուններ, որոնք տարիներ շարունակ հայեցի դաստիարակութեամբ սնուցանած են սփիւռքի տարածքին մէջ գտնուող հարիւրաւոր հայ պատանիներ:
Տասնամեակ մը առաջ աւարտեցի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, եւ առաջին անգամ ըլլալով, անցեալ տարի այցելեցի Կիպրոս:  Ինչպէս իւրաքանչիւր մելգոնեանցի, ես ալ փափաքեցայ շնչել Մելգոնեանի օդը, հանգստանալ հայ պատանիներուն շուք տուած ծառերուն տակ, նստիլ այն նոյն նստարաններուն վրայ ուր կը նստէինք տարիներ առաջ դաս սորվելու կամ պարզապէս զրուցելու համար: Գրեթէ ոչինչ փոխուած էր շրջապատէն ներս (եթէ նկատի չառնենք գիշերօթիկի բաժնին շուրջ քաշուած ցանկապատը որ արգելք հանդիսացաւ վերապրելու մեր կեանքէն կարեւոր բաժին մը), սակայն մէկ բան պակաս էր՝ հայկականութիւնը: Անցնելով Սրբ. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին առջեւէն, հասայ մինչեւ մատենադարան ուր հայ գրականութեան, պատմութեան, եւ մամուլի գանձեր կան:

p7 melkonian

Ցաւօք սրտի, ներկայիս հայ պատանիներու խաւ մը կայ, որ ծանօթ չէ հայ գրականութեան, պատմութեան, այբուբենին, կամ նոյնիսկ՝ լեզուին: Դժբախտաբար օրէ օր աւելի եւս կը բազմանայ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը: Իւրաքանչիւր տարեշրջանի վերջաւորութեան կը լսենք թէ այս կամ այն հայկական վարժարանը փակելու որոշում մը առնուած է տարբեր պատճառներով՝ աշակերտութեան թիւը բաւարար չէ, տնտեսապէս կարելի չէ հոգալ ծախսերը, այլեւս վարժարանը «իր առաքելութեան չի ծառայեր», եւ այլն: Այս բոլորին կողքին կը խօսինք նաեւ հայապահպանման եւ հայ լեզուի ճիշդ գործածութեան մասին, սակայն չենք համարձակիր անգամ խորհելու թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է կանգուն պահել սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական հաստատութիւնները:
Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եմ եւ շատ յաճախ խորը կը մտածեմ հայկական վարժարաններու ճակատագրին մասին: Եւրոպայի ամբողջ տարածքին ներկայիս միա°յն մէկ հայկական վարժարան գոյութիւն ունի: Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանը ինչքանո՞վ կրնայ գոհացնել Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող տասնեակ հազարաւոր հայ պատանիներն ու երիտասարդները: Ինչպէ՞ս կարելի է հայ տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ ազգային գործիչներ պատրաստել երբ հայկական դպրոցները եւ հեզասահ հայերէն խօսող նոր սերունդները մոմի լոյսով կը փնտռենք:
Անցեալ տարեշրջանին, գործի բերումով, ներկայ գտնուեցայ հայկական տօներու առթիւ տեղի ունեցած աշակերտական հանդէսներու: Չորս տարեկան աշակերտներուն փոքրիկ շրթներէն դուրս եկած հայերէն երգերն ու արտասանութիւնները շատ յաճախ զիս յուզեցին: Մեծցած եմ հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ինծի համար հայերէն գրել, կարդալն ու խօսիլը ամենօրեայ երեւոյթ մըն է, սակայն գտնուելով այս օտար ափերուն մէջ, նկատեցի հայկական վարժարանի սրբազան դերը մեր հայ իրականութենէն ներս: Յիշելով Մելգոնեանի եւ այլ հայկական դպրոցներու դժբախտ ճակատագիրը, յանկարծ զայրոյթ մը արթնցաւ մէջս: 
Մելգոնեանի եւ անոր կողքին այլ կրթական օճախներու անմահ ջահը արդէն մարած է, սակայն յոյսով եմ, որ մնացեալ հայ վարժարաններու կառոյցները երբէք պիտի չօգտագործուին օտար աշակերտներ «հիւրասիրելու» նպատակով, երբ տակաւին կան հայ սերունդներ, որոնք ծառաւ են հայկական դաստիարակութեամբ ջամբուելու: 

ԼԱԼԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “«ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ…ՅԱՒԻՏԵԱ՞Ն»

  1. Յօդուածագրին խոր մտահոգութիւնները եւ բուռն զգացումները բաժնելով այսուհանդերձ, կ’արժէ աւելցնել որ գաղութային կազմակերպութիւնները պետք է հայկական դպրոցներու օգնութեան շտապ կերպով հասնին նախ եւ առաջ ծաւալուն հայեցի կրթական ծրագիր մշակելով (անշուշտ նկատի առնելով տեղւոյն, իւրաքանչիւր գաղութի յատուկ պայմանները)եւ հայ ուսուցիչներու վարկը եւ արդար վարձատրութիւնը ապահովելով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles