ՊՈՍԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքի (Դեմոկրատական) տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ անհանգստացած եմ, որ Ատրպէյճանը իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալելու երկիր ընտրուած է։
«Փոխանակ բռնօրէն քննադատուելու մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքները շարունակաբար խախտելուն համար, մինչ յարձակումներ կը գործէ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անմեղ քաղաքայիններ կը տեղահանէ եւ ապօրինաբար կը պահէ հայ բանտարկեալներ, Ատրպէյճանը պէտք է նախ եւ առաջ սրբագրէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները եւ քարիւղէն ու կազէն հրաժարելու գիտական կարիքին իսկական յանձնառութիւն ցոյց տայ», ըսաւ ան։
Միւս կողմէն, ՔՈՓ29-ի ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին (Դեմոկրատական, Մերիլենտ) լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` որոշակի զիջումներ կատարելու:
«ՔՈՓ29-ի նման միջազգային մեծ խորհրդաժողովի հիւրընկալումը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ հիւրընկալող երկիրները կ՛արտօնեն տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճան ատիկա չէ կատարած։ Եթէ Ատրպէյճան կը ձգտի Եւրատլանտեան համայնքին հետ կայուն յարաբերութիւններ հաստատելու, ես նախագահ Ալիեւին կոչ կ՛ուղղեմ` ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարացիօրէն բանտարկուածները, ներառեալ հայ կալանաւորները եւ կենսոլորտի պաշտպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային պայմաններուն եւ շրջակայ միջավայրին վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր կատարած են։ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ես Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` ցոյց տալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր նուիրուածութիւնը` այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
: