ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ

0 0
Read Time:29 Second

p1 argadz

»Քասփիըն Էրլայնզ« օդանաւային ընկերութեան պատկանող մէկ ռուսական »Թիւփոլեւ 154« տիպի օդանաւ մը ջախջախուեցաւ, հազիւ թռիչք առնելէ ետք, Թեհրանի միջազգային օդակայանէն:
153 ճամբորդներն ու անձնակազմի 15 անդամներն ալ մահացան: Մեծամասնութեամբ պարսկահայեր էին ճամբորդները, որոնք արձակուրդի համար կը մեկնէին Հայաստան:
Հազիւ բարձրացած, աւելի քան երեսուն տարուայ կեանք ունեցող այս օդանաւը ունեցաւ թեքնիք խանգարում եւ ջախջախուեցաւ խոր ցնցում յառաջացնելով մօտակայ բնակչութեան մօտ:
ԼուսԻրանական սոյն ընկերութիւնը՝  »Քասփիըն Էրլայնզ« կը գործէ 1993էն ի վեր եւ միշտ ալ կ’օգտագործէ »Թիւփոլեւ 154« տիպի օդանաւները, որոնց գործածութիւնը Արեւմտեան օդակայաններէն ներս, գրեթէ արգիլուած է:
»Իրան Էրթուրզ«ի պատկանող, միեւնոյն տիպի օդանաւ մը, ջախջախուած էր Փետրուար 2006ին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles