ԱԿՆ ԸՆԴ ԱԿԱՆ.- ՍԻՆ ԵՒ ՍՆՈՏԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Գրեթէ շաբաթ մը թաւալած է, Արցախի առնչութեամբ, Մատրիտեան սին եւ սնոտին հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներու նախաձեռնութեան լոյս ընծայման:
Մութ հաշիւներով լի եւ թաքուն նախաձեռնութիւն մը հրապարակուած է, որ պարզապէս եւ անարդարօրէն իրաւասութիւն տուած է եւ կրնայ տալ Արցախի, եւ կարկինը քիչ մըն ալ լայն բանալով, անծանօթ եւ դէպի անդունդ փոխադրող ճամբու կամ ճանապարհի  քարտէսի ետին կանգնած հայոց հայրենիքի (…եւ պատմութեան) ամբողջութենէն հրաժարելու:
Առանց բառերն ու ստեղծուած կացութիւնը ծամծմելու, Մատրիտեան հիմնական սկզբունքները կ°առաջադրեն եւ կ°ապացուցեն միակողմանի եւ հայավնաս պահանջներ, որոնց կարգին տեղահանուածներու եւ փախստականներու «գաղթօճախ» վերադարձէն, անցումային կարգավիճակի ստեղծումէն, անվտանգութեան երաշխիքներու եւ տեղական ղեկավարութեամբ ինքնակառավարման ապահովումէն աւելի անդին…բուն ԱՀԱՒՈՐԸ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնելն ու փոխանցելը, Արցախն ու մերձակայ տարածքները:
Պատմութիւնը փաստած է թէ Արցախի ժողովուրդը, հոսանքն ի վեր, ակն ընդ ական, դիմադրելով ամէնէն աւելի մութ եւ դաժան կացութիւններուն դէմ, պայքարած է եւ ինքնին… ինքնորոշած ու ինքնորոշուած:  Կարելի չէ պատմական խեղաթիւրումներով, պատմական ամբողջական անցեալ մը լուսանցքի տակ առնելով, անտեղի եւ կողմնակալ որոշումներ առնել… սեւ ոսկիի եւ հետեւաբար տնտեսական պայմաններու ստեղծած երազային խաբկանքներուն:
Դեռ այս ստեղծուած կացութիւնը, կրնայ շատ աւելի վտանգաւոր նկատուիլ երբ  ազգային հայրենի խաւ մը…պարզապէս տարուի այս «հուրիբերի»ներու առաջարկին:
Ահաւասիկ, այս բոլորին լոյսին տակ, հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք եւ պատճառ ունի ահազանգ հնչեցնելու, պայքարելու, յամառօրէն կառչած մնալու այդ կենսագործուած իրաւունքին:
Սուրբ գաղափարներու ետին կանգնած, պահանջատէր հայութիւնը միացեալ ճակատով,  բողոքի հրապարակ պիտի իջնէ եւ պահանջէ արդարութիւն:
Ստեփանակերտի Համազգային խորհրդաժողովը հնչեց ու ահազանգեց զօրաշարժի ազդանշանը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles