ՊՈԼԻՍ, “Ռատիքալ“,“Զաման“.- Եւրոպական Միութեան կատարած հետեւողական ճնշումներուն արդիւնք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Շաբաթ, Օգոստոս 27ին պաշտօնապէս հրապարակեց փոքրամասնական կալուածներու մասին օրէնքի փոփոխութիւնը, որուն շնորհիւ, երկրի փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերուն, կը վերադարձուին 1936էն ի վեր խլուած կալուածները:
Ըստ պաշտօնական տեղեկագիրի մէջ տեղ գտած հրամանագիրին, թրքական իշխանութիւնները որոշած են 1936-ին համայնքային հիմնադրամներուն պատկանած անշարժ գոյքն ու կալուածները իրական տէրերուն վերադարձնել:
Այն կալուածներուն պարագային, որոնք կը գտնուին ոչ թէ պետութեան, այլ որեւէ երրորդ կողմի տիրապետութեան տակ, պիտի փոխարինուին համապատասխան գումարներով, պետական գանձարանին եւ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէնութեան կողմէ: Սակը պիտի ճշդուի ելեւմտական նախարարութեան կողմէ:
Յառաջիկայ 12 ամիսներուն ընթացքին, փոքրամասնական հիմնադրամները, պետութեան դիմելով` պիտի կրնան ստանալ 1936ին իրենց պատկանած եւ յետագային տարբեր պատճառներով պետութեան կամ այլ երրորդ անձերու անցած հողային տարածքները, շէնքերը, գերեզմանատուներն ու նոյնիսկ շատրուանները, պայմանաւ նաեւ, որ խորհրդարանն ալ վաւերացնէ վերադարձի որոշումը:
Այս նոր կանոնագրութիւնը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ փոքրամասնութիւններու կողմէ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ներկայութեամբ սարքուած “Իֆթար“ ընթրիքէն մէկ օր առաջ:
Վարչապետ Էրտողան ու կողակիցը, վարչապետի տեղակալ Պիւլենտ Արընչ ու կողակիցը, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, կրթական եւ այլ նախարարներ, Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, Պոլսոյ կուսակալը, բազմաթիւ երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, պաշտօնատարներ ու դեսպաններ ներկայ էին այդ ընթրիքին: Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնական բոլոր համայնքներու կրօնապետներն ու ղեկավարները:
Վարչապետը մէկ առ մէկ ձեռնուեցաւ կրօնապետներուն հետ եւ ապա սեղանակից եղաւ անոնց: Առաջին խօսողն էր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ ողջունեց ներկաները ու յիշեցուց, որ Թուրքիոյ փոքրամասնական հիմնարկները գոյատեւելու բուռն պայքար կը մղեն անվհատօրէն: Պոլսոյ համայնքներուն կողքին, ան յիշեցուց նաեւ Անատոլուի արեւելեան նահանգներուն մէջ ապրող զանազան փոքր համայնքները: Վինկաս ըսաւ, որ այժմ` այս կառավարութեան օրով, շատ բան փոխուեցաւ, եւ որ “մենք այլեւս ինքնավստահութիւն ունինք ու փրկուած ենք անցեալի մէջ գործադրուած ճնշումներէն“: Ան անդրադարձաւ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացին ու դիտել տուաւ, որ փոքրամասնութիւններն ալ պէտք է իրենց տեղը ունենան անոր մէջ:
Հայ համայնքին անունով բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ողջունեց ներկաները ու շնորհաւորեց նաեւ իշխող կուսակցութեան հիմնադրութեան տասնամեակը, ապա յիշեցուց, որ Էրտողան առաջին վարչապետն էր, որ “այցելած էր մեր հիւանդանոցը ու կատարած էր թանգարանին բացումը“: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի՛ բարելաւումներ արձանագրուեցան ներկայ իշխանութեանց օրով:
Շիրինօղլուէն ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ հրեայ համայնքի ներկայացուցիչը, որ գրեթէ նոյն նիւթերուն շուրջ արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին զարգացումներուն համար:
Էրտողան ըսաւ, թէ շատ երջանիկ էր փոքրամասնութիւններու հետ բոլորուելով: “Ասիկա Պոլիսն է ահաւասիկ: Ասիկա այն քաղաքն է, ուր էզանն ու եկեղեցիներու զանգերը քով քովի, նոյն փողոցին մէջ կը հնչեն: Աստուծոյ կամքով, ասիկա միշտ այսպէս ու խաղաղութեան մէջ պիտի շարունակուի: Հոս այլեւս խտրականութիւն չկայ, ուրիշը “ուրիշ նկատելու հակում չկայ“, ըսաւ ան: Ապա Էրտողան յիշեց Եասըատայի մէջ դատապարտուած ու իր մահկանացուն կնքած նշանաւոր հայ բժիշկ Զաքար Տարվերը` ըսելով, որ այս անձին ու միւսներուն պատճառաւ, “Եասըատա“ն դարձաւ “Եասլըատա“ մը` սուգի կղզի: Վարչապետը յիշեց երեսփոխան Զաքար Տարվերի կողմէ խորհրդարանին մէջ կատարուած ճառախօսութիւն մը, ուր ան ըսած էր, թէ այս երկիրին մէջ ոչ-իսլամները իրենց ճակատագիրը կապած էին իսլամ հայրենակիցներու ճակատագիրին:
Տոքթ. Տարվեր անցեալի շողանկարի ամէնէն նշանաւոր մասնագէտն էր Թուրքիոյ մէջ. արժէքաւոր հայ մտաւորական մը ու հայ մշակոյթի սիրահար մարդ, որ երեսփոխան ընտրուեցաւ անբախտ շրջանի մը, Ատնան Մենտերէսի հետ աքսորուեցաւ Եասըլատա, եւ հոն զրպարտութեան մը զոհ երթալով` ծանր տանջանքներու ենթարկուեցաւ ու իր կեանքը կորսնցուց:
“Փոքրամասնութիւնները ատենօք չկրցան ապրիլ իրենց ազատութիւնը, անիրաւութիւններու ենթարկուեցան, բայց ասիկա անցեալին մէջ մնաց այլեւս: Այսօր այլեւս ոչ մէկ հայրենակից
ուրիշ հայրենակիցէ մը գերիվեր է, բոլորն ալ առաջին կարգի հայրենակից են: Բոլորին ալ կեանքի ու ինչքի անվտանգութիւնը պահպանելը մեր պարտականութիւնն է: Հարիւր տոկոս յաջողեցա՞նք: Պիտի ջանանք, որ հարիւր տոկոս յաջողած ըլլանք: Մենք բոլորը հաւասարապէս կը սիրենք“, ըսաւ ան:
Ապա Էրտողան անցաւ բուն նիւթին, որ վագըֆներու օրէնքի նիւթն էր: “Այսօր հոս պարապ ձեռքով չեկանք“, ըսաւ Էրտողան, որ յիշեցուց նոր կանոնագրութիւնը: Ապա ան “արժէքաւոր բարեկամս Պետրոս“ անուանելով` յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուի ելոյթը, ուր ան ըսած էր, թէ նոր դարաշրջան մը սկսած էր փոքրամասնութիւններուն համար: Ան պատմեց, թէ հրահանգած է պաշտօնական ծանուցումներու խորհուրդին, որ օգնէ փոքրամասնական վեց թերթերու: “Մինչեւ որ օրէնքը փոխուի ու թերթերուն ծանուցում տրուի, նիւթական այս օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի“, ըսաւ Էրտողան:
Տեղւոյն “Մարմարա“ն կը գրէ.- “Էրտողանի ելոյթը զարմանահրաշ էր: Ան թիւերով, եկեղեցիներու կամ պատմական շէնքերու անուններով, թուականներով խճողուած իր խօսակցութիւնը կ՛ընէր, առանց թուղթի վրայէն կարդալու. ամէն ինչ կը տրուէր յիշողութեան գծով, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ վարչապետը շատ լաւ պատրաստուած էր կամ թէ արդէն շատ լաւ գիտէր այս նիւթերը“: Միւս կողմէ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ եպս. Աթէշեան, յայտնեց թէ.- “Այս մէկը ուրախալի փաստ է, սակայն ոչ` անակնկալ, որովհետեւ ամիսներ առաջ անիկա արդէն իսկ կը քննարկուէր: Անշուշտ հաճելի է այս որոշումը պաշտօնապէս տեսնել կառավարութեան տեղեկագիրին մէջ“:
Արսէն Երման, որ վարչական ամենաշատ կալուածները ունեցող հիմնադրամներէն` Ազգային Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի, հոգաբարձութեան խորհուրդի փոխատենապետն է, շեշտեց, որ իրենք առաջինն էին, որ դիմեցին Եւրոպական դատարան եւ ետ ստացան կալուածներուն մէկ մասը, որմէ ետք կառավարութիւնը սկսաւ աւելի լուրջ մտածելու այդ հարցին մասին:
Տեղացիներ մտահոգութեան ալիք բարձրացուցին շատ մը քաղաքացիներ, որոնք այսօր կը բնակին այդ կալուածներուն մէջ եւ բնականաբար անոնք չեն ընդունիր որոշումը:
Նշենք թէ “Իհլաս“ լրատու գործակալութիւնը, քանի մը օր առաջ տեղեկացուցած էր, թէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կ՛ուզէ փոքրամասնութիւնները “հաշտեցնել“ պետութեան հետ` աւելի առողջ կապեր հաստատելով պետութեան եւ փոքրամասնութիւններու միջեւ եւ պետական համակարգին մէջ փոքրամասնութիւններուն աւելի լայն տեղ տալով:
Այս նիւթին շուրջ “Սապահ“ի մէջ բաւական խիստ յօդուած ստորագրած էր Էնկին Արտըչ: Ան հետեւեալ խորհրդածութիւնները ըրած է. “Կը կարծէք, որ Թուրքիոյ մէջ պետական պաշտօնեայ ըլլալու համար կը բաւէ, որ Թուրքիոյ հայրենակից ըլլաք, չէ՞. մինչդեռ այդպէս չէ: Պայման է նաեւ, որ ըլլաք թուրք ցեղէն: Դուք կրնայիք հրեայ Մորտոհայը հաշուակալ նշանակել ձեր հաստատութեան մօտ, յոյն Էլենիին ալ կրնայիք ձեր տան մաքրութիւնը ընել տալ` պարբերաբար կսմիթ մը տալով անոր զիստին, բայց` այդքա՛ն: Թուրքը փոքրամասնութիւններէն մէկուն հետ չէր իսկ կրնար ամուսնանալ: Նշանաւոր ու փառաւոր Թուրքիոյ մէջ ամէն մարդ հաւասար էր, բայց փոքրամասնութիւնները այնքան ալ հաւասար չէին: Հայը, յոյնը, հրեան իր տուրքը կը վճարէր, զինուորական ծառայութիւնը կ՛ընէր, բայց պաշտօնեայ չէր կրնար ըլլալ: Քիւրտը թէեւ կրնար պաշտօնեայ դառնալ, բայց ատոր համար պայման էր, որ ձուլուած, քրտութիւնը մոռցած ըլլար: Բանակին մէջ նախապէս փոքրամասնութիւններուն հրացան իսկ չէին տար, որպէսզի չսորվին ու օր մը հրացանը մեզի դէմ չգործածեն: Հիմա արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կոչ կ՛ընէ, որ փոքրամասնութիւնները դիմեն Թուրքիոյ պետութեան` պաշտօնեայ նշանակուելու համար: Ան կ՛առաջարկէ, որ անոնք մասնաւորաբար մուտք գործեն նախարարութեան շարքերէն ներս, ոչ թէ որպէս Զամպիայի դեսպան եւ այլն, այլ` կարեւոր պաշտօններ ստանձնելով: Հիմա կ՛ուզենք, որ հիւպատոս Վահան մը ունենանք, աւագ դեսպան Մարիա մը կարենանք ունենալ, ինչպէս անցեալին ունէինք արտաքին գործոց նախարար Գարաթոտորի կամ Նորատունկեան փաշա: Հոգ չէ թէ ընդդիմադիրները պիտի արատաւորեն ու պիտի ըսեն, որ Տաւութօղլուն կը ջանայ վերակենդանացնել օսմանցիութիւնը: Բայց փոքրամասնութիւններն ալ, թող ներողամիտ ըլլան ու չմերժեն այս պաշտօնները: Որովհետեւ անկէ ետք կը կորսնցնեն իրենց վիճակէն գանգատելու եւ լալու իրաւունքը“:
“Իհլաս“ նաեւ կը նշէ, որիրենց քաջալերական արտայայտութիւնները, որոնցմէ կարելի է յիշել տոքթ. Մանուէլ Մոմճեանի խօսքերը.- “Ես մեծապէս տպաւորուած եմ այն բծախնդիր եւ բարձրորակ խնամքին համար որ կը տրուի Ստեփանակերտի “Ձեռք-ձեռքի“ կանացի դարմանատան մէջ ուր կիներ ձրիաբար Ultrasound-ի քննութիւն եւ ախտաճանաչում կը ստանան բժշկուհի Լիլիա Արզումանեանի ձեռքով արդի մեթոտներով“:
Վերոյիշեալ դարմանատուներու ծախսերը հոգալու համար Օնթարիոյի Հայ Բժշկական ընկերակցութիւնը հանգանակային կալա-ընթրիք կը կազմակերպէ:
Այս տարի հանգանակային ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի Սեպտեմբեր 11, 2011-ին: Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել Թորոնթոյի Հայ Բժշկական վարչութեան:
Սփիւռք թէ հայրենիք միասնաբար աշխատինք “Միասին յանուն առողջութեան“: