Հ.Օ.Մ.-Ը ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ DORCAS AID ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

Հայ Օգնութեան Միութիւնը յայտարարեց, որ միացած է Dorcas Aid կազմակերպութեան, օժանդակու­թեան ձեռք մեկնելու համար Ափրիկէի Եղջիւրի շրջանը հարուածած սովի զոհերուն:

Անցնող յիսնամեակի ծանրագոյն երաշտը կը հարուածէ Ափրիկէի Արեւելեան շրջանները: Այս աղէտին հե­տեւանքով սովը կը սպառնայ աւելի քան տաս միլիոն մարդու կեանքին: Պարագան ծանր է յատկապէս Սոմալիոյ մէջ, ուրկէ օրական միջին հաշուով 1600-էն 2000 հոգի կը հասնին Եթովպիոյ մէջ հաստատուած գաղ­թակայանները` օրեր, երբեմն շաբաթներ քալելէ ետք: Վատառողջ, սովահար ու ծարաւ վիճակի մէջ գաղ­թակայաններ ապաստանածներու թիւը անցած է արդէն 125 հազարի սահմանը:

Որպէս միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւն, պարտաւոր կը զգանք օժանդակելու աղիտալի պայմաններ դիմագրաւող կարիքաւորներուն: 21-րդ դարու սովէն տառապող ու մահացող մարդ արա­րա­ծի մասին մտածելն անգամ անտրամաբանական կը թուի մեզի, հետեւաբար որոշեցինք միանալ Dorcas Aid եւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ճիգերուն, փորձել մեղմելու համար սովը դիմա­կա­յող կանանց եւ երեխաներու տառապանքը“,- յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը: Մեր նախաձեռնութեան բնաբանն է ՛ՕԳՆԵՑԷՔ մեզի ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ համար սովահար­ներուն՛, հետեւաբար կոչ կուղղենք բոլորին, որ մեր կայքէջին (www.ars1910.org) կամ Հ.Օ.Մ.ի աշխար­հասփիւռ միաւորներուն ճամբով նուիրատուութիւններ կատարեն, կարելի առաւելագոյն թիւով մարդոց ցա­ւը թեթեւցնելու“,- եզրակացուց ան:

Բարձր կը գնահատեմ Հայ Օգնութեան Միութեան վսեմ այս քալը եւ ապագայ գործակցութեան ոգիով կը նայիմ անոր: Մեր երկու կազմակերպութիւններու նպատակը կարիքաւոր մարդոց օժանդակելն է: Թող որ Աստուած իր օրհնութեան տակ պահէ Հ.Օ.Մ.ի բոլոր ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները,- գրեց Տիգրան Եումուշաքեան, DorAid America կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը, ի պատասխան Dorcas Aid-ի ճիգերուն միանալու Հ.Օ.Մ.-ի որոշումին:

Dorcas Aid եւ DorAid America կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ Յուլիսին այցելած էին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րոնական Գրասենեակ եւ երկու մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները համա­ձայնած էին գործակցիլ մարդասիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան ծիրին մէջ:

Dorcas Aid-ը քսան երկիրներու մէջ բարեսիրական եւ զարգացման ծրագիրներ իրականացնող քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է: Այդ երկիրներու շարքին է Հայաստանը: DorAid America-ն անոր գործակից կառոյցն է, որ կը գործէ ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրզի նահանգէն:

2010-ին իր 100-ամեակը նշած Հայ Օգնութեան Միութեան հայկական կանանց մարդասիրական հնա­գոյն կազմակերպութիւնն է, որ միաւորներ ունի 27 երկիրներու մէջ: Ափրիկէի սովահարներու օժանդակութեան համար ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել այցելելով Հ.Օ.Մ.-ի կայքէջը եւ սեղմելով նուիրատուութեան յատուկ նկարին վրայ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles