Ամէնայն գուրգուրանքով ջութակին կառչած Շուշան Սիրանոսեան հմայեց ներկաները, Շաբաթ 2 Նոյեմբերին, Պոսթընի «Նիւ Ինկլընտ» երաժշտանոցի պատմական «Ճորտըն Հոլ» սրահին մէջ։ Ան ելոյթ ունեցաւ Վենետիկի պարոք նուագախումբին հետ, ղեկավարութեամբ երգեհոնահար Անտրէա Մարքոնի, որուն կ՛ընկերակցէին լարային զանազան գործիքներու (ջութակ, միջակ ջութակ – վիոլա, թաւջութակ եւ բամբ ջութակ – քոնթրը պաս) 12 երաժիշտներ։ Նուագահանդէսը կազմակերպած էր, այդ պատմական դարաշրջանի եւ կրօնական-եկեղեցական երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած «Պոսթըն Ըրլի Միւզիք Ֆեսթիվըլ»-ը։
Լիոն (Ֆրանսա) ծնած եւ այժմ Ժընեւ (Զուիցերիա) բնակութիւն հաստատած՝ Շուշան զաւակն է երաժշտագէտ եւ դաշնակահար Ալեքսանտր Սիրանոսեանի, որ հայ երաժշտութեան մասնագէտներէն է եւ լաւապէս ուսումնասիրած է հանրածանօթ յօրինող Ֆրանց Լիսցի հայ աշակերտներէն՝ Ստեփան Էլմասի երաժշտութիւնը։ Ալեքսանտր նաեւ պրպտումներ կատարած է եւ մէջտեղ բերած՝ Կոմիտաս վարդապետէն կորսուած գործեր։ Նարեկացիի եւ Կոմիտասի գործերուն կողքին, պարոք երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած՝ Շուշանի կրտսեր քոյրն է, հանրածանօթ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանը։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հմայիչ քաղաք՝ Վենետիկի 17-րդ դարաշրջանի երաժշտութիւնը։ Բնականաբար, ջրանցքներու քաղաքը առանց Անթոնիօ Վիվալտիի կարելի չէ պատկերացնել։ Անոր կողքին, նաեւ յայտագրի վրայ էին, համեմատաբար անծանօթ Ֆրանչեսքօ Վերաչինիի, Փիեթրօ Լոքաթելլիի եւ Ճուզեփփէ Թարթինիի գործերը։ Այս վերջինին գործերով պատրաստուած Սիրանոսեանի նոր խտասալիկը հռչակ սփռած ու արդէն իսկ տիրացած է մրցանակներու։
Յիշատակելի էր Վերաչինիի հատանուագը (սոնաթ), ուր Սիրանոսեանի ճպոտը անսխալ եւ ամենայն բծախնդրութեամբ գործեց, ներդաշնակութեամբ հպելով ջութակի լարերուն։
Թարթինիի եւ Լոքաթելլիի համանուագներու (քոնչերթօ) կողքին, անշուշտ առիւծի բաժինը կը պատկանէր Վիվալտիին։ Յայտագրի վրայ էին երեք համանուագներ (G minor, D minor – «Իլ Ֆաւորիթօ», D major – «Կրոսօ Մոտիւլ»), որոնք շարունակ ամենայն հմտութեամբ նուագեց Սիրանոսեան, Մարքոնի ղեկավարած նուագախումբին հետ։
Աւարտին, ընդառաջելով ներկաներու ծափողջոյններուն, Սիրանոսեան եւ Վենետիկի պարոք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Անտրէա Մարքոնի վերադարձաւ բեմ եւ այս անգամ տաղանդաւոր Շուշանը անխնայ եղաւ ճպոտին եւ լարերուն հանդէպ, ազդեցիկ կերպով նուագելով Վիվալտիի «Չորս Եղանակներու» ամառը նկարագրող համանուագին արագ ընթացող «փրեսթօ» մասը, ուր յօրինողը կը նկարագրէր վենետիկեան ամառնային այդ շոգին, ծայր առած երբեմնի խենթ փոթորիկն ու տեղատարափ անձրեւը։
Ներկաները կուշտ ու կուռ հեռացան սրահէն։ Այդ օր, Վենետիկը միայն Մխիթարեան միաբանութեան չէր պատկաներ, այլ նաեւ «բուրումնաւէտ» Շուշան Սիրանոսեանին։
Ներկայ Մը