Լա Հէյի Միջազգային Դատարանը Մերժեց Պաքուի Առարկութիւնները

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

 

Լա Հէյի դատարանը «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» դատական գործի ծիրին մէջ, 12 Նոյեմբերին մերժեց Պաքուի ներկայացուցած բոլոր նախնական առարկութիւնները:

Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստան հայց մը ներկայացուց միջազգային այս ատեանին` Ատրպէյճանի կողմէ Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագիրի խախտումներուն վերաբերեալ:

Նախորդ տարուան Ապրիլին Ատրպէյճան ներկայացուց իր նախնական առարկութիւնները:

Դատարանը գտաւ, որ «Հայաստան իրական ջանք թափած է քննարկման մտնելու Ատրպէյճանի հետ` նպատակ ունենալով լուծել վէճը, ինչ որ կը պահանջէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագիրի 22րդ յօդուածը:

Դատարանը նշեց նաեւ, որ այս բանակցութիւնները դարձած են ապարդիւն: Այս պատճառներով դատարանը եզրակացուց, որ Ատրպէյճանի առաջին նախնական առարկութիւնը ենթակայ է մերժումի:

Պաքուի երկրորդ առարկութիւնը կը վերաբերէր դատարանի իրաւազօրութեան, որ նոյնպէս մերժուեցաւ:

Իսկ երրորդը Հայաստանի այն պնդումին մասին էր, որ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով, հայերը համակարգուած խտրականութեան, զանգուածային սպանութիւններու եւ խոշտանգման բռնութեան ենթարկուած են` Պաքու սպանութիւն, խոշտանգում կատարած է հիմք ունենալով մարդոց ցեղային ծագումը: Դատարանը յայտնեց, որ ցեղապաշտական խտրականութիւնը ճանչնալու համար պէտք է մանրամասնօրէն ուսումնասիրել փաստերը եւ նիւթերը, եւ վարոյթի այս փուլին կարելի չէ այդ հարցը ճշդել։

«Ասոր լոյսին տակ, դատարանը պէտք է համոզուի, թէ արդեօք տուեալ գործողութիւնները, որոնց վերաբերեալ կը բողոքէ Հայաստան, ի զօրո՞ւ են ապացուցել խտրական վերաբերմունքը, որ հիմնուած է տուժողներուն հայկական ծագում ունենալուն վրայ», յայտարարեց Լա Հէյի դատարանը:

Այս վճիռէն անմիջապէս ետք Մ․Ա․Կ․-ի Արդարադատութեան դատարանը հրապարակեց «Ատրպէյճանն ընդդէմ Հայաստանի» գործով իր վճիռը: Ըստ այդմ` Հայաստանի երկու նախնական առարկութիւնները բաւարարուեցան, մէկը մերժուեցաւ: Ատրպէյճան իր հայցը եւս ներկայացուցած էր նոյն պայմանագիրի ծիրին մէջ՝ պնդելով, որ «բնիկ հայերը պայթուցիկներ եւ ականներ տեղադրած են ատրպէյճանցիները վնասելու նպատակով», «միտումնաւոր ոչնչացուցած են Ատրպէյճանի բնական պաշարները»։

Միջազգային իրաւական հարցերու գծով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան յայտնեց, որ դատարանը եզրակացուց, թէ իրաւասու է քննելու պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք (2020-2023) սպանութիւններու, խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի մասին հայկական պնդումները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles