ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին զուգադիպող շաբաթավերջը` 15-17 նոյեմբերը, ձեռնարկներով եռուն պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ: 16 եւ 17 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 19 շրջաններէ 36 մասնակիցներու: Խորհրդաժողովը պիտի քննէ միութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը (Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակում, սկաուտական խմբապետական Թ. համագումար, քարոզչական առցանց Բ. համագումար, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքներ եւ այլն) եւ մօտէն ծանօթանայ յառաջիկայի աշխատանքներուն (Ամերիկեան ցամաքամասի Ա. բանակում, Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղեր, Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստութիւններ, նաւապտոյտ եւ այլն):
Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի ուրբաթ, 15 նոյեմբերի առաւօտեան, Եռաբլուրէն: Նոյն օրը, երեկոյեան, Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը` հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը պիտի ծառայէ 106-ամեայ միութեան աշխարհասփիւռ աշխատանքներուն ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման:
Շաբաթ, 16 նոյեմբերի երեկոյեան, տօնակատարութեամբ մը պիտի նշուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը եւ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 35-ամեակը: Իսկ կիրակի, 17 նոյեմբերին, խորհրդաժողովին մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Էջմիածին, ուր յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մահացած եւ նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին: Յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ պիտի կատարէ 35-ամեակի սկաուտական ձեռնարկ:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական խորհրդաժողովները քառամեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան 1985-էն ի վեր, սակայն առաջին անգամն է, որ կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ, Հայաստան: