ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second
Տեսարան մը խաղողօրհնէքէն

Կի­րա­կի, Օգոս­տոս 14, 2011-ին, Նիւ Եոր­քի Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, մա­տուց­ուե­ցաւ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, Սուրբ Աստ­ուա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման Տօ­նին առի­թով, որ Հայց. Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Հինգ Տա­ղա­ւար Տօ­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ:

Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ` Արժ. Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, որ իր քա­րո­զին մէջ բա­ցատ­րեց խա­խո­ղօրհ­նէ­քի իմաս­տը ըսե­լով, “Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քը ոչ մէկ կապ ու­նի Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Տօ­նին հետ: Տար­ուան պտղա­բե­րու­թեան երա­խայ­րի­քը օրհ­նու­թեամբ Աս­տու­ծոյ ըն­ծա­յե­լը հին սո­վո­րու­թիւն է: Քրիս­տո­նէ­ու­թեան շրջա­նին բո­լոր պտուղ­նե­րուն մէ­ջէն ընտր­ուե­ցաւ պտուղ­նե­րուն ազն­ուա­գոյ­նը` խա­ղո­ղը, որ­պէս ըն­ծայ Ս. Խո­րա­նին, որով­հե­տեւ խա­ղո­ղը մեծ նշա­նա­կու­թիւն եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի քրիս­տո­նէ­ու­թեան մէջ:  Խա­ղո­ղը, իբ­րեւ պտուղ­նե­րուն ազն­ուա­գոյ­նը, գինի­ին հիւ­թը եւ Ս. Պա­տա­րա­գի Հա­ղոր­դու­թեան խորհր­դա­նի­շը, բո­լոր պտուղ­նե­րուն տեղ կ՛օրհն­ուի Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման Տօ­նին“:

Հա­ւա­տացեալ բազ­մու­թիւնը Ս. Պա­տա­րա­գի աւար­տին մաս­նա­կից դար­ձաւ Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի աւան­դա­կան արա­րո­ղութեան, որ­մէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:

ԽԱ­ՂՈ­ՂՕՐՀ­ՆԷՔ ՀԱՅ ՏԱՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբ­թի, Օգոս­տոս 17, 2011-ին, գլխա­ւո­րութեամբ Հոգեւոր Հո­վիւ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լա­գիսեանի խումբ մը ծխա­կաններ այցելեցին Նիւ Եոր­քի Հայ Տուն:

Տէր Մեսրոպ օրհնուած խաղող կը յանձնէ ծերերուն

Աւան­դութեան հա­մա­ձայն Տէր Մեսրոպ կա­տարեց խա­ղո­ղօրհ­նէք, մէկ առ մէկ օրհնեց Հայ Տան բնա­կիչները եւ անոնց յանձնեց օրհն­ուած խա­ղողները:  Յայտնենք նաեւ, Հայ Տուն այցելող ան­դամ-ան­դա­մու­հիները Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ յա­տուկ աղօթքներով, բա­նաստեղծու­թիւններով եւ ազ­գա­յին-հոգեւոր երգերով ու­րա­խա­ցու­ցին հայ մա­միկներուն եւ պա­պիկներուն սրտերը:

Տէր Մեսրոպ շրջապատուած ծխականներով

Վերջա­ւո­րութեան Տէր Մեսրոպ Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկեղեցւոյ անու­նով $500.00 գու­մար մը նուիրեց հաս­տա­տութեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles