ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 26 Second

Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր, Շաբաթ, Նոյեմբեր 9-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը։

Անոր ծննդեան 155-ամեակի առթիւ, Ուաթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ տեղադրելու այս կիսադրին, որ կը պատկանի գանատաբնակ հանրածանօթ քանդակագործ տոքթ․ Մկրտիչ Տարաքճեանի (ծնեալ Հալէպ)։ Այս առթիւ, Տարաքճեան հրաւիրուած էր Պոսթըն, մասնակից դառնալու կիսանդրիի պաշտօնական բացման։

Ներկաներու շարքին էին նահանգի ներկայացուցիչ Սթիւըն Օուըն, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հրանդ ծ. վարդապետ Թահանեան, աւագ քհնյ․ Անդրանիկ Պալճեան, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Առաքել քհնյ. Ալճալեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ վերապատուելի Աւետիս Պէօյնէրեան եւ Պելմոնթի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Ղազար ծ. վարդապետ Պետրոսեան։

Օրուան հանդիսավարն էր Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի յանձնախումբի անդամ Ճաշ Թեւեքելեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան յայտագիրը։

Օրուան բանախօսն էր կեդրոնի ատենապետ Վաչէ Սէրայտարեան, որ տեղեկացուց, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ կարելի եղաւ այս մտայղացումը իրագործել։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց Մկրտիչ Տարաքճեանին մասին, որ, բժշկութեան կողքին, սիրողական նուիրումով կը կատարէ քանդակագործութիւն։

Նշենք, թէ Գանատայի մէջ, Տարաքճեանէն երկու այլ կիսանդրիներ՝ Եուսուֆ Քարշ եւ Կոմիտաս, տեղադրուած են յաջորդաբար մայրաքաղաք Օթթաուայի եւ Մոնրէալի մէջ։

Ապա, Սէրայտարեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սողոմոն Սողոմոնեանի՝ Կոմիտասի կեանքը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։

Քանդակագործ Մկրտիչ Տարաքճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հպարտ կը զգայ, որ նմանօրինակ գաղափար մը կարելի եղած է իրականացնել։ Իր կարգին, ան ակնածանքով խօսեցաւ հայրենի երաժիշտին մասին։ Նշենք, թէ նոյնինքն Տարաքճեանին կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի արձանը, որ տեղադրուած է Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատան մուտքին։

Կիսանդրիի օրհնութիւնը կատարեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Կոմիտասի համար երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, անիկա ուղղակի դէպի հոգի կ՛ընթանայ։ Հայր սուրբը նշեց, թէ հայ եկեղեցական երգեցողութիւնը դարերու տողանցքով հասած է մեզի եւ այսօր ալ կը շարունակէ գոյատեւել։ Ան դիտել տուաւ, որ յաճախ գրուած ու շեշտուած է կարեւորութիւնը` հայ եկեղեցական երգերու պատշաճ կատարման: Այս երգերու խումբին կը պատկանին շարականները, տաղերը, մեղեդիները, սրբասացութիւններն ու սուրբ պատարագի երգերը:

Ապա, կեդրոնի մուքին Վաչէ Սէրայտարեան եւ մեկենաս Թորոս Ոսպիկեան կատարեցին կիսանդրիին բացումը՝ ներկայութեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ-արենուշներուն, որոնք կը ծածանէին Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Ղազար ծ. վրդ. Պետրոսեան մեներգեց Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն։ Ապա ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»-ի Պոսթընի ArtNova երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Արթիւր Վերանեանի։ Խումբը ներկայացուց վարդապետին գործերէն փունջ մը՝ «Վարդ եարս», «Երեւան բաղ եմ արել», «Թագուորի մեր դուրս արի», «Հոյ նար» եւ «Իմ չինարի եարը»։

Աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան այս ձեռնարկին։ Աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, մատակարարութեամբ կեդրոնի մէջ գործող խոհանոցին՝ «Անուշ ըլլայ»-ին։

Յօրինող, երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ, խմբավար եւ մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտագիտական դպրոցի հիմնադիր, ահա այն բնորոշումները, որ կ՛ուղեկցին հայ մշակոյթի հսկաներէն մէկուն՝ մեծն Կոմիտասի անուան։

1881 թուականն է։ Էջմիածնի վանքի վեհարան, կաթողիկոսին դիմաց կանգնած է թախծոտ, խելացի աչքերով վտիտ տղայ մը։ Վաղուց որբացած երեխան, որ գեղեցիկ ձայն ունի, բերած են թրքական հեռաւոր, հայաշատ Քիւթահեա քաղաքէն՝ Գէորգեան ճեմարան ընդունելու յոյսով։ Բայց… մեծերու հարցերուն ան կը պատասխանէ թրքերէն լեզուով։

Հիասթափուած է կաթողիկոսը։ Ի՞նչ ընել։ Թող երգէ տղան։ Եւ ան կը սկսի երգել, շուրջը հիացմունքէն քարացած են։ Ինչ գեղեցիկ կը մեկնաբանէ երգերը։ Ամէն մէկ ելեւէջ այնքան թրթռուն է, ամէն մէկ հնչիւն՝ այնպէս հոգեպարար։ Ի՞նչ ոյժ էր, որ ներշնչեր էր այս փոքրիկին։

Ամէնքը յուզուած են, կաթողիկոսի աչքերէն արցունքը կը կաթի, եւ Սողոմոն Սողոմոնեանը կը դառնայ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանի սան։

1893-ին Սողոմոն կ՛աւարտէ ճեմարանը, կը նշանակուի ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ, նաեւ խմբավար Մայր տաճարի մէջ։ Աւարտած ըլլալով հոգեւոր ճեմարանը, 1894-ին կը ձեռնադրուի աբեղայ եւ անոր կը շնորհուի 7-րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ կաթողիկոս Կոմիտասի անունը։ 1895-ին կը դառնայ վարդապետ եւ այնուհետեւ կը կոչուի Կոմիտաս վարդապետ։

Ուսումնական տարիներէն իսկ, ներքին անիմանալի մղումով մը, ան ուշադիր ականջ կը դնէր գիւղերու, գաւառներու, եկեղեցիներու շուրջ հնչող ժողովրդային երգերուն։ Այդ ներքին հրամայական ձայնին ունկնդրելով՝ ան չափագրութեամբ եւ վերլուծելով գրի կ՛առնէր լսածը։

Երաժշտութեան հանդէպ իր ունեցած սէրը զինք կը հասցնէ Թիֆլիս, ուր կ՛աշակերտէ յայտնի երաժշտագէտ Մակար Եկմալեանին։

1896-ին կը մեկնի Պերլին ուսանելու Ռ. Շմիթի երաժշտանոցին եւ արքայական համալսարանի մէջ։ Այնտեղ Կոմիտաս կը հետեւի յօրինումներու տեսաբանութեան, դաշնամուրի, ձայնամարզութեան եւ երգեհոնի դասընթացքի։

Երաժշտական դասերուն կողքին, ան կ՛ուսումնասիրէ նաեւ հոգեբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։

Թէեւ Պերլինի մէջ կը սորվի գերմանական երաժշտութեան կանոններով ու օրինաչափութիւններով, բայց ան առաւելապէս կ՛առաջնորդուի հայ երգի ու երաժշտութեան թելադրած օրէնքներով։

Տարիներ ետք, երբ ան ուսման կը ղրկէ իր աշակերտները, իւրաքանչիւրին կու տայ իր հայ ժողովրդական երգերու փունջ մը՝ իբրեւ ուղենիշ եւ նպատակի բարձրագոյն ծրագիր։

Պերլինի մէջ Կոմիտասը կը դառնայ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն՝ հանդէս գալով հայ երաժշտութեան նուիրուած զեկուցումներով, յօդուածներով, ներկայացնելով հայ ժողովրդական երգերու իր մշակումները։

Ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1899-ին, Կոմիտասը կը վերադառնայ Հայաստան՝ Էջմիածին եւ կը սկսի ծաւալուն աշխատանքի, հայ երաժշտութեան վրայ լոյս սփռելու լայն գործողութեան։

Ան կը հաւաքէ եւ կ՛ուսումնասիրէ բազմաթիւ ժողովրդական երգեր, կարգ մը մասնագէտներու հաստատումով՝ շուրջ 4000 երգ, որոնցմէ միայն 1200-ը կը փրկուին։

Ան ուշի ուշով կը լսէ գիւղերու եւ խրճիթներու մէջ գեղջուկի հոգիէն բխած մաքուր երգերը։ Ապա կը խմբագրէ, մշակէ եւ՝ իր լսած երգերու բազմաթիւ տարբերակներէն առանձնացնելով, կը զտէ ու կ՛ընտրէ ազգային առանձնայատկութեամբ օժտուած կտորները։

Արտակարգ գեղեցիկ էր Կոմիտասի ձայնը։ Կատարելութեան հասած իր երգեցողական արուեստը ան հինովին կը ծառայեցնէր հայ երաժշտութեան։ Մեղեդիներու մշակման գեղեցիկ ճկունութիւնն ու մաքրութիւնը հնչիւններուն՝ ձայնի լուսաւոր հնչերանգ կը դրոշմեն ունկնդիրներու հոգիներուն մէջ։ Կոմիտասի երգեցողութեան մէջ մարմին կ՛առնէ հայ երգի ինքնատիպ բնութիւնը։

1910-ին Կոմիտաս կը մեկնի Էջմիածինէն Թուրքիա եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ մէջ։

Այստեղ ան կը կազմակերպէ նշանաւոր «Գուսան» երգչախումբը՝ ծրագիր ունենալով հիմնել հայկական բարձրագոյն երաժշտանոց, հայկական մշակութային կեդրոններուն ներարկելու համար հայ երգի ոգին։ Ան կը դառնայ հեղինակութիւն, հայ արուեստը եւ մշակոյթը առաջնորդող ուժերէն մէկը։

Անոր ամէն մէկ ելոյթը ունկնդիրներու համար գեղագիտական վայելքի, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի շքեղ հանդէս էր։

1915-ին թրքական կառավարութիւնը կը գործադրէ մարդկային պատմութեան մէջ աննախադէպ՝ արեւմտահայութեան զանգուածային կոտորածը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

 Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուին աւելի քան 200 հայ մտաւորականներ, որոնց մէջ էր նաեւ Կոմիտասը։ Թէեւ ան ողջ կը մնայ, բայց իր հարազատ ժողովուրդին դժոխային սպանութեան իբրեւ ականատես, զգայուն հոգիի տէր երաժիշտը կը կորսնցնէ իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը…

Շուրջ 16 տարի ան իր կեանքը կ՛անցնէ Փարիզի հոգեբուժական հիւանդանոցներու մէջ, բայց աւա՜ղ․․․չի բուժուիր։

1936 թուականի Մայիսին, անոր աճիւնը Փարիզէն կը տեղափոխուի Երեւան եւ կը յանձնուի մայր հողին՝ իր անունը կրող պանթէոնի մէջ։

Կոմիտասի բարձրագոյն առաքելութիւնն էր ցոյց տալ աշխարհին, որ հայորդին ունի իր ինքնուրոյն ազգային խոր ակունքներէն բխող երաժշտութիւն։ Ան իրագործեց այն առաքելութիւնը, որուն նուիրած էր իր կեանքը։

Շնորհիւ Կոմիտասի, այսօր ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ հայ ժողովուրդը ունի իր ինքնուրոյն երաժշտութիւնը, ինչպէս որ ունի իր լեզուն, գրականութիւնն ու իր ինքնատիպ մշակոյթը։

Հայ ժողովուրդը միշտ երախտապարտ կը մնայ իր մեծ զաւակին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles