Լրահոս

 Քոնկրէսի Ընտրութիւններ.-  Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 90 Առ Հարիւրը Ընտրուած

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ընտրութիւններուն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն 90 առ հարիւրը ընտրուած է: Այս մասին կը նշուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Մենք չենք իջեցուցած մեր նշաձողը կամ զիջած մեր արժէքները: Խոստումներ չենք ընդունած, փոխարէնը պատասխանատուութիւն պահանջած ենք», յայտարարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան:

Ան ընդգծեց, որ թեկնածուները ընտրելու ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը հաշուի առած է Արցախի հարցով, հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումները:

Յանձնախումբը կը նշէ, որ կ՛աջակցի Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան 84 թեկնածուներու, որոնք ընտրուած են Ամերիկայի 20 նահանգներէն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button