Կիրակի, Դեկտեմբեր 1-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք եկեղեցւոյ 70ամեակը, քարոզին մէջ անդրադարձաւ որ նախորդ օր Հայ եկեղեցին տօնախմբած էր իր առաջին Լուսաւորիչներու՝ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ բարերարներու՝ Արման Ֆստիկեանի եւ տէր եւ տիկ. Սքոթ եւ Թրէյսի Պազոյեաններու նուիրուած զոյգ յուշատախտակներ օրհնուեցան եւ Տիար Ստեփան Յակոբեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, դրուատեց բարերարներու ներդրումը եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ բարգաւաճման մէջ։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ճաշկերոյթ։ Տիար Ստեփան Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ 70-ամեակը կարեւոր անկիւնադարձ մը կը հանդիսանայ գաղութի կեանքին մէջ, մղելով նոր սերունդը նոյն մօտեցումով շարունակելու սկսուած ազնուական առաքելութիւնը։ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, իր հրճուանքը յայտնեց, թէ պատմական այս առիթը կը համընկնէր իր հովուութեան շրջանին, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն, որոնք անխոնջ կերպով կը ծառայեն գործակցութեան գեղեցիկ ոգիով, եւ մաղթեց որ միշտ վառ մնայ այդ գիտակցութիւնը։ Այս առթիւ, եկեղեցւոյ նախկին հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի սրտի խօսքը ունկնդրուեցաւ յատուկ տեսերիզով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, անգամ մը եւս շնորհաւորելով համայնքը 70-ամեայ հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային նշանակալից ուղեւորութեան առթիւ, բարձրօրէն գնահատեց առ հասարակ բոլորին անսակարկ ծառայութիւնը, եւ ըսաւ․ «Որքան որ կրանիթ բառը այս քաղաքին տրուած յատուկ անուն մըն է, նոյնքան եւ կը ցուցանիշէ այս համայնքին կրանիթեայ կամքը եւ տոկունութիւնը»։ Իր խօսքը աւարտելով, Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ «Եօթանասունամեակը թուական իր արժէքէն անդին, տօնախմբութիւնն է միացեալ վսեմագոյն երեք յատկանիշերու՝ Տեսլական, Յանձնառութիւն եւ Յարատեւութիւն», եւ մաղթեց որ անոնցմով համայնքը դիմաւորէ նորանոր նուաճումներ։
Տօնախմբութեան ընթացքին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները համեստ յայտագիրով հանդէս եկան։ Այս առթիւ գնահատագրեր յանձնուեցան ծխականներ Ճան Վարատեանին, Էնտրիւ Ասատուրեանին, Սթիվըն Սուրէն Յակոբեանին եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին՝ Սօսէ Պէրպէրեան, երէցկին Վանա Դանիէլեան, Ժան Նալպանտեան եւ Անտրէա Ճովանտօ։
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։