ԳլխաւորԼրահոս

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սփիւռքեան մեր համայնքները արդէն քաջատեղեակ են Սուրիոյ վերջին քանի մը օրերու պատահարներուն, տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն,  որոնք ազդած են երկրին վրայ եւ շարունակ նորութիւններ ի յայտ կու գան։ Մարդիկ ապաստանած են իրենց բնակարաններէն ներս եւ ապրուստի կենսական ծախսերը հոգալու հնարաւորութիւնը սահմանափակուած ըլլալով՝ կը գտնուին դաժան կացութեան մէջ:

Այս կացութեան դիմաց, մեր համայնքին պարտականութիւնն է շտապօրէն գործի լծուիլ  եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս որ նախապէս կատարեցինք Միջին Արեւելքի մեր լիբանանահայ գաղութին:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր անդամներուն, համակիրներուն եւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի բոլոր հայօճախներուն, որպէսզի իրենց օժանդակութիւնը կատարեն Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի  Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով (Donate – ARS of Eastern US), որ ապահով միջոցներով պիտի կատարէ գումարներուն առաքումը:

Մեր համայնքները միշտ ալ առատաձեռն եղած են եւ կատարած` իրենց նիւթական օժանդակութեան պարտականութիւնը, երբ մեր ժողովուրդը շուտափոյթ օգնութեան կարիքը ունեցած է:

Վստահ ենք, որ միասնաբար կրկին թիկունք պիտի կանգնինք եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրենք սուրիահայութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

Հայ Օգնութեան Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւն-YOARF, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

Հ.Մ.Ը.Մ., Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.

 

11 Դեկտեմբեր, 2024

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button