Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տուաւ հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումին, առանց յարանուանական խտրութեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Սրբազան հայրը բաշխումին ներկայ գտնուելով աղօթեց՝ թելադրելով, որ չվախնան, խուճապի չմատնուին, այլ աղօթեն եւ ապագայի նկատմամբ բարձր տրամադրութեամբ դրսեւորեն իրենց ընթացքը։ Այս ուղղութեամբ սրբազան հայրը վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցեց ժողովուրդին` յիշեցնելով, որ վեհափառ հայրապետը միշտ իրենց կողքին է եւ ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պիտի դնէ օգտակար դառնալու հալէպահայութեան:
Սրբազան հայրը խրախուսիչ խօսքերով յաւելեալ տոկունութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի անոնք զօրաւոր կամքով դիմագրաւեն դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գալով շարունակեն երթը` համագործակցութեան ոգիով զիրար քաջալերելով, ժխտական տրամադրութիւնը մէկ կողմ դնելով եւ միշտ դրական ըլլալով: