Լրահոս

Քեսապի Ներկայ Իրավիճակը

Վարչակարգի տապալումէն ետք, Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է անորոշութեան մթնոլորտը: Գիւղական գործի եղանակ չըլլալով եւ ձմեռ ըլլալով` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ տան մէջ: Դպրոցները կը մնան փակ: Դէպի Լաթաքիա եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը թոյլ է:

Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ապրուստի հոգ ունին այս կամ այն չափով: Այս տարուան պտղաբերքը գոհացուցիչ չէր, այդ պատճառով ալ շատ ընտանիքներ արդէն քիչ եկամուտ ունեցած էին: Մագլցողական սղաճը վիճակը աւելիով վատթարացուցած էր, իսկ վերջին իրադարձութիւններուն բերումով մարդիկ սկսած են ա՛լ աւելի խնայողութիւն ընել` գալիք օրերու հաշիւը ընելով: Մարդիկ գրեթէ առանց բացառութեան ձմեռնային որոշ պաշար ունին` իրենց սեփական պարտէզներու բերքէն պատրաստուած: Խանութներու մէջ ապրանք կայ, սակայն ոչ նախկին առատութեամբ: Երկու անգամ ժողովուրդին հաց բաշխուեցաւ երկրի ներկայ կառավարիչներուն կողմէ:

Միութենական կեանքը սառած վիճակ կը պարզէ: Կան Հալէպէն Քեսապ կայք հաստատած ընտանիքներ: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին քով արձանագրուած են ինը ընտանիքներ: Չարձանագրուողներ ալ կան: Բոլորն ալ հոս ունին սեփական տուն կամ իջեւանած են հարազատներու մօտ. անոնք մտադիր են առաջին առիթով վերադառնալ Հալէպ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button