Ներկայիս մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ պարէտային ժամ ճշդուած է երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00։
«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ ընտանիքներու վիճակով, զօրակցութիւն յայտնեց անոնց՝ թելադրելով որ մնան իրենց բնակարանները եւ խուճապի չմատնուին։
Անմիջապէս կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմողներուն անուններն ու հեռաձայնի թիւերը հրապարակուեցան յայտարարութեամբ մը։ Յանձնախումբի անդամներու պարտականութիւնները բաժնուեցան շրջաններուն համեմատ, որպէսզի անոնք կարելի եղած չափով օգտակար հանդիսանան բոլոր հայ ընտանիքներուն՝ որեւէ դժուարութեան պարագային։
Յանձնախումբը օգտակար դարձած է Հալէպէն ժամանած շուրջ 14 ընտանիքներու՝ անոնց կեցութեան վայր եւ բնակարաններ ապահովելով, նաեւ օգտակար դարձած է անոնց, որոնք ուզած են ՀՀ Դեսպանութեան հետ կապուիլ կարճ ժամկէտի մէջ Հայաստան մուտքի արտօնութիւն ստանալու։
Ակումբի դռները ամէնօրեայ դրութեամբ բաց կը պահուին՝ ծառայութիւններ մատուցելու համար ժողովուրդին։
Երէկ, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ Գերպ. Տէր Գէորգ Ծյրգ.Վրդ. Պահէեանի հրաւէրով կայացած հանդիպումին, ուր ներկայ եղաւ Փոխանցման Ազգային Խորհուրդի մէկ պատասխանատուն, որուն բացատրուեցաւ քրիստոնեայ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասին եւ պահանջուեցաւ իրմէ կարգադրութեամբ մը հսկել շրջանի ապահովութեան, ինչպէա նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններու անդամներուն ու թաղի տղոց հսկողութեան աշխատանքին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը յայտնուեցաւ։
Պատասխանատուն խոստացաւ, որ շուտով տհաճ երեւոյթները կը զսպուին եւ երկրորդ հանդիպումին կարելի է այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել յիշեալ հարցերը լուծելու առնչութեամբ։
Հայ համայնքի զաւակները, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, իրենց կառուցողական աշխատանքներով պիտի շարունակեն նպաստել Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումին եւ բարգաւաճման՝ յանուն յուսատու ապագայի։