«Ես Կ՛աշխատիմ Անմեղ Հոգիներու Հետ»

0 0
Read Time:5 Minute, 33 Second

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի, Ղազախստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն: «Եթէ նորէն աշխարհ գամ, դարձեալ կ՛ուզեմ մանկավարժ ըլլալ», ըսաւ Անահիտ մեղմ ժպիտով մը:

Անահիտ ներկայիս կ՛ապրի Ալմաթի եւ կիրակի օրերը հայ մանուկներուն ու պատանիներու կը սորվեցնէ հայերէն` այս գործը նկատելով առաքելութիւն եւ կամաւորաբար կատարելով զայն: Ամէն կիրակի հայ պատանիներ կը հաւաքուին հայկական կեդրոնին մէջ եւ հայերէն կը սորվին: «Ես կ՛աշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ», ըսաւ Անահիտ:

Ալմաթի, Ղազախստան, նոյեմբեր 2024:

Ղազախստան Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մին է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան համակարգին: Ղազախստան, ինչպէս` մնացեալ խորհրդային համակարգի երկիրները, ստացաւ իր անկախութիւնը 1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Ղազախստան լեռնային երկիր մըն է, եւ Ալմաթին շրջապատուած է գեղեցիկ լեռներով, որ քաղաքին ու երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն: Ռուսերէնը խօսակցական լեզուն է, բայց ժողովուրդը ունի նաեւ իր մայրենին` ղազախերէնը: Երկիրը օժտուած է բնական հարստութեամբ, ինչպէս` քարիւղ, ինչ որ կ՛արժեւորէ զայն իր աշխարհաքաղաքական դիրքին մէջ:

Թէեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Ղազախստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ:

Ղազախստանի մէջ այսօր կ՛ապրին մօտաւորապէս 10 հազար հայեր: Մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ կան մօտաւորապէս 5000 հայեր: Գաղութը ունի հայկական մշակութային կեդրոն մը, որուն յարակից կայ փոքր եկեղեցի-մատուռ մը: Մշակութային կեդրոնը կը գործածուի գաղութի գործունէութիւններու համար: Հայ գաղութի անդամներուն կարեւոր տոկոսը Ղազախստան հաստատուած են Խորհրդային Միութեան օրերուն: Փոքր թիւ մըն ալ Ղազախստան եկած է Հայաստանի անկախութենէն ետք:

«Գաղութը հայախօս չէ, մանաւանդ` նոր սերունդը, որ հայերէն չի խօսիր», Տաթեւիկ Մըխըեանն է խօսողը: – Բայց ազգային ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է անոնց մէջ»: Տաթեւիկը ծնած է Երեւան, արդէն 25 տարի է Ալմաթի կ՛ապրի: Ան ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչն է Ղազախստանի մէջ: Տաթեւիկը պարուսոյց է եւ հայ պատանի-երիտասարդներու կը սորվեցնէ հայկական պար: Պարի բոլոր փորձերը եւ վարժութիւնները տեղի կ՛ունենան հայ մշակութային կեդրոնին մէջ: Տաթեւիկի հայրը` Աւետիս Մըխըեան, եղած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլի պարողներէն: «Ամէն տարի ելոյթներ կ՛ունենանք եւ Ղազախստանի ժողովուրդին կ՛ուզենք ներկայացնել ու ծանօթացնել հայ մշակոյթը», ըսաւ Տաթեւիկ:

Տաթեւիկ չի յոգնիր հայ անմեղ հոգիներուն մէջ հայուն մշակութային արժէքները վառ պահելէ:

Հայկական փոքր եկեղեցի-մատուռը նոյնպէս վկայութիւնն է այս քաղաքին մէջ հայուն ներկայութեան: Եկեղեցին չունի կղերական, բայց Լեւոն Պետրոսեանը ստանձնած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Լեւոնը ծնած է Աբովեան քաղաքի մէջ եւ 22 տարիներէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի: «Չորս տարի առաջ սկսանք աղօթք-հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարել ամէն կիրակի առաւօտ», ըսաւ Լեւոն:

Հայկական եկեղեցին հիմնուած է 2003 թուականին, բայց չէ կրցած մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ունենալ: «2020-էն սկսեալ ամէն կիրակի աղօթք կը կատարենք եկեղեցւոյ մէջ,- յայտնեց Լեւոն: – Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք Քրիստոսի հիմքը, մենք` իբրեւ ազգ, կը գոյատեւենք` անկախ մեր դիմագրաւած բոլոր փոթորիկներէն»: Անոր համար քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն է, բայց նոյնքան ալ ամուր վահան` տոկալու եւ հաստատ պահելու հայուն կեանքը:

Բայց հայը իր սրտին մէջ նաեւ նոյնքան սեղմած է հայրենիքի կարօտը:

Գուրգէնը եկած է Իջեւանէն եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ալմաթի կ՛ապրի: «Երբ Ալմաթիի լեռներուն կը նայիմ, Արարատն է, որ կը տեսնեմ», ըսաւ Գուրգէն:

Գուրգէնին կարօտը իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն կարօտն է, չէ՞…

Այս կարօտը նաեւ կ՛ապրի Սեւակ Պալապէքեանը: «Շատ ուրախ եմ, որ հայ եմ եւ կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ Սեւակ:

Սեւակը 36 տարեկան երիտասարդ հայն է, որ ծնած է Հայաստան: 2010-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Ղազախստան: Յաջող գործարար է, որ կը զբաղի ճաշարաններ հիմնելու ասպարէզով: Սեւակը Երեւանը ձգած է պատանի տարիքին: «Ես սփիւռքի մէջ սորվեցայ եւ գտայ հայկական արժէքները», վկայեց Սեւակ:

Սեւակ երեք տարի առաջ այցելած է Երուսաղէմ` Հայկական թաղամաս, հայոց պատրիարքարան, եկեղեցի եւ թանգարան: «Երուսաղէմի մէջ է, որ անդրադարձայ, թէ որքա՛ն արժէքներ ունինք որպէս հայ,- շարունակեց Սեւակ,- մեծ հարստութիւն ունինք որպէս հայ ժողովուրդ, եւ ես չէի գիտեր»:

Մշակութային արժէքներու հետ Սեւակ մտած է նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր աշխարհին մէջ: «Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չէ: Եթէ այսօր կանգ` որպէս հայ ժողովուրդ, այդ ալ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին է»:

Սեւակ իր այդ «դիւրին բան չըլլալ»-ու իրականութեան լաւապէս կը գիտակցի եւ ամուր կերպով կառչած է անոր: Ան ամէն կիրակի Ալմաթիի մէջ ներկայ կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան: « Աստուած լաւ ու բարի ստեղծեց աշխարհը, մարդուն կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կ՛ուզէ ապրիլ», նշեց ան:

Դարձեալ Տաթեւիկը. «Մեր նոր սերունդին նաեւ կը սորվեցնենք հայուն պատմութիւնը: Շատ բան չենք կրնար ընել ապրիլ 24-ի յիշատակումներուն մասին, քանի այս երկիրը զգայուն է այս հարցով: Բայց կը հաւաքուինք որպէս հայեր եւ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն»:

Ղազախստան մահմետական երկիր է, ուստի պէտք է ըլլալ զգօն եւ զգուշ: Սփիւռքահայ իրականութիւնները աշխարհի մէջ կը տարբերին մէկը միւսէն, իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական ու ընկերային տարբերակներու մէջէն:

Սեւակը նոյնքան ունի ազգային ու հայաստանեան մտահոգութիւններ: «Ճիշդ չէ, որ ապրինք այսօրուան համար միայն, բայց պէտք է զարգացնենք հայուն միտքը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛ւր կեցած է, եւ ո՛ւր կ՛ուզէ երթալ», դիտել տուաւ ան:

Սեւակ նոյնպէս կը տեսնէ սփիւռքի կարողականութիւնը, երբ հայը կ՛ապրի ուրիշին հետ, իմա` ոչ հայուն հետ: «Հայաստանի մէջ այս փորձառութիւնը չունինք», ըսաւ Սեւակ: «Հոս` սփիւռքի մէջ, հայը կ՛ապրի ուրիշին հետ եւ կը տեսնէ ու կը սորվի ուրիշէն: Այս մեծ գիտելիք ու փորձառութիւն է», եզրափակեց ան:

Ճիշդ է Սեւակը: Սփիւռքը ուժ է եւ այս` ոչ միայն տնտեսական, այլ` մարդուժի եւ փորձառութեան իմաստով: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան եւ ամբարած է իր մէջ նոյն այդ ուժը: Սեւակ նոյնքան կ՛ապրի Հայաստանով: «Հայաստանի հետ կապերս շատ լաւ են եւ յաճախ կ՛այցելեմ»:

Շարունակեցի դիտել Անահիտ Սուլթանեանը, որ համբերութեամբ հայերէն կը սորվեցնէ: Ռուսերէն տառերով կը փորձէ հայերէն այբուբենը ընտելացնել անմեղ հայու հոգիներուն մէջ: Որքան սէր եւ նուիրուածութիւն կայ Անահիտին մէջ: Անահիտ ուրախ է, որ հայերէն կը սորվեցնէ: Այս ուրախութիւնը Անահիտ ունի, որովհետեւ, իր իսկ բառերով, «Հայութիւնը իմ կեանքն է: Ես իմ հողին ծառն եմ: Իմ հողիս վրայ կը զգամ ապահով»:

Անահիտին ամուսինին ընտանիքը եղած է Վանէն: Ամուսինին ընտանեկան պարագաները Ցեղասպանութեան օրերուն ողջ-ողջ հրկիզուած են: «Ամուսինս երկար ժամանակ չէր կրնար խորովածի հոտ առնել», ըսաւ ան:

Երբ Անահիտին պատմութիւնը կը լսես, կը հասկնաս` ուրկէ՛ կու գայ այդ սէրն ու նուիրուածութիւնը, զորս ան կը տածէ հայ մանուկ-պատանիին  նկատմամբ` անոնց հայերէն սորվեցնելով: Ասիկա հայուն ինքնութիւնն է, որ Անահիտին կեանքն է, եւ որ կ՛ուզէ ապրիլ եւ ապրեցնել: Նոյնքան նաեւ Տաթեւիկը, որ հայկական պարերուն մէջէն իւրաքանչիւր հայ պատանիի անմեղ հոգիին մէջ կ՛ուզէ դարբնել հայութիւնը: Ալմաթի ապրող Տաթեւիկը կ՛ըսէ. «Հայ կը զգամ եւ շատ: Մենք հայ ենք եւ մենք տուն ունինք»: Եւ այդ տունը հայուն մշակոյթն է, որ Տաթեւիկ կը սորվեցնէ:

Հայ անմեղ հոգիները: Ալմաթի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Աստուծոյ ստեղծած այս հոգիները, որոնք բարի ու անմեղ են: Բայց մենք պիտի աշխատինք` Ալմաթի թէ ամէն տեղ, որ հայուն այս անմեղ հոգիները անմեղ մեծնան ու աճին:

Այս անմեղ հոգիներն են, որ կ՛ապրին, կ՛ապրեցնեն ու կը շինեն:

Կը կառուցեն հայը, հայուն երկիրն ու պատմութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles