Սերժ Տ. Պուչաքճեան Կը Նշանակուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նորընտիր Գործադիր Տնօրէն

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

ՓԱՐԱՄԸՍ (Նիւ Ճըրզի)․-  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նորընտիր գործադիր տնօրէն նշանակուած է Սերժ Պուչաքճեանը, որ պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը Փետրուար 1, 2025-ին։

Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան՝ ուր ան իր վաղ ձեւաւորման տարիներուն յաճախած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Գոլէճը նախ քան իր Առեւտրական Կառավարման B.A. վկայականը ստանալը Հայկազեան Համալսարանէն։ 1975-ի վերջերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ստիպած է զինք գաղթել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ իր ուսումը շարունակել Պոսթընի Northeastern Համալսարանին մէջ, ստանալով Առեւտրական Կառավարման Մագիստրոս (M.A.) վկայականը՝ 1978-ին։ Ան նաեւ ամբողջացուցած է կառավարման ծրագրեր Harvard, Oxford եւ Northwestern համալսարաններուն մէջ։

Սերժ Պուչաքճեան Աւետարանչական Ընկերակցութեան կը բերէ աւելի քան 35 տարիներու փորձառութիւն միջազգային օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներէն։ Աւելի վաղ ան ղեկավար պաշտօններ ունեցած է՝ որոնց շարքին են՝ L3 Technologies-ի միջազգային լուծումներու առեւտրական բաժինի փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ինչպէս նաեւ Oshkosh Defense-ի միջազգային ծրագիրներու աւագ փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ուր ան նաեւ  եղած է Ընկերութեան կառավարման պաշտօնայ։ Անոր նախկին պաշտօնավարումները կը ներառեն գործադիր պաշտօններ Honeywell International Inc.-ի մէջ (նախապէս AlliedSignal), ուր ան չորս տարի անցուցած Լոնտոն՝ Անգլիա, վերահսկելով գործունէութեան ամբողջ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, եւ ծառայած է անոնց տնօրէններու խորհուրդին ։ Ան նաեւ վարած է համաշխարհային առաջնորդի դերեր Smiths Industries Aerospace-ի մէջ (այժմ՝ GE) եւ Lear Siegler Inc.-ի մէջ տարբեր պատասխանատուութիւններով, որոնք կ’ընդգրկեն ամբողջ աշխարհը:

Իր վարած պաշտօններէն անդին Պուչաքճեան մեծ ներդրում ունեցած է բազմաթիւ Հասարակական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Ազգային Պաշտպանական Արդիւնաբերական Ընկերակցութիւնը (NDIA), Ա․Մ․Ն․-ի բանակի ընկերակցութիւնը (AUSA) եւ օդատիերիզական արդիւնաբերութեան Ընկերակցութիւնը (AIA): Ան նաեւ ծառայած է Ա․Մ․Ն․-Հնդկաստան Առեւտրական Խորհուրդին (USIBC)՝ ուր ան նախագահն էր Ա․Մ․Ն․-Հնդկաստան Առեւտրական Յանձնաժողովին, Ա․Մ․Ն․ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գործարար խորհուրդին եւ միջազգային փոխըմբռնման Առեւտրական Խորհուրդին:

Հայ համայնքի նուիրեալ անդամ՝ Ան ծառայած է շարք մը Հայկական կազմակերպութիւններու մէջ՝ ինչպէս Հայ Ընկերակիցներու Միութեան (ASOF), Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Վարչական Խորհուրդի, Աւետարանչական Ընկերակցութեան Եւրոպայի Յանձնաժողովի եւ Փարամըսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Վարչական Խորհուրդի անդամ, եւ ներկայիս որպէս Երէց։

Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած, Պուչաքճեան բնակած է Ա․Մ․Ն․-ի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ։ Անոր գործի կեդրոնը պիտի ըլլայ Աւետարանչականի Կեդրոնատեղին՝ Փարամըսի (Նիւ Ճըրզի) մէջ։ Ան ամուսնացած է Անիթայի (Փիլիպոսեան) հետ եւ ունի դուստր մը՝ Նինա եւ մանչ մը՝ Մարք։

«Պր. Պուչաքճեանի հետ իմ ծանօթութիւնը կը սկսի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի մեր օրերէն։ Ինչպէս մեզմէ շատերու, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք արմատախիլ ըրաւ, եւ ան յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափը, ուր ան ամբողջացուց իր ուսումը ստանալով M.B.A. վկայականը։ Պր. Պուչաքճեան կը միանայ Ընկերակցութեան կառավարման աշխարհի մեծ փորձառութեամբ, ուր ան կատարելագործած է իր հմտութիւնները որպէս արդիւնաւետ առաջնորդ եւ ընդունակ նորարար եւ վարիչ։ Ան շատ գործունեայ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ համեստ եւ ուշադիր անձնաւորութիւն մըն է։ Պր. Պուչաքճեան ամուր հաւատքի տէր եւ հայրենասէր անձ է, որոնք զինք ամուր կապերով կը կապեն իր պապենական հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ։ Ես խորապէս կը հաւատամ, որ Պր. Պուչաքճեան հնարաւորութիւն պիտի տայ Աւետարանչականին՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ բարձրացնելու Ընկերակցութիւնը նորանոր բարձունքներու վրայ», ըսաւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խուրհուրդի ներկայ Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան։

Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի նորընտիր Նախագահ՝ Կէրի Ռ. Ֆիլլիփս աւելցուց.- «Սերժի մեծ փորձառութիւնը միջազգային ղեկավարութեան մէջ եւ անոր խոր նուիրուածութիւնը Ընկերակցութեան արժեքներուն եւ առաքելութեան, իրեն կու տան եզակի որակաւորում Ընկերակցութիւնը առաջ տանելու դէպի ազդեցիկ ծառայութեան նոր շրջան մը»։

—————————

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 23 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի  կայքէջը www.amaa.org.

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles