Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը Կազմակերպեց Տնօրէններու Բ․ Միօրեայ Սեմինարը
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած տնօրէններու երկրորդ միօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7-ին, կէսօրէ ետք, տնօրէններու եւ հայերէնի ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկին Հուրի Պոյամեանի, վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկին Հերա Մախուլեանի եւ այլ անդամներու ներկայութեամբ։
Սեմինարը բաղկացած էր երկու մասերէ։ Առաջին բաժինը կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւն մը՝ «Հայերէնը 21-րդ դարուն» նիւթով, որուն դասախօսն էր դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» ամպիոնի վարիչ եւ աւագ դասախօս է UCLA-ի Մերձարեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն ներս։ Դոկտ. Կիւլլիւճեան շեշտեց կարեւորութիւնը հայերէնը սիրցընելու, խելացի եւ կարեւոր նիւթերու մասին սորվեցնելու, ինչպէս նաեւ ընթերցանութեան սէրը արթնցնելու։ Սեմինարի երկրորդ բաժինը տնօրէններու միջեւ խորհրդակցութիւն մըն էր դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու եւ հայերէնի դասաւանդութեան առնչուող հարցերու մասին։ Սեմինարը յաջող ընթացաւ եւ արդիւնաւէտ նկատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։