Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեցին հերթական ժողով մը։
Անուշաւան ու Բաբգէն արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու եկեղեցական, կրօնական, երեք թեմերը յուզող հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներու մասին:
Բացման աղօթքէն եւ 11 Սեպտեմբեր 2001-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած «Հոգւոց»էն ետք, Սրբազան հայրերը հեռաձայնային կապ հաստատեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառ Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Սրբազան Հայրերու ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը ի տես Սուրբ Աթոռին եւ Թեմերու համագործակցութեան։ Իր կարգին ան յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր թեմի մէջ ծուխերու հզօրացումն ու առաւելագոյն չափով մարդուժի ներգրաւումը պէտք է սեւեռակէտ ըլլան հաւաքական աշխատանքներուն։ Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց ժողովական հայրերուն։
Առ այդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը խորհրդակցաբար որոշեցին.
ա․ Մարդուժի ցանկագրման եւ կազմակերպման աշխատանքային ծրագիրը առաւել եւս աշխուժացնել։
բ․ Վերատեսութեան ենթարկել հոգեւորականաց Ուղեցոյցը, որ կ՚ընդգրկէ ծիսական, խորհրդակատարական, կարգապահական եւ յարաբերական կեանքի բազմազան երեսներ։
գ․ Թեմերու դաստիարակչական ու հրատարակչական ծրագիրներու փոխանակում եւ օգտագործում։
դ․ Ֆրանսահայ մասնագէտի մը առաջադրած «Միասին» յարաբերական եւ ընկերային հարթակի որդեգրման եւ տարածման քաջալեր հանդիսանալ, կատարելով ներդրումներ ծրագրին յաջողութեան համար։
ե․ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ յատուկ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպել։
զ․ 2025 թուականին յատուկ հանդիսութիւններով տօնախմբել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան երեսնամեակը։
է․ Շարունակել լիբանանահայ եւ սուրիահայ վարժարաններու զօրակցութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, ժողովէն բխած այս որոշումները ըստ կարելւոյն կեանքի կոչելով, կը յուսան Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորել հայ կեանքին մէջ ի փառս Աստուծոյ։
Երեք Առաջնորդները որոշեցին յառաջիկային հերթական ժողովները շարունակել։
Ժողովէն անմիջապէս ետք, Թեմակալ Առաջնորդները մասնակցեցան Նիւ Եորքի Յոյն Ուղղափառ Սուրբ Նիկողոս եկեղեցւոյ մէջ 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքին զոհ գացած անմեղներու յիշատակին նուիրուած արարողութեան։
Ներկայ էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ, զինուորականներ, ընտանիքի անդամներ։ Սրբազան Հայրերը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին, որ կազմակերպած էր յիշատակի արարողութիւնը։
Այս առթիւ, Գերաշնորհ Տ․ Գեղամ Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբազնութեան նուիրեց Յունաստանի Սուրբ Սինոտի պաշտօնական հրամանագրով Արամ Ա․ Կաթողիկոսի “The Armenian Church” հատորի յունարէն թարգմանութեան նորատիպ օրինակը։ Տեղին է յիշել, որ Սուրբ Սինոտին այս որոշումը աննախընթաց է, ինչ որ ցոյց կու տայ Նորին Սրբութեան հանդէպ իրենց տածած բացառիկ վերաբերմունքը միջ եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս անոր տարած անխոնջ աշխատանքներուն նկատմամբ։
ԴԻՒԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ