Ներկայէն Բացակայ Չեմ

0 0
Read Time:4 Minute, 24 Second

                                                                                  

Գէորգ Պետիկեան

Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն, զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած՝ սենեակէս ներս։ Այս, ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի։ Սենեակս՝ այդ չորս պատերով, երկու պատուհաններով եւ երկար-նիհար գրադարանով զարդարուած, նոյնիսկ դրացի իսկ չունի: Շատ կը սիրեմ հոն առնձնանալ: Հաստատապէս կը սիրեմ առանձնութիւնս, որովհետեւ ինքն է, որ կ՚առաջնորդէ մտածումներս, որոնք միակ մտերիմներս են: Անոնցմով է, որ կ՚ապրին յուշերս, որոնք ինծի համար տակաւին պահած են իրենց գեղեցկութիւնն ու հրապոյրը։

Չեմ փորձեր այս տողերովս աշխարհը համոզել: Պարզապէս կ’ուզեմ յայտնել, թէ կարճ եւ երկար օրերու շարանով, փորձեցի հեռանալ շրջապատէս եւ նոյնիսկ յաճախ ալ՝ ես ինձմէ: Անծրագիր ժամերու շարան մը, առաւել անկանոն մտքերու հոսքով զիս, իր ուղին կորսնցուած ճամբորդի մը վերածած էր: Ապրումիս ջերմութիւնն իսկ կորսնցուցած էի: Որովհետեւ ես ինծի հետ հաշտ չէի: Աչքերուս մէջ կարելի էր կարդալ անմիջական գունաւոր եւ անգոյն մտահոգութիւններ, որոնք տակաւին մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացած էին:

Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, յանկարծ առաւօտ մը, ես ինծի անդրադարձայ, որ լուռ եմ: Անխօս եւ աշխարհէն կարծես կտրուած ու քաշուած կեանք մըն է որ կ՚ապրէի: Անաղմուկ եւ անտարբեր: Ա՛ռ քեզի նորութիւն:

Բոլորը տեղեակ էին, թէ ատենէ մը ի վեր, ոչ մէկ ձայն-ձիւն կը լսուէր ինձմէ: Բայց, ոչ ոք կը հետաքրքուէր: Որո՞ւ հոգը: Ամէն մարդ իր մտահոգութիւնն ու զբաղումը ունէր…: Ուրեմն, սխալ բան մը ըլլալու էր, կ՚ըսէի մտովի: Ինծի այսչա՜փ լռութիւն չէր վայելեր: Ամէն օր եւ ամէն վայրկեան այս աշխարհի վրայ, տեսակաւոր լուրեր մարդոց ականջները կը լեցնէին. իսկ ինձմէ՝ ոչ մէկ բառ եւ կամ բախտաւոր պարագային՝ ոչ մէկ կարծիք: Հիմա ալ, մեղքի մը զգացումը զգալով, ինքզինքս յանցաւոր կը գտնէի:

Երբեմն կը պատահի որ հսկայ գործարանի մը աղմկոտ մեքենաները յանկարծ կանգ առնեն, եւ այս ձեւով զայն լռութեան դատապարտելով, կը ծածկեն իրենց իսկ ստեղծած ժխորը: Անկեղծօրէն ճիշդ այդ օրերուն, բոլոր մտածումներս կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, կանգ առած էին: Ուղղակի սառած: Կատարեալ լռութիւն:

Ուստի, նախ փորձեցի ձեւով մը այս անկանոն իրավիճակէս դուրս գալ: Ամփոփուիլ: Լրջանալ եւ կեդրոնանալ… հանդարտ անկեղծութեամբ: Նաեւ արագօրէն փորձեցի եզրակացութեան մը յանգիլ, ինքզինքիս հետ հարցազրոյց մը ընելով, մտքիս մէջ նոր բոյն դրած բոլոր «ինչո՞ւ» ներուս պատասխան մը գտնելու համար:

Ու սկսայ ես ինծի հարց տալ: Անձիս հետ խօսած պահուս, զիս տեսնողները պիտի կարծէին, որ խելքս «թռցուցած էի»: Մէկ խօսքով՝ խենթացած: Պարզ խենթ մը՝ եթէ կ՚ուզէ՛ք: Պարզ, եւ նոյնքան՝ անվնաս, որուն նոյնիսկ ձայնը դուրս չէր գար: Իբրեւ հակադարձութիւն՝ կ՚արդարանայի, թէ ինծի նման հաւանաբար կային հազարաւոր մարդիկ, որոնք ճամբան քալած պահուն, կամ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, մինակնին կը խօսէին: Նոյնիսկ շատերու ծանօթ էի, որոնք իրենց առանձնութեան մէջ, անձայն, ձեռքով ու ոտքով, իրենք իրենց կը խօսէին: Է~հ, ասոնք բոլորն ալ խե՞նթ պէտք էր հաշուել: Մեղա՜յ: Չեմ կարծեր:

Մարդիկ, մտահոգ մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց առանձին գտնուած պահուն, այդ մինակութիւն ըսուած «երանելի» պահուան մէջ, վարժութիւն ըրած էին խօսելու, բայց…խենթեր չէին՝ այլ պարզ սովորութիւն…վերջապէս, կը համոզէի ես զիս,

Գիտեմ որ ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք բան մը պահելու համար: Ուստի փորձեցի միտքերս յիշողութեանս գետին վրայ նաւարկել: Չէի ուզեր զոհ  մը դառնալ մտայնութեան եւ անողոք իրականութեան: Կամաւոր մեկուսացումն մըն էր որ կ’ապրէի եւ ապրեցայ: Բայց որո՞ւ հոգը:

Ապա, ամչկոտ նայուածքով ես զիս դետեցի հայելիին մէջ: Իրապէս, կը փնտռէի վերադարձի բերող յուշ մը: Անոր համար փորձեցի, չափել մտահոգութիւններուս անգոյն եւ գունաւոր հետեւանքներն ու անցուդարձերը: Գիտէի որ լռութեան համար ականջներու կարիք չկար, այլ՝ միայն զգացող սիրտ: Կարօտի ծանրութեան տակ՝ սիրտ:

Կը զգայի, որ մէջս լարում մը կար, աճող ալիքի նման: Միշտ փորձած էի վերադառանալ էութեանս ու մնալ անոր հաւատարիմ, ուղեղիս իմաստ տուող բառերով: Չէի ուզեր շրջապատիս աղմուկին մէջ ծերանալ: Որովհետեւ կը հաւատայի, որ տակաւին արեւս չէի կորսնցուցած: Ջիղերու ներքին պայքարն էոր կը տկարացնէ սիրտս…ինքզինքս կը համոզէի:

Ու հիմա, այս բոլորէն ետք, չեմ գիտեր որքան ժամանակէ ի վեր աթոռիս վրայ գամուած մնացած, հանդարտ անկեղծութեամբ մը կ’ուզեմ այս մէկն ալ խոստովանիլոր շատերուն նմանես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ կապելսիսկապէս զիս դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ երբեմն ալ դէպի դժբախտութիւն տարած պիտ ըլլար: Աւելին՝ յաճախ կը զգամ արդէնոր տարիքիս հետմանուկի մը յափշտակութիւնը կայ աչքերուս մէջՏարեկիցներուս նման ես ալ ընտանիքէս ետք հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն էոր զիս կը բռնէ լալու աստիճան:

Ու ամէն լուսաբացին, երբ մտնեմ նոր օրուան մը կեանքին մէջկը զգամոր արդէն ինքնաբերաբար կամաց կամաց մտած եմ հին սերունդի սահմաններէն ներս:

Հաստատ գիտեմոր որոշ տարիքէ ետք դժուար է բռնել կեանքըՈւ երկարօրէն կը մտածեմ մերիններունհարազատներուս ապագայի մասին:

Իբրեւ հայեր, գիտեմ որ աշխարհի տարածքին, մեր կեանքը ամէն տեղ, եւ ներքնապէս կը հիւծեն մեր ազգին մարմինը: Անոր համար զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ’առաջնորդէ:

Ու երկար կը մտածես, թէ ինչպէ՞ս թափանցել կեանքի նման քաոսէն ներս, երբ խճողուած են ժամանակներն ու մարդիկ: Ինչպէ՞ս համակրանք ստեղծել: Ահա,

ինքնագիտակցութեան բերող յուշ: Ուստի կ’ուզեմ եւ միշտ կը փորձեմ գիտակցիլ եւ մնալ արթուն, որպէսզի հաւատքս թանգարանի բնակիչ չդառնայ:

Ու թէեւ ազատութիւնս աշխատութեանս սեղանին կապած էի, ու թէեւ մնացած էի մենակութեան խճողումին մէջ եւ լռութիւնը վերնագիրը դարձուցած տողերուս, սակայն ուրիշը այպանելու պէտք չունէի:

Երբեմն նոյնիսկ վախցայ էի մտածելէ: Հաստատօրէն կ’ուզէի ներշնչման նոր աղբիւրներ որոնել: Կեանքս վերաշինել: Կրկին հաւաքել մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացած գաղափարները: Որպէսզի կրկին ծոյլ աշակերտ մը չդառնայի: Այլ խօսքով՝ ներկայէն չէի ուզեր բացակայիլ:

Երանութեան փնտռտուք:

Արդեօ՞ք քաջութիւնը ունեցայ իմ մասին համարձակ արտայայտուելու:

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles