Պաքուի Անդրդուելի Եւ Կտրուկ «Ո՛չ»-ը

1 0
Read Time:3 Minute, 18 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Սպասելի է Պաքուի հետեւողական մերժումը՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան առնչութեամբ։
Այս կտրուկ «ո՛չ»-ը հետզհետէ աւելի ուժեղ հնչումով հրապարակ կը նետուի Ալիեւի վարչամեքենային բանբերներուն կողմէ, մանաւանդ որ դիմացը գոյութիւն չունի իմաստուն եւ գործօն քաղաքականութիւն, գործնական հայրենապաշտպանութիւն։
Ամէն քայլափոխի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլ պաշտօնական «բերաններ» թութակի նման կը կրկնեն աւրուած ձայնապնակ յիշեցնող պահանջները, թէ՝ այնքան ատեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած եւ Զանգեզուրի միջանցքը չէ բացուած, ո՛չ մէկ խաղաղութեան պայմանագիր ընդունելի կը նկատուի։ Իսկ Երեւանի վարիչները յիմար տգէտի յամառութեամբ կը հաւաստեն, որ համաձայնագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ… համաձայնեցուած է:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հաճիզատէ դարձեալ շեշտեց, թէ «Համաձայնագրի նախագիծը ստորագրելու համար, առաջին հերթին, Հայաստանը պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի։ Իսկ չնայած որ Հայաստան տեղեակ է իր գրաւոր եւ ստորագրուած պարտաւորութիւններուն՝ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կապող հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ, վերջին չորս տարիներուն որեւէ բան չէ կատարած»: Երեւանի վարիչները կը պնդեն թէ նման խոստում չեն տուած ու կը կարծեն, թէ հակադարձած կ’ըլլան, եթէ յայտարարեն, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելի կէտեր ունի: Նման խորութեամբ հակասութիւն աչքի առջեւ ունենալով, ի՜նչ խօսք՝ համաձայնագիրին 70-80 կամ այլ թիւերով համեմատութեամբ վերջնականացած ըլլալու մասին:
Յստակ է Սահմանադրութեան շուրջ ստեղծուած թնճուկը, որ կը սեղմուի Պաքուի աչքին պարզ ու մեկին նախադասութեան մը մէջ, այսինքն՝ «Հայաստանի եւ Արցախի միացում» ջնջումը, սակայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն համար, այս «Փանտորայի տուփ»-ը կարելի չէ շտապօրէն բանալ։ «Ազգընտիր» վարչապետը բազմիցս փորձեց այդ «տուփ»-ը բանալու նիւթը արծարծել, միշտ ալ բարեփոխութիւն ստեղծելու, ներկայ պայմաններուն նոր դրութիւններ կերտելու մտայղացումով։ Անոր վերջին դարձդարձիկ յայտարարութիւններէն մէկը այն էր, թէ Երեւան պատրաստ է ճանապարհ տրամադրել Ատրպէյճանին՝ Նախիջեւանի հետ կապի համար, առանց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը կասկածի տակ դնելու: Թէ ինչպէ՞ս ամբողջութիւնն ու սահմաններուն անխախտելիութիւնը կասկածի տակ չեն դրուիր, այդ ալ անկասկած շինծու եւ խաբեպատիր հաստատում մըն է, ինչպէս բոլոր սուտերն ու պատրանային հաւաստիքները: Սահմաններու պաշտպանութեան «գիւտերը» մտաբերելով, կրնանք հարց տալ. արդեօք հո՞ն ալ խիտ ծառուղիներով միջանցքի մը մասին է խօսքը, ինչպէս փորձեց իր նորագոյն նահանջները արդարացնել Կիրանցի սահմանամերձ դպրոցին բացման առթիւ։
Փաշինեան «երգչախումբ»-ին ղեկավարն է, սակայն միակ «մենակատարը» չէ, ունի բազմաթիւ ՔՊ-ական ձայնակիցներ: Օրինակի համար, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան վերջերս, ամենա՜յն «անկեղծութեամբ», ճակատաբաց, անձնական համոզումով եւ ամէն մարդ ու բան արհամարհողի իր իւրայատուկ ոճով յայտարարեց, թէ Արցախը Հայաստանին եւ հայութեան չի պատկանիր, այսպէսով յաւելեալ կարագ եւ քաղցրաւենի քսելով ազերիներու հացին։ ՔՊ-ականները շուտով պիտի «տօնեն» տարեդարձը այն փաստաթուղթին, որուն տակ իր ստորագրութիւնը դրած է իրենց պետը, երբ «աննախադէպ նուաճում» մը արձանագրեց՝ Արցախը ճանչնալով իբրեւ Ատրպէյճանի մէկ մասը:
Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ, իբրեւ «երգչախումբ»-ին երրորդ «մենակատար»-ը՝ իր հպանցիկ եւ խուսափողական կեցուածքով, կը շարունակէ հետեւողկանօրէն եւ բծախնդրութեամբ (չ)պատասխանել կամ (չ)անդրադառնալ Պաքուի արձակած մեղադրանքներուն։ Իսկ երբ կը պատասխանէ, «խաղաղասէր»-ի ձեւականութենէ անդին չ’անցնիր, Պաքուի հասցէին մեղադրանքներ չեն հնչեր…
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը, թէ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին «ամբողջութեամբ համաձայնեցուած» բանաձեւը կարելի է շուտով ստորագրել: Յայտարարութիւնը կը շեշտէ. «Դրանք կա՛մ յօդուածներ են, որոնք նախկինում ամբողջապէս են համաձայնեցուել, կա՛մ այլ յօդուածների համաձայնեցուած մասեր», աւելցնելով եւ եզրակացնելով, թէ փաստացիօրէն, ամբողջ բովանդակութիւնը ծայրէ ծայր համաձայնեցուած է։ Պէտք ունի՞նք կրկնելու, թէ այս մարդիկը ո՛չ միայն իրենք զիրեն կը խաբեն, այլ մեր ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իսկ եթէ «համաձայնագիրը պատրաստ է» ըսելով՝ կը հասկցնեն, թէ Ատրպէյճանի վերոյիշեալ պահանջներուն բաւարարութիւն պիտի տան, ատիկա արդէն մեր ազգային ողբերգութեան մէկ նոր էջը պիտի ըլլայ…
Նոյիսկ Իրանը յայտնապէս ՔՊ-ականն «գիտուններէն» աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ անոնց ըսածը՝ տարածքի ամբողջականութեան պահպանում չէ։
Ամերիկացի հռչակաւոր գրագէտ Մարք Թուէյն (1835-1910) ըսած է․- «Հայրենասիրութիւնը՝ շարունակաբար երկրիդ սատար կանգնիլն է, իսկ կառավարութեանդ՝ երբ արժանի է»(Patriotism is supporting your country all the time, and your government when it deserves it)։
Երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր այս իմաստուն խօսքերը։ Հոս յստակօրէն կ’երեւի, թէ երկիր-պետութիւն եւ կառավարութիւն նոյն բաները չեն, ինչպէս կը փորձեն քարոզել ՔՊ-ականներն ու իրենց կոյր սիրահարները, ըսենք նաեւ՝ շահակիցները: Հետեւաբար, այս ՔՊ-ական խմբակը որքա՛ն շուտ հեռանայ, այդքան աւելի հնարաւոր կ՛ըլլայ փրկել ՄՆԱՑՈՐԴԱՑը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles