Մեծ Բժշկապետ, Հայ Մշակոյթի Հաւատաւոր Ծառան Եւ Ազգային Գործիչ՝ Վազգէն Տէր Գալուստեանի Յուշերով

0 0
Read Time:5 Minute, 58 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 11 Սեպտեմբեր 2024

2024-ի Օգոստոսին հրատարակուեցաւ « Բժիշկին Է. Խօսքը» գիրքս եւ անոր լոյս աշխարհ գալը հայ մամուլին մէջ յիշատակուեցաւ նոյն ամսուն մէջ:
«Բժիշկին Է. Խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու եւ գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Այս երախտաւորներու հետաքրքրական կենսագրութիւններուն մէջ տեղ գտած էր նաեւ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի գրութիւնս: Գրած էի իր մասին 10 Նոյեմբեր 2023-ին երբ արդէն ան կը ծառայէր անկողնի եւ կը տառապէր տարեցութեան ախտանշաններէն եւ վատթարացած առողջութենէն:
Գրած էի Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մասին կենսագրական հետեւեալ ամփոփ գրութիւնը.-
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան

Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1937-ին, Մուսա Լեռ: Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեանի:
Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն:
1956-1959 յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ ստացած է B.A. վկայականը:
1959-1963 բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցը եւ ստացած է բժշկական վկայական:
1963-1966 նոյն հաստատութեան մէջ մասնագիտացած է մանկաբուժութեան մարզին մէջ:
1966-1968 ուսանած է ԱՄՆ Պալթիմորի  «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանին մէջ եւ ստացած է կենսաբանութեան վկայականը:

Բժիշկներ՝ Վազգէն տէր գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան իրենց մտերմիկ առանցնութեան մէջ, 2011

Պոսթընի «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ խորացուցած է իր մասնագիտութիւնը մանկաբուժութեան մէջ, եւ մասնագիտացած է ծինաբանութեան (Genetics) եւ ժառանգական հիւանդութիւններու մարզին մէջ:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ամուսնացած է 21 Յունիս 1970-ին, Լենա Սէթեանին հետ: Անոնք բախտաւորւած են երկու դուստրերով՝ Սարին-Վանիա եւ Տարիա:
1968-էն 1986 պաշտօնավարած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, իբրեւ մասնագէտ մանկաբուժ եւ ծինաբան:
1981-ին, իր ջանքերով Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ հիմնուած է մարդկային ծինաբանութեան բաժանմունքը, որուն տնօրէնը եղած է մինչեւ 1986:
Ապա իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնրէալ: Իբրեւ փրոֆէսոր դասաւան-դած է «ՄըքԿիլ» համալսարանին մէջ. մանուկներու բաժնի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը եղած է:
Գրած է երեք մասնագիտական հատորներ, որոնք հրատարակուած են Oxford, Churchill-Livingstone եւ Springer Verlag հրատարակչատուներուն կողմէ. “Genetic Diseases of the Skin” (1979), “The Kidney in Genetic Disease” (1986), “Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat” (1991):
Ան գրած է նաեւ 16 գլուխներ գիտական գիրքերու մէջ եւ 158 ուսումնասիրական յօդուածներ զանազան միջազգային բժշկական մասնագիտական թերթերու մէջ:

Բժիշկներ՝ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան 2008-ին միասնաբար կ’արժանանան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին ձեռամբ՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի:

Հրաւիրուած է տասնեակ մը միջազգային բժշկական համագումարներու, իր մասնակցութիւնը բերած է մասնագիտական դասախօսութիւններով:
Զանազան երկիրներու առողջապահական մարմիններու հրաւէրներուն դրական պատասխանած է եւ իր մասնագիտական խորհուրդները փոխանցած է բոլորին:
Իր մասնակցութիւնը բերած է, իբրեւ մասնագէտ մանկաբուժ եւ ծինաբան՝ Մ.Ա.Կ.-ի առողջապահական-բժշկական յանձնախումբերու ծրագիրներուն եւ համագումար-ներուն եւ տուած է դասախօսութիւններ:
«ՄըքԿիլ» hամալսարանի «պատուակալ դասախօս» տիտղոսին արժանացած է:
Անդամակցած է բժշկական համաշխարհային զանազան կազմակերպութիւններու եւ արժանացած է շարք մը շքանշաններու, որոնցմէ յիշատակելի են՝
1. Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Շրջանաւարտից միութեան «Ոսկեայ Մետալ», 2007-ին:
2. «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշան, 2008-ին: Անոր պարգեւատրման օրը պարգաւատրուեցաւ նաեւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:

3. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան» շքանշան, 2010-ին:
4. Albert Nelson Marquis Lifetime Achievement Award 2018:
Ազգային կեանքի մէջ, այլ պատասխանատուութիւններու կարգին, եղած է անդամ եւ ատենապետ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան, անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ ատենապետ՝ երեք Ազգային Ընդհանուր ժողովներու:
Անձնապէս ճանչցած ենք բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը մեր ուսանողութեան տարիներուն, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Եղած ենք գործակիցներ, մտերիմ ընկերներ: Գործած ենք միասնաբար «Համազգային»-ի, Լիբանանի Հայոց թեմի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զանազան մարմիններու մէջ:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան սիրայօժար կատարեց մեր «Բժիշկին Խօսքը» շարքին առաջին չորս հատորներուն լեզուական եւ գիտական-բժշկական սրբագ-րութիւնները ու բերաւ իր օժանդակութիւնը անոնց խմբագրական աշխատանքին: Ան գրեց նաեւ «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորին յառաջաբանը:

Բժիշկներ՝ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան հերթաբար կը վարեն Ազգային Ընդհանուր ժողովը, 2016-ին

1971-ին, բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան իբրեւ ծինաբան իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր «Congenital corneal dystrophy with familial progressive sensorineural deafness» ուսումնասիրութեան, որ օրին հրատարակուեցաւ ամերիկեան բժշկական հանրա-ծանօթ պարբերականի մը մէջ: Եղջերիկի ընդոծին թերաճութեան եւ լսողական յառաջընթաց խլութեան միատեղ գոյութիւնը երեք անձերու մօտ մէկ ընտանիքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային բժշկական գրականութեան մէջ յիշա-տակուեցաւ մեր կողմէ: Հետագային, այս երկու հիւանդագին երեւոյթներու միատեղ գոյութիւնը իբրեւ նոր համախտանիշ «syndrome» անուանուեցաւ բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ «Harboyan Syndrome » հայերէնով՝ «Հարպոյեան Համախտանիշ» անունով:
2012-ին բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան սիրայօժար կատարեց «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորիս ներկայացումը Մոնրէալի հայ կեդրոնին մէջ, շնորհահանդէսի մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Մոնրէալի «Համազգային»-ի «Սանահին» մասնաճիւղին կողմէ: Յարգելի գործընկեր բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան հանգամանօրէն ներկայացուց հատորը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Ուշագրաւ է իր հայերէն, ինչպէս նաեւ անգլերէնէ հայերէն բառացանկով: Այս բաժինը նշանակութիւն ունի երկու տեսանկիւնէ դիտուած: Նախ՝ ան կը դիւրացնէ օտար բժշկական բառերու ըմբռնումը, օտար լեզուով գրուած յօդուածներու ընթերցումի պարագային: Ու ապա՝ կը ներկայացնէ կարեւոր ճիգ մը, մղուած ՝ բժշկագիտական բառեր մեր մայրենի լեզուո’վ արտայայտելու: Այս ճիգը թէեւ յաճախ դիւրին ու հեզասահ չէ, սակայն կարեւոր է մեր լեզուին որոշ ճկունութիւն տալու, անոր հոլովոյթին ու հարստացման նպաստելու, եւ նորագո’յն յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար: Բժիշկ Հարպոյեանի աշխատանքը, այս տեսակէտէն հիմնական կեցուա’ծք մը եւ մօտեցո’ւմ մը կ’արտայայտէ: Նաեւ՝ գրքի այլազան գլուխներուն մէջ, փոխանակ ընդհանրապէս օտար լեզուով գրուած բժշկական բառեր եւ հիւանդութիւններու անուններ մի’այն հայերէն տառերով ներկայացնելով բաւարարուելու, բժիշկ Հարպոյեան երբեմն յանդուգն, բայց կարեւոր քայլեր կ’առնէ զանոնք փոխարինելով հայերէ’ն արմատ ունեցող բառերով: Այս ձեւով ան հիմքը կը դնէ բառամթերքի մը, որ ժամանակի ընթացքին հոլովոյթի ենթարկուելով՝ հետզհետէ կ’որդեգրուի այլ հեղինակներու եւ ընթերցող ժողովուրդին կողմէ ու կը ճոխացնէ մեր լեզուն, փոխանակ տեղի տալու օտարացման եւ այլասերումի հոսանքներուն»:
Սփիւռքահայ մեր ազգային կեանքին մէջ, այլազան կառոյցներու պատասխանատու ու բարձր պաշտօններ վարած ըլլալով, բժիշկ Հարպոյեան իրազեկ է մեր ազգային ընդհանրական մտահոգութիւններուն: Ու նո’յնիսկ գիտական եւ բժշկական հարցեր ներկայացնելու իր մօտեցումները դրոշմուած կը տեսնենք ազգային մտահո-գութիւններու գիտակցութեամբ եւ անոնց դարմա’ն գտնելու ձգտումով:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամ է Հ. Յ.Դ.-ի, ուր վարած է կարեւոր պաշտօններ:
Ան դադրած է գործելէ եւ հանգստեան կոչուած է: Ան կ’ապրի Մոնրէալ:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 10 Նոյեմբեր 2023»

 

Դժբախտաբար բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան բախտը չունեցաւ տեսնելու «Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքը եւ կարդալու վկայութիւնններս իր մասին, որ տեղադրուած էր այս հատորին մէջ:
Յետ մահու «Բժիշկին Է. խօսքը» համեստ աշխատասիրութենէս օրինակ մը մակագրուած կը նուիրեմ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի կողակիցին՝ ազնուափայլ տիկին Լենա Սէթեան-Տէր Գալուստեանին:
Վազգէն Տէր Գալուստեանը եղաւ իմ կեանքի երկարամեայ գործակիցը, անկեղծ բարեկամը եւ սիրելի ընկերը, ու մանաւանդ խորհրդատու հայ ՄԵԾ ՄԱՐԴԸ : Ան եղաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պաշտպանը, եւ Հայ Դատի գաղափառախօսութեան զինուորագրեալ մէկ համեստ անհատը:
Սիրելի Բժիշկ Վազգէ՛ն Տէր Գալուստեան, կեանքիս մնացեալ տարիները պիտի ապրիմ քու յիշատակներով, շարունակ պիտի յիշեմ քու օրինակելի ազնւութիւնը, հայ ազգի եւ Հայ Դատի անխոնջ ծառայութիւնները, կազմակերպուած աշխատալաձեւը, ամշխաատանքի կարգապահութիւնը, Մ.Տ.Կ.Կաթողիկոսութեան անսասանութեան պահապանը:
Սիրելի Վազգէ՛ն, երէկ դիմատետրիս մէջ քեզի նուիրեցի Յասմիկ Պաղտասարեան-Տուլուխանեանի «Տարօնի Օրօրը» եւ իր շատ սիրելի մեծ երաժիշտին՝ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօրը», որպէսզի այս հայաշունչ օրօրներով հանգչէիր խաղաղութեան մէջ: Նուիրեցի նաեւ Արամ Խաչատուրեանի Գայանէ պալէէն «Ուզունտարա» պարային երաժշտութիւնը, որպէսզի քու յաւիտենական հանգստավայրիդ մէջ հոգիդ հրճուէր առ յաւէտ հայկական մաքրամաքուր պարային երաժշտութեամբ:
Սիրելի Վազգէ՛ն, վստահ եմ, որ դուն ալ յետ այսու քու յաւիտենական հանգստավայրէդ պիտի դիտես մեզ եւ հետեւիս մեր քայլերուն, մատնանշես մեր սխալները եւ ուղղես մեզ այնպէս ինչպէս կ’ուղղէիր քու ողջութեանդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles