ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
14 Սեպտեմբեր 2024
Շար. 10/11
haroutchekijian.wordpress.com
Նախքան Հարպորտի տեղեկագիրը շարունակելը, հարկ է, որ անդրադարձ կատարենք նախորդին մէջ նշուած Հարպորտի տեղեկագիրը քննադատող եւ ժխտող երկու դոկտորական աւարտաճառերուն, քանի որ անոնք կը վերաբերին Թ. մասին մէջ թուրք ոճիրներուն եւ տեղեկագիրին պատմական բաժինին հաստատումներուն:
Առաջինը՝ ամերիկացի զինուորական մըն է, որ կը փորձէ խեղաթիւրել Հայոց պատմութիւնը, իրմէ գերադաս` զօրավար Հարպորտին 1919-ին գլխաւորած 53 զինուորական մասնագէտներէ բաղկացած առաքելութեան, աւելի քան 1600 էջ տեղեկագիրը «կողմնակալ» որակելով: Թուրքը, թաթարը եւ մեր միւս թշնամիները անդադար եւ հետեւողական կերպով կը խեղաթիւրեն հայոց պատմութեան բոլոր փուլերը: Յստակ դարձաւ, որ այս մէկն ալ թրքական բովէն անցած է:
«Կեանքի եւ կարօտի համար. ինչպէ՞ս արեւելեան Անատոլիոյ եւ Անդրկովկասի ժողովուրդը նաւարկեց միջպատերազմը, այնպէս, ինչպէս կը վկայէ Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը` դէպի Հայաստան» («For life and longing: How the people of eastern Anatolia and Transcaucasia navigated the interwar, as witnessed by the 1919 American military mission to Armenia», by Rosanne M. Horswill), այս է խորագիրը 359 էջ դոկտորական ատենախօսութեան (1), որ հազարապետ Ռոզան Հորսուիլ 2023-ին ներկայացուցած է Հիւսիսային Քարոլայնայի Չեփըլ Հիլի համալսարանի պատմութեան ամպիոնին` իբրեւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանի մասնակի կատարում:
Զարմանալի չէ, որ այս փոքր համալսարանին դոկտորականի դատական կազմին 5 դասախօսներէն 2-ը թուրք են, իսկ Հորսուիլի երախտագիտութեան երկար ցանկին մէջ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ զինք եւ ամուսինը հիւրընկալած մեծ թիւով թուրք անձերու անուններ, որոնց մէջ` 2018-2023 Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը: Ո՞վ հոգացած է իր եւ ամուսնոյն Թուրքիա այցելութեան ծախսը՝ ինծի համար յստակ չէ: Ինչո՞ւ Թուրքիա այցելած է եւ Հայաստան չէ այցելած, սակայն օգտուած է Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն` Ճորճ Աղճայեանի եւ Մարի Չոլոյեանի օժանդակութեամբ, եւ «Հայրենիք» ամսագիրի արխիւէն` Յարութիւն Խաչատուրեանի յուշերէն: Ի՞նչ պէտք կար Թուրքիա այցելելու 104 տարի առաջ պատրաստուած Հարպորտի տեղեկագիրը ուսումնասիրելու համար… Նորութիւն մը կա՞ր այնտեղ… Ո՛չ չկար:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Հարպորտ առաքելութեան» ծանօթ, մասնագէտ Գայիանէ Մախմուրեանին, որ շատ օգտակար գտնուած է: Ասոնք են միայն հայկական կողմին հետ իր կապերը: Թէ ինչո՞ւ «Միջպատերազմ» եզրը` «Interwar», գործածած է, որ կը բնորոշէ Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն միջեւ ժամանակաշրջանը, չհասկցայ, իսկ այդ ի՞նչ կապ ունի Հարպորտ առաքելութեան հետ:
«Վերականգնելով առաքելութեան արձանագրութիւնները, իմ նպատակս է ուղղել տարածաշրջանի միատարր բնութագրումները` ներկայացնելով մարդիկ (թուրքեր, հայեր, քիւրտեր եւ ուրիշներ), որոնք տեսակցած են առաքելութեան անդամներուն հետ: Իւրաքանչիւր քաղաքի եւ իւրաքանչիւր խումբի հետ մենք կը տեսնենք տեղական կարիքներն ու փափաքները, որոնք վերապրած են այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանը», կ՛ըսէ հեղինակը: Բոլորովին մոռնալով, որ ինք գործ ունի պատերազմ սկսած եւ պարտուած ու քայքայուած Օսմանեան կայսրութեան հետ, որուն զոհ գնաց հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Իր նպատակը փաստող, շօշափելի, կամ յատկանշական որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած ան:
Հորսուիլի գլխաւոր առարկութիւնը՝ պատճառաբանութիւնը այն է, որ հայերը ամերիկացի ժողովուրդին եւ աւագանիին համակրանքը կը վայելէին` շնորհիւ հայկական ջատագովական կազմակերպութեան` լոպիին… (Այս է թուրք պետութեան ժխտողական յերիւրանքներէն մէկը՝ ցեղասպանութիւնը եւ ազգութեան մը ոչնչացումը հայկական լոպիին քարոզչութիւնն է կ՚ըսեն): Ըստ երեւոյթին, թուրք ուրացողները եւ Հորսուիլ 1894-1923 ամերիկեան օրաթերթերը չեն ուսումնասիրած, որոնք Ալասքայէն մինչեւ Ֆլորիտա՝ կը գրէին հայերուն կոտորածներուն եւ թուրք պետութեան ու ժողովուրդին արիւնարբու վայրագութիւններուն մասին հազարաւոր լրատւութիւններ, ստորեւ՝ երկու օրինակ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀՈՐՍՈՒԻԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է, ԱՌԱՆՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ՈՐՈՆՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ, ԵՐԲ ԵՍ ԼԻԲԱՆԱՆ ՆՍՏԱԾ, ՈՐԵՒԷ ՆԻՒԹԻ ՄԱՍԻՆ Կ՚ՕԳՏՈՒԻՄ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ, 1690-էն սկսեալ, Search U.S. Newspaper Directory, 1690-Present, Chronicling America, Library of Congress, կայքէջէն: Օրինակ՝ 1894-1923 տարիներուն, փնտռելով «Armenia» բառը, 75274 ամերիկեան օրաթերթերու էջեր երեւցան, ուր «Armenia» բառը նշուած է, որոնց մեծամասնութիւնը կը գրեն հայ ժողովուրդի տառապանքին մասին (2): Միթէ հայկական լոպին 1919-ին այդքա՛ն զօրաւոր էր, որ ամերիկեան օրաթերթերու 75274 էջերուն մէջ սուտ գրութիւննե՞ր տեղաւորած էր… Անշուշտ ոչ:
Նախագահ Ուիլսընի հրամանով ստեղծուած վերապրող հայ գաղթականներուն օժանդակութեան արշաւէն տեղեակ չէ՞: Հարիւրաւոր ամերիկացի նպաստամատոյցի պաշտօնեաներուն, միսիոնարներուն, դեսպան Մորկընթաուին եւ այլ դիւանագէտներու եւ որբախնամ կազմակերպութիւններուն տեղեկագիրներէն տեղեակ չէ՞: Ուրեմն ի՞նչ ուսումնասիրած է… Ուրացող թուրքերուն պատրաստածը:
Տեղեակ չէ՞, որ` «Ամերիկայի ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ենթայանձնաժողովին կողմէ վարած լսումներուն ընթացքին տրուած ցուցմունքները յստակօրէն հաստատած են հաղորդուած (Թուրքիոյ կողմէ հայերուն*) ջարդերուն եւ այլ վայրագութիւններուն ճշմարտութիւնը, որոնցմէ տուժած է հայ ժողովուրդը» (3): Առաջին` ինքզինքին հարցուցա՞ծ է, թէ ի՞նչ էր պատճառը, որ Ամերիկայի նախագահն ու ծերակոյտը, Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներն ու ամէնէն հեղինակաւոր 250 քոլեճներու եւ համալսարաններու նախագահները (4) եւ համայն Ամերիկայի ժողովուրդը կը համակրէին հայերուն: Պէտք էր ջարդարար ու բարբարոս` դաժան թուրքի՞ն համակրէին… Ի վերջոյ, այս է Ռոզան Հորսուիլին ըսածը, թէ պէտք չէր համակրէին զոհին` հայերուն…
Երկրորդ` թէեւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը միշտ գործածած է, սակայն հեղինակը նախապաշարուած է հայութեան ցեղասպանութիւնը ուրացող թրքական կեցուածքէն` քանի մը տեղ յայտնելով թուրքին տեսակէտը, որուն փաստերէն է իր հանդիպումը Թուրքիոյ 2018-2023 պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին հետ, որ, իր կարգին, հեղինակն է խեղաթիւրուած «Հարպորտ զինուորական առաքելութիւնը դէպի Հայաստան. ամերիկեան փաստահաւաքի առաքելութեան պատմութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, ապրիլ 2021», Harbord military mission to Armenia: The story of an american fact finding mission and its effects on Turkish-American relations, April 2021, դոկտորականի աւարտաճառին` ներկայացուած Արդի թրքական պատմութեան Աթաթուրք հիմնարկին, որ ետքը հրատարակուած է թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Շրջելով եղելութիւնը` Աքար կ՛ըսէ, թէ Հարպորտ առաքելութիւնը իբրեւ թէ՝ գաղտնի տեղեկագրեր ունէր, որ չէ հրապարակուած, որոնց միտք բանին Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելն էր… Այսինքն սո՞ւտ խօսիլ, ուրանա՞լ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ո՞ւր են այդ «գաղտնի՝ չհրապարակուած փաստաթուղթերը»… Եթէ հրապարակուած չեն, ինչպէ՞ս ինք ուսումնասիրած է զանոնք… Երեւակայութեա՞ն մէջ արդեօք: Թրքական ծիծաղելի ու սովորական դարձած անտրամաբանական սուտեր:
Շատ ծիծաղելի է այս սուտը, քանի որ Հարպորտի տեղեկագիրին պայմաններէն էր նոյնիսկ ստանձնել Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը, որպէսզի Օսմանեան կայսրութեան պարտքերն ու պատերազմին հատուցումները կատարուին, եւ` արգիլել Թուրքիոյ նոյնի՛սկ դեսպաններ ունենալ, 50 հազարէ աւելի բանակ չունենալ եւ այլ պայմաններ (այս բոլորը՝ յաջորդիւ), որոնք պարտուած Թուրքիան ենթակայ պիտի դարձնէին Անթանթին եւ հոգատարին, որուն թեկնածուն էր Ամերիկան եւ հաւանական ներկայացուցիչը՝ նոյն ինքը Հարպորտը:
Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն 24 ապրիլ 2021-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, անկէ քանի մը օր առաջ ան տեղեակ պահած էր իր որոշումին մասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: Ուրեմն 21 ապրիլ 2021-ին Հուլուսի Աքար «Զօրավար Հարպորտէն դասեր», «Lessons From General Harbord» խորագիրով ժխտողական յօդուած մը հրապարակած է, որուն մէջ թրքական սովորական դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումի տուեալները կը նշէ, որոնց մէջ յիմարօրէն նաեւ Հարպորտի տեղեկագիրը իբրեւ «փաստ» կը ներկայացնէ… Յայտնի է, որ Հարպորտի տեղեկագիրին 6-էն 8-րդ էջերը չէ կարդացած, կամ ըստ սովորութեան՝ պարզապէս կը ստէ: Հապա ինչո՞ւ համար էր Հարպորտ առաքելութիւնը…
Աքարին այս յօդուածին ուղղակի եւ Ռոզան Հորսուիլին անուղղակի կերպով կը պատասխանէ «Ամերիկայի Ձայն»-ի Փոլիկրաֆ Ինֆօ (Polygraph.info) կայքէջը: Փոլիկրաֆը այն ելեկտրոնային սարքն է, որ ամբաստանեալի մը սուտերը կը բացայայտէ: Այսպէս, 27 ապրիլ 2021-ին «Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը, հայերու զանգուածային սպանդը, որ (նախագահ*) Պայտըն «ցեղասպանութիւն» կոչեց» Turkish Defense Minister Distorts History of Mass Armenian Deaths That Biden Called «Genocide» (5) խորագիրով յօդուած մը գրած է Ֆաթիմա Թլիս, որ կ՛արժէ լրիւ թարգմանել, սակայն այժմ պիտի բաւարարուիմ Հարպորտի տեղեկագիրէն առնուած հատուածէն, ուր ան կը վկայէ (նախորդ մասին մէջ նշուածներն են, կրկնութիւն է՝ սակայն էական).
«…Սակայն Հարպորտի տեղեկագիրը կը նշէր հարիւր հազարաւորներու տեղահանումներու եւ սպանութիւններու մասին` նշելով, որ հայերը թիրախ դարձած են իրենց ազգութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին համար»: Ու տեղեկագիրէն կը մէջբերէ. «1895-ին զոհուած է 100 հազար հայ: 1908-ին Վանի, իսկ 1909-ին Ատանայի եւ Կիլիկիոյ այլ վայրերու մէջ սպաննուած են աւելի քան 30 հազար հայեր: Այս ողբերգութիւններէն վերջինն ու ամենամեծը եղաւ 1915-ին: Պահպանողական գնահատումով, ասիական Թուրքիոյ հայերուն թիւը 1914-ին կը գերազանցէր մէկ ու կէս միլիոնը, թէեւ ոմանք թիւը աւելի բարձր կը գնահատեն: «1915-ի գարնան յստակ ու համակարգուած կերպով կազմակերպուեցան հայերու ջարդեր եւ տեղահանութիւններ, զինուորները քաղաքէ քաղաք կը գործադրէին հրամանը: Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական հաշուետուութիւնը ցոյց կու տայ, որ մէկ միլիոն հարիւր հազար հայ արտաքսուած է (իր բնակավայրերէն*):
«Երիտասարդները նախ կը կանչուէին իւրաքանչիւր գիւղի կառավարութեան շէնքը, ապա զանոնք թափօրով գիւղէն դուրս կը հանէին ու կը սպաննէին: Կիներ, ծերունիներն ու երեխաները քանի մը օր ետք հետիոտն աքսորուեցան դէպի այն վայրերը, որ Թալէաթ փաշան (հեգնօրէն*) կ՛անուանէր «գիւղատնտեսական գաղութներ»` Հայաստանի բարձր, զով, օդասուն սարահարթէն դէպի Եփրատի մալարիա համաճարակով վարակուած տափաստաններն ու Սուրիոյ եւ Արաբիոյ կիզիչ անապատները:
«Հայ ազգը մեծաքանակ ոչնչացնելու այս ոճիրէն մահացածներուն թիւը, տարբեր գնահատականներով, կէս միլիոնէն մինչեւ աւելի քան մէկ միլիոն է, ընդհանրապէս` շուրջ 8 հարիւր հազար:
«Հետիոտն, ամրան սաստիկ արեւին տակ, կողոպտուած` իրենց հագուստէն եւ անձնական իրերէն, որ կը կրէին, սուիններով կը խթանուէին, եթէ դանդաղէին. սովէն, տիֆէն եւ թանչախտէն հազարաւոր մեռեալներ ինկան ճամբուն կողքին:
«Զեկոյցը կը շարունակէ նկարագրել հայ երիտասարդ աղջիկներու վաճառքը եւ այլ բռնութիւններ: ՀԱՅ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏՆԵՐԸ` ԻԲՐԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑ, ԿԸ ՆՇԵՆ ՆԱԵՒ ՀԱՐՊՈՐՏԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ (5), կ՛ըսէ Ֆաթիմա Թլիս», իսկ թուրքին տրամաբանութեամբ՝ Հուլուսի Աքար՝ հակառակը…
Այն ժամանակուան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադառնալով «Ամերիկայի Ձայն»-ի Թլիսի այս յօդուածին` գրած է. «Բառերը չեն կրնար փոխել կամ վերստին գրել պատմութիւնը: Ոչինչ պիտի սորվինք մեր անցեալին մասին` ոեւէ մէկէն: Քաղաքական պատեհապաշտութիւնը ամենամեծ դաւաճանութիւնն է խաղաղութեան եւ արդարութեան: Լրիւ կը մերժենք (Պայտընի ցեղասպանութեան*) այս յայտարարութիւնը, որ հիմնուած է մի՛այն ժողովրդականութիւն շահելու համար»: Իր այս խօսքերը ուրեմն կարելի է ուղղել նաեւ` իրեն, Աքարին եւ Էրտողանին, որոնց ուրացումները չեն կրնար փոխել փաստագրուած պատմութիւնը, որոնցմէ է Հարպորտի տեղեկագիրը եւ տասնեակ հազարներով ամերիկեան եւ եւրոպական թերթերուն էջերը:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
- https://cdr.lib.unc.edu/downloads/1v53k7797
- https://chroniclingamerica.loc.gov/search/pages/results/?state=&date1=1894&date2=1923&proxtext=Armenia&x=10&y=13&dateFilterType=yearRange&rows=20&searchType=basic
- 3. https://hairenikweekly.com/?p=60893
- 4. https://hairenikweekly.com/?p=60853
- https://www.polygraph.info/a/fact-check-turkey-armenian-genocide/6742926.html
- https://www.armenian-genocide.org/Education.56/current_category.117/resourceguide_detail.html