Խաչվերացի Տօնը

0 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

        Խաչվերաց        ը համաքրիստոնէական բնոյթ ունեցող տօն մըն է, որ շատ եկեղեցիներու կողմէ կը տօնուի Սեպտեմբեր 15-ին, իսկ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ զայն Սեպտեմբեր 11-էն 17-ի միջեւ ամենամօտ Կիրակի օրը:

       

          Խաչվերացը, որ նաեւ կը կոչուի Վերացման Ս. Խաչ, բառացիօրէն կը նշանակէ Խաչը բարձրացնել, զայն յաղթականօրէն վեր առնել եւ փառաւորել:

         Պատմականօրէն, եղելութիւնը հետեւեալն է.- 614 թուականին պարսիկները յարձակեցան Երուասաղէմի վրայ, բնակչութեան մեծ մասը կոտորեցին, ողջ մնացածները գերի տարին եւ Քրիստոսի խաչափայտը բռնագրաւելով Տիզբոն փոխադրեցին՝ զայն Խոսրով Բ. Փարվէզ Շահին հսկողութեան տակ դնելով: Ապա, Շահին զօրավարները շարունակեցին իրենց զինուորական արշաւն ու նուաճումները հասնելով մինչեւ Վոսփորի ափերը: Սակայն, Բիւզանդիոնի Հերակլէս Կայսրը իր բանակը զօրաշարժի ենթարկեց եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ վճռական յաղթանակ մը տարաւ պարսից դէմ: Պարսիկները չարաչար պարտուած նահանջեցին:

      Հերակլէս Կայսրը ուխտեց ամէն գնով պարսիկ զրադաշտականներէն ազատագրել Ս. Քաղաք Երուսաղէմն ու գերապահուած խաչափայտը: Այդ առաջադրութեամբ ան ազատագրութեան քարոզչութիւն կատարեց Կիլիկիոյ, Հայաստանի եւ շրջակայ վայրերու մէջ ու ռազմական պատրաստութիւններ տեսաւ եւ 627 թուականին, Հայաստանի լեռնագաւառներու վրայէն անցնելով՝ հասաւ մինչեւ Նինուէի աւերակներուն մօտ, Տիգրիս գետի ափին: Բախումները ծայր տուին ահեղ պատերազմի մը, որուն արդիւնքը պսակուեցաւ Բիզանդական բանակի փառապանծ յաղթանակովը: Հերակլէս, ի վերջոյ, յաջողեցաւ տիրանալ սրբազան գանձին, Յիսուսի Խաչափայտին:       

Այնուհետեւ, Հերակլէս Կայսրը, համաձայն իր ուխտին, Խաչը Երուսաղէմ փոխադրեց մեծ շքախումբով մը: Ճանապարհին, շքախումբը անցաւ նաեւ Հայաստանի տարածքներէն՝ ստեղծելով արտակարգ ոգեւորութիւն:     

        Քրիստոսի Խաչը ազատագրուած էր հեթանոսներէն եւ վեր բարձրացուած էր: Ահա այսպէս, Խաչին պանծալի վերացումը նուիրագործուելով դարձաւ Խաչվերացի կամ  Ս. Խաչի տօն: Սրտառուչ եւ դիւթական պատմութիւն մըն է Յիսուսի խաչափայտին վերադարձն ի Երուսաղէմ: Բայց Խաչին յաղթանակը աւելի խոր տարողութիւն ունի քան այն պատմական դէպքը: Խաչը խաչափայտէն աւելի բան մըն է: Խաչը Աստուծոյ սիրոյն եւ փրկագործութեան խորհրդանիշն է:

      Խաչ եւ յաղթանակ կրնան արտաքնապէս զիրար հակասող իրականութիւններ թուիլ մարդոց: Հեթանոսներու եւ հրէից համար խաչի մահը ամենէն անարգ մահն էր: Հռոմէացիները խաչելով կը մեռցնէին միայն ամենէն վատ ոճրագործները: Մարդկային ակնոցով դիտած, Խաչը կամ Յիսուսի Խաչելութիւնը, անփառունակ պարտութիւն մըն էր: Յիսուսի թշնամիները՝ առաջին Աւագ Ուրբաթ իր Խաչին դիմաց կեցած քամահրանքով կը գոչէին, «Ուրիշներ ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել» (Մարկ. 15.31):

Այո’, խաչը «պարտութիւն» մըն էր, բայց այնպիսի «պարտութիւն» մը, որ մեծապէս գերազանց էր ամէն յաղթանակներէ, պարտութիւն մը, որ Սատանան անգամ սարսափեցուց: Պարտութիւններ կան, որ ամէնէն փառահեղ յաղթանակներու կ’առաջնորդեն: Երբ մարդիկ մէկ բանի համար կը «պարտուին» աւելի բարձր յաղթանակ մը տանելու համար, մենք չենք սգար այդպէս ասած «պարտութիւնը», այլ կ’օրհնաբանենք եւ կը գովաբանենք զայն:

Օրինակի համար, երբ ցորենահատիկը գետին իյնայ բնականաբար կորուստ մը տեղի կ’ունենայ: Բայց ինչպէս Յիսուս դիտել տուաւ, «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի մինչեւ ցորենահատիկը չիյնայ գետին, չի’ կրնար առատ բերք տալ»: Պահ մը կ’ափսոսանք եւ կը ցաւինք այդ «մեռնող» հատիկին համար, բայց այդ ցորենահատիկը մէկի տեղ 30, 60, ե 100 ապատիկ արդիւնք կու տայ:

Մենք, քրիստոնեաներս ամենէն աւելի լաւ կը հասկնանք այս խորախորհուրդ փորձառութիւնը երբ կը նայինք տիեզերքի ամենաեզական անձնաւորութեան՝ մեր Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի կեանքին: Պահ մը կը ցաւինք Աւագ Ուրբաթուան տխուր դէպքին համար, բայց կը ցնծանք երբ քանի մը օր ետք կը հասնի Մէկշաբթի Առաւօտը, երբ Աւագ Ուրբաթին կը յաջորդէ «Հրաշալի Յարութիւնը»…:

         Մենք կը տօնենք Քրիստոսի «պարտութիւնը», քանի որ գիտենք թէ այդ պարտութիւնը դարձաւ նախադուռը Մեծ Յաղթանակին: Այլապէս, ինչո՞ւ գուրգուրանքով պիտի պահէինք այդ պարտութեան ու անարգանքի նշան եղող խաչը: Ինչո՞ւ պիտի պահէինք զայն մեր կուրծքերուն վրայ, մեր եկեղեցիներու խորաններուն մէջ եւ գմբէթներուն վրայ, եւ ինչո՞ւ պիտի դարձնէինք մեր «Երկիր Դրախտավայր Հայաստանը» խաչքարերու երկիր…:

Ի՝նչ մեծ յարակարծութիւն (paradox): Մեծագոյն ոճիրը որ մարդ արարածը գործած է՝ Յիսուսը խաչելով՝ սատար հանդիսացած է մարդոց հոգիներու վերացման: Խաչին մէջ կը յայտնուի մարդոց անարդարութեան լման չափը: Միանգամայն սակայն, Խաչը կը յայտնէ Աստուծոյ անծայրածիր եւ խորունկ սէրը՝ մարդ արարածին հանդէպ: Այսինքն, երբ մարդկութիւնը «մեղքերու մէջ մեռած էր, Քրիստոս անոր համար մեռաւ», թէ «Աստուած այնչափ սիրեց աշխարհը (իմա մեղաւոր մարդկութիւնը) որ իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէս զի ով որ Անոր հաւատայ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3.16):

Երբ ոեւէ մարդ լրջօրէն մտածէ այս սրտաշարժ իրողութեան վրայ չի կրնար չ’ազդուիլ եւ ըսել ինքնիրեն, «Այս ինչ աննման, անհասկնալի եւ չնաշխարհիկ սէր է, որ երկինքի Թագաւորը երկիր կ’իջնէ ինծի պէս մեղաւոր մը մեղքի տիղմէն վերցնելու»: Գիտակից ոեւէ մարդ չի կրնար չ’ազդուիլ երբ լրջօրէն կը խոկայ Պօղոս Առաքեալի հետեւեալ խօսքին վրայ «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող խորհի այն՝ ինչ որ կը տեսնէ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ թէպէտ բնութեամբ  Աստուած էր…բայց կամաւորաբար ինքզինք այդ պատիւէն մերկացուց… յանձն առնելով մահը եւ այն ալ խաչի մահը: Ատոր համար ալ Աստուած զայն շատ աւելի բարձրացուց… որպէս զի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, երկնաւորներն ու երկրաւորները» (Փիլ 2.5-10):

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles