Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Հերա Մախուլեանի, լսարանի տնօրէնուհի տիկ. Անի Ներսէսեանի, ինչպէս նաեւ ծրագրի դասատուներու ներկայութեամբ։ Սրբազան Հայրը իր աղօթքով եւ պատգամով կատարեց բացումը։ Ան բարի վերամուտ մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց Սփիւռքի մէջ նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը։ Իւրաքանչիւր ուսուցիչ ծանօթացուց իր դասաւանդած նիւթն ու ծրագիրը, եւ աշակերտները առիթ ունեցան հարցումներ հարցնելու։
«Սիամանթօ» լսարանի դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Շաբաթ 14 Սեպտեմբեր 2024-ին։ Թէեւ արձանագրութիւնները փակուած են, սակայն տակաւին կարելի է ընդունիլ նոր աշակերտներ, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս օգտաշատ ծրագրին։