ՏԱՔ, ՊԱՐՏՔ, ՄԻՋԱՆՑՔ…(*)

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

10 Սեպտեմբեր 2024

  1. Լոս Անճելըս, 9 Սեպտեմբեր (11 Սեպտեմբերէն երկու օր առաջ): Պատկերասփիւռի լուրերէն կը հաղորդեն, որ կարգ մը հանրային դպրոցներ փակուած են կամ կէսօրեայ դրութեամբ կը բանին, որովհետեւ հեղձուցիչ տաք է: Այո՛, շաբաթներէ ի վեր Լոս Անճելըսի (եւ այլ շրջաններու) մէջ «կրակ կը տեղայ» բառացիօրէն: Անտառային հրդեհները դարձեալ ծուխ ու բնակարաններու հրկիզման սպառնալիք կը տարածեն: Լրագրողներ վազեր են դպրոցներ, ստուգելու՝ թէ ինչո՞ւ պարտադիր արձակուրդ կը տրուի վերամուտէն քանի մը օր ետք: Մանկահասակ աշակերտ մը կ’ըսէ. «Զովացնող սարք չունինք», ուրիշներ չքմեղանքի ոճով կ’ըսեն, որ սարքերը խանգարում ունին (եւ այլն): Կը մտածեմ, որ արդեօք դպրոցներու պատասխանատուները ամրան արձակուրդի օրերուն (կամ այլապէս) չէի՞ն ստուգած սարքերը, թէ՞… նորոգութեան համար պիւտճէ չունին:
  2. Նոյն օրը երեկոյեան, վաղեմի մէկ ընկերս դիմատետրեան հետեւեալ լուսանկարը կը հասցնէ հեռաձայնիս:

Արձանագրութիւնները կ’ըսեն. «Երբ դուք կը տքնէիք, մենք Իսրայէլի 24.5 միլիառ տոլար տուինք, որպէսզի ռմբակոծէ մանուկներ: ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷՔ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ», իսկ իբրեւ բացատրութիւն՝ վարը՝ «Իսրայէլ, հրեաներու երկիրը, Կազայի մէջ 8 ամսուան միջոցին սպաննեց 45 հազար իսլամներ եւ քրիստոնեաներ ու վիրաւորեց 150 հազար պաղեստինցիներ» (մոռցուած են համատարած քանդումները Կազայի եւ Արեւմտեան ափին մէջ):

Կը մտածեմ: Հը՜մ: Ուրեմն կարելի է մինչեւ իսկ մանուկները տաքի «խղճին» մատնելու գնով հսկայական գումարներ հասցնել Իսրայէլ (այս ցուցատախտակը հաստատողները լուր ունի՞ն Ուքրանիա եւ այլուր ղրկուած գումարներէն): Իսկ հասարակ մահկանացուները հլու-հնազանդ կ’ենթարկուին դպրոցներու վարչութեանց կարգարութեան ու իրենց հոգեհատորները տուն կը տանին կանխահասօրէն, առանց մտածելու, թէ իրաւունք ունին բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ արդար պահանջ ներկայացնելու «խնայասէ՜ր» իշխանութիւններուն դէմ: Չեմ մոռնար, որ բողոքողներ կան, բայց անոնց ձայնը կը խլացուի կամ տեղ չի հասնիր: (Ու դարձեալ կը մտածեմ. արդեօք ե՞րբ նման պաստառներ ամբաստանութիւններ պիտի արձակեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, որոնք առատօրէն կ’օգտուին ամերիկացի բարեկամներէն…)

Հլու-հնազանդ ենթարկուողները ի մտի ունենալով, կը դիմեմ համացանցին, տեսնելու՝ թէ պատերազմներու հնոցներուն առատ վառելանիւթ հասցնող՝ Միացեալ նահանգներու կառավարութեան պարտքերը ո՞ւր հասած են: Հետեւեալ կայքը (կրնաք դուք ալ այցելել. https://www.pgpf.org/national-debt-clock#:~:text=The%20%2435%20trillion%20(and%20growing,funds%20and%20other%20government%20accounts.) գլխապտոյտ պատճառող թիւեր ցոյց կու տայ. աւելի քան 35 թրիլիըն տոլար (հոն պիտի գտնէք նաեւ «ժամացոյց» մը, որ ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր ակնթարթի՝ պատրքը որքա՛ն կ’աւելնայ): Հոն կ’երեւի նաեւ սարսափազդու այլ թիւ մը. իւրաքանչիւր քաղաքացիի՝ պարտքէն բաժին կ’իյնայ մօտաւորապէս… 105 հազար տոլար: (Անհատի մը նուազագոյն եկամուտը՝ տարեկան 15 հազար տոլար, ընտանիքի մը – հաւանաբար մէկէ աւելի աշխատողներ – միջին եկամուտը՝ շուրջ 75 հազար տոլար, ընդհանուր միջին՝ 45 հազար տոլար):

  1. 10 Սեպտեմբեր.- Այս տողերը կ’արձանագրենք քանի մը ժամ առաջ այն խեղկատակութենէն, որ պատկերասփիւռի պաստառներէն պիտի տարածուի Քամալա Հէրիս-Տանըլտ Թրամփ բանավէճ անունով: Կ’ըսուի, թէ վէճը առաւելաբար պիտի կեդրոնանայ «տնային – ներքին – հարցերու» վրայ: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, ենթադրելու, որ պատերազմներու մատակարարման մասին խոստումներն ու յայտարարութիւնները կապ պիտի չունենան իրական աշխարհին հետ, որովհետեւ այդ աշխարհը կը կառավարուի «վեր-պետական» միաւորներու կողմէ. անոնց շարքին՝ զէնքի ճարտարարուեստի գանձապահները, որոնք հաւասարապէս կը կողոպտեն կառավարութի՛ւնն ալ, ժողովո՛ւրդն ալ: Ամերիկացիներուն համար արդեօք մխիթարակա՞ն է գիտնալ, որ այլ երկիրներու մէջ ալ նման «գանձապահներ» կը կողոպտեն կառավարութիւն ու տքնող ժողովուրդ…
  2. Մխիթարուած զգալու նոյն հարցումը՝ մեր հայրենի ժողովուրդին կացութեան լոյսին տակ: Հայաստանի կառավարութեան պարտքերուն գումարը մօտեցած է 12 միլիառ տոլարի (2005-ին՝ նուազ քան 2 միլիառ, 2018-ին՝ շուրջ 6.5 միլիառ տոլար), այսինքն, իւրաքանչիւր քաղաքացիի ուսին նստած է մօտաւորապէս 3.800 տոլարի պարտք (ներառեալ մանուկներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան): Պարտքի կուտակման մէջ բաժին ունին գումարներու մսխումը (նորակազմ ընկերութիւններու սնանկացում եւ քայքայում), պարգեւավճարներ եւ անբաններու պաշտօններու կոչումը (ԽԾԲ-ի հի՜ն աւանդութեան համաձայն):
  3. Այս խորապատկերին առջեւ, ՔՊ-ապետ «իմաստուն ամենագէտ»ը դարձեալ հրապարակ եկած է «խաղաղութիւն պիտի կերտենք»ի յանկերգներով, հոգ չէ, թէ ինք եւ «ուսապարկերը» բանիւ եւ գործով վաճառած են Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ, կը մերժեն մինչեւ իսկ ճանչնալ, թէ Արցախ օտարներու կողմէ ճանաչում գտած իշխանաւորներ ունի, որոնք հիմա հալածանքի, դրժումի եւ արհամարհանքի կ’ենթարկուին Երեւանի նահաջակերտ իշխանաւորներուն կողմէ. իմաստակապետ եւ «խելքի տոպրակներ» պատրաստ են նոր զիջումներու (ցանկը երկար է), «Զանգեզուրի անցք»ի եւ «Սիւնիքէն անցնող ճամբաներու» բառախաղերով կը զբաղին եւ կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը, կը հաւաստեն, որ լուծման միջոցներէն մէկն է այդ ճամբաներու հսկողութիւնը վստահիլ… օտար ընկերութիւններու (հիմա նոր բառ մը աւելցած է «հնարքներուն» շարքին. Արտապատուիրակել: Սա արդէն առանձին քննարկելի հարց է, ականատես ենք, որ հարուստ պետութիւններու պատքերը ինչպէ՜ս կ’ուռճանան նման գործառութիւններով): Անդին, Ռուսիա եւ Իրան, առանց ականջ կախելու Հայաստանի իրաւունքներուն եւ իրողական… անտարբերութեան, կը փորձեն լաւագոյն ձեւ մը գտնել այդ ճամբաներուն վերահսկողութեան իրե՛նց պատկերացումներուն իրականացման մասին: Իսկ եթէ «արտապատուիրակելու» հնարքը տեղ գտնէ, ՔՊ-ականներ հաւանաբար վաղը սկսին մտածել նոյնինքն իշխանութիւնն ալ յանձնելու «արտապատուիրակեալներու» (արեւմուտքցի դէտերու նախափորձը ունին, չէ, կրնան հոն ալ հեածնիւներ գործի լծել): Անկէ ետք, ալ ո՞վ իրաւունք կ’ունենայ զիրենք մեղադրելու, որ ինքնիշխանութիւն, գերիշխանութիւն եւ Հայաստանի հողերուն ամբողջականութիւնը չեն պաշտպաներ…:

 

 

(*) Այս բառերը հանելուկ մը կը թաքցնեն: Պատասխանը կ’ունենաք այս սիւնակին բաժինները իրարու զօթելով:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles