Հանդիպում՝ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Հետ

0 0
Read Time:30 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային գիտաժողովին առթիւ, Սեպտեմբեր 10-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Հասան Շէյխոլիսլամին:

Երկուստեք ընդգծուեցաւ երկու դրացի եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համահունչ` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային բնոյթի հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ յարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերուն։ Միրզոյեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին: Տարածաշրջանային երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծիրին մէջ շեշտուեցաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի հայեցակարգի հիմք հանդիսացող սկզբունքներուն, մասնաւորապէս տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան անվերապահ յարգումին հրամայականը, որուն գծով Միրզոյեան իրանեան կողմին հաստատուն դիրքորոշումը բարձր գնահատեց։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles