ԻՐԱՆԵԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second

Ա.Ա.

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ նոր նախագահի ընտրութենէն եւ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք արձանագրուած պետական կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն մէջ բաւական նշանակալից եղաւ Իրանի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան այն դրոյթը, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոյն գիծը պիտի շարունակուի եւ ոչինչ պիտի փոխուի։ Աւելի՛ն։ Մէկէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յստակացուցին եւ շեշտեցին,որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը, որ կը խախտէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանոթիւնը, մերժուած է Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ։

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եղաւ վերջին դիւանագէտը, որ նման կեցուածք յայտարարեց եւ վերահաստատեց Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ Թեհրանի իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը։Նկատառելի է, որ իրանցի դեսպանին յայտարարութիւնը կը կատարուի այնպիսի հանգրուանի մը, երբ վերստին թափ ստացած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապելու ուղիին շուրջ քննարկումները, որոնց ծիրին մէջ Ռուսիա կը թուի, թէ իր ձայնը միացուցած է Ատրպէյճանի, նկատի ունենալով, որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի մը վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ Հայաստանը մեղադրած էր Սիւնիքով անցնելիք ցամաքային կապի վերաբերեալ 9 Նոյեմբերի համաձայնը պոյքոթի ենթարկելու յանցանքով։

Իրանցիներուն համար  Հայաստանի հիւսիսը ցամաքային միջանցքի մը բացումը կը հակասէ Իրանի եւ Հայաստանի ռազմավարական շահերուն, հետեւաբար նման ծրագիր Թեհրանի իշխանութիւններուն կողմէ մերժելի է։Իրանցիք նաեւ մանաւանդ վերջին շրջանին կը շեշտեն, որ Իրանի դրացի երկիրներուն հողային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծ է Իրանի համար, հետեւաբար կարելի չէ քննարկել ծրագրեր եւ նախագիծեր, որոնք կրնան սահմաններու փոփոխութիւն յառաջացնել, կամ միջանցքի վերահսկողութեան պատճառաբանութեամբ Իրանի սահմանին մօտ տեղակայել օտար ուժեր։ Յատկապէս այս կէտին վերաբերեալ է Թեհրանի իշխանութիւններուն մերժողական կեցուածքը եւ մտահոգութիւնը։ Իրանցիներուն համար միայն հայ մաքսաւորները եւ սահմանապահ ուժերն են,որ կրնան ապահովել եւ երաշխաւորել միջանցքի մը ապահով գործունէութիւնը։Իրանեան իշխանութիւններուն պնդումը նաեւ ուղղակի պատասխան մըն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն առաջարկին, թէ Սիւնիքի վրայով Ատրպէյճանը Նախիջեւանի կապող ուղիին հսկողութիւնը կարելի է վստահիլ տարբեր երկիրներէ կազմուած միջազգային ուժի մը։

Իրանցի դեսպանէն առաջ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի ընդգծած էր, որ Իրանի համար Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծ է Իրանի համար։Անշուշտ իրանցիներուն այս կարեւոր ընդգծումը ունի իր ապահովական, փոխադրութեան եւ ռազմավարական բնորոշ իրանեան մտահոգութիւնները, որոնք կ՛առնչուին Իրանի ապահովութեան։ Իրանցիք Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն կը համարեն իրենց ազգային եւ ռազմավարական ապահովութեան ուղղուած ծրագիր մը, որ օրինակի համար կրնայ Հայաստան- Իրան սահմանային շրջանները վերածել իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու գործունէութեան դաշտի մը։ Նման բան անշուշտ լրջօրէն կը վտանգէ Իրանի ազգային ապահովութիւնը եւ իրանցիները կը մղէ ահազանգ հնչեցնելու։ Նկատի առնելով Հարաւային Կովկասի մէջ գտնուող երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, Թեհրանի իշխանութիւններուն կողմէ մերժելի է որեւէ ձեւի եւ բնոյթի սահմաններու փոփոխութիւն՝ հաշուի առնելով հարաւային կովկասեան բոլոր պետութիւններու հետաքրքրութիւնները, շահերը եւ մտահոգութիւնները։

Շատ յստակ է, որ իրանցիք երբ կը մերժեն Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ այսպէս կոչուած միջանցքի մը կազմութենէն ետք անոր հսկողութիւնը միջազգային կազմակերպութեան մը յանձնելու գաղափարը, զայն կը համարեն  ամերիկեան ծրագիր մը, որ Իրանի հետ սահմանային հայկական շրջանը կրնայ օտար լրտեսական գործակալութիւններու աշխատանքի եւ գործունէութեան լայն ու ազատ դաշտի մը վերածել։ Նման իրավիճակի մը մէջ բնականաբար Ռուսիա եւ Իրան պիտի կորսնցնեն կացութեան տէր դառնալու իրենց ուժն ու կարողականութիւնը եւ պիտի լարեն ուժերը, որպէսզի դէմ դնեն եւ հակակշռեն օտար գործակալներու ներկայութեան պատճառով ստեղծուելիք այն մտահոգիչ իրավիճակը, որ կրնայ ստեղծուիլ՝ միջանցքի մը պատճառով։ Ասիկա է անընդունելին Իրանի համար եւ այս ենթահողին վրայ պէտք է հասկնալ ու ըմբռնել Իրանի մնայուն մերժողական կեցուածքը՝ Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ միջանցքի մը կազմութեան ծրագիրը եւ անշուշտ՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անփոփոխելիութեան վերաբերեալ Իրանի պաշտօնական կեցուածքներն ու դիրքորոշումները։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles