«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՍՐՏԻ ՀԱՅՈՒՆ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ»-Ը…

0 0
Read Time:3 Minute, 27 Second

 

Խմբագրական

Օգոստոս 24, 1965

Կ’երթա՜յ ամառ, կու գայ աշուն…

Սեպտեմբերին թափ կը ստանան մեր բոլոր կազմակերպութեանց ու միութիւններու աշխատանքները։

Ամէն մէկը ի՛ր «պարտէզ»-ին մէջ, ամէն մէկը ի՛ր ածուին սպասարկու։

Ուրիշ կերպ ալ կարելի՜ չէ արդէն, եթէ որոշած ենք տեղ հասնիլ։ Առնուազն՝ պահել ինչ որ ունինք։

Հայապահպանումը տառ ու տիպ միայն կը մնայ, եթէ ոգի չտանք մեր խօսքերուն։ Եթէ՝ ոգիին հետ ու ոգիին չափ՝ գո՛րծը չսիրենք։

Եւ որովհետեւ կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր գործելը արտակարգ պրկում ու ճիգ կը պահանջէ, անշուշտ տրամաբանօրէն կը հասնինք այն եզրակացութեան՝ թէ հարկ է աշնան հետ… գարնանանա՜լ։ Թարմանալ ու կանաչիլ։ Վազել ու չյոգնիլ։

Ատենէ մը ի վեր խօսք կ’անցնի Հայ Դատի գործնական հետապնդումի կարեւորութեան մասին։

Եւ անտեղի չէ, ո՛չ ալ ապառիթ, որ հաստատենք մեր կարգին՝ թէ ժամանակն է աւելի վճռական քայլերու։ Քաղաքական բնոյթով ու տարողութեամբ աշխատանքներու։ Անվհատ տքնութեան եւ հաւատքով մտրակուած փորձերու,- նախ՝ քարացած խիղճերը ցնցելու ապա նաեւ՝ որոշ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող շրջանակները լուսաբանելու համար։

Եւ Դաշնակցութիւնը չէ որ պիտի սակարկէ, զոհաբերութեան պահանջին առջեւ։ Մեր գոյութի՝ւնն իսկ է Հայ Դատը, եւ, ինչպէս եօթանասունեւհինգ ցոյց տրուած չկամութիւններէն։ Պիտի բախենք բոլոր դուռները՝ իբրեւ պարտապահանջ եւ ո՛չ թէ մուրացիկ։ Պիտի խօսինք մեր իրաւունքներո՛ւն անունով՝ եւ ո՛չ թէ պիտի ողոքենք։

Կու գայ ատենը,- մօ՜տ է օրը,- երբ մենք հանգամանօրէն կը պարզենք հանրութեան թէ ի՛նչ ըրած ենք ցարդ, ի՛նչ կ’ուզենք ընել այսօր եւ ի՛նչ պէտք է ընենք վաղը։

Հրաշք չենք կրնար գործել. սակայն՝ հրաշքի համազօր ճիգերու պատրաստ ենք, որքան ատեն որ հայ ժողովուրդը մեր կողքին է։ Որքան ատեն որ ընկրկած ու նահանջած չեն մեր բազմութիւնները, ի սփիւռս աշխարհի։

Հայրենիքը եւս, ակնդէտ, մեր այս պայքարին եւ անյուսահատ մարտնչումին կը հետեւի։ Արարատի հովանիին տակ, մեր ժողովուրդը ա՛յնքան խոր կը զգայ տարասփիւռ հայութեան տառապանքն ու ընդվզումը՝ որքան մե՛նք, մեր մորթին վրայ։

Առանց «ամբողջական հայրենիք»-ի եւ ամբողջական հայութեան, միշտ թեւատ ու վիրաւոր պիտի մնանք։ Առանց հոգեկան եւ թուական մէկտեղումի՝ խոցելի պիտի ըլլանք։ Առանց ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի՝ խաղալիկ պիտի դառնանք եկող-գացող հովերուն…

Եթէ այսպէ՜ս կը հաւատայ եւ ա՛յս ձգտումով կ’ապրի մեր ամբողջը, ապա ուրեմն մենք չենք վհատիր դժուարութիւններու եւ արգելքներու առջեւ։ Դուռները կրնան փակել մեր առջեւ,- պատուհանէ՛ն կը մտնենք։ Պատուհանները կրնան գոցել մեր առջեւ,- տանիքէ՛ն կը փորձենք իջնել։

Որքան ատեն որ անլոյծ կը մնայ մեր հարցը ու անարդարութեան մէջ կը յամառի աշխարհ, ամչնալու եւ վեհերոտելու պատճառ չունինք։ Ամօթապարտ թող զգան անո՛նք, որ ամէն օր արդարութի՜ւն կ’որոճան եւ ազգերու ու մարդոց ազատութեա՜ն մասին կը ճառեն, սակայն քաջութիւնը եւ անկեղծութիւնը ցոյց չեն տար ձեռք երկարելու՝ մաքուր, քաջ եւ արժանաւոր ժողովուրդի մը։

Մէկ ու միա՛կ ակնկալութիւն մը ունինք, սակայն, մեր ժողովուրդէն։

– Ըմբռնել լիովին, որ Հայ Դատի հետապնդումը քաղաքական եւ բարոյական ճիգերու գնով չէ որ կ’իրականանայ միայն։ Ու կենսական է, մանաւանդ մե՛ր օրերուն ու այժմեան պայմաններու մէջ, նիւթական ուժը։

Պէտք ունինք յատկապէս ունեւոր եւ հարուստ դասուն մէջ զոհաբերութեան զօրաշարժի մը։ Հաւատքէ խթանուած զոհողութեան յօժարակամութեան մը։ Պէտք ունինք իրատեսական այն գիտակցութեան, թէ առանց նիւթական բացառիկ կռուաններու՝ Հայ Դատի հետապնդումը չի կրնար գործնական որեւէ հետեւութեան յանգիլ։

Մեր ժողովուրդը, իր բարեկեցիկ ու միջնակորեալ դասերով, մանաւանդ համեստ ու աշխատաւոր զանգուածով, միշտ ալ ցոյց տուած է իր նուիրումը եւ գիտակցութիւնը։ – Մեր խօսքը, հետեւաբար, ուղղուած է յատկապէս մեր այն հարազատներուն՝ որոնք պիտի կարենան մեծագումար յատկացումներով նպաստել մեր դատի արծարծումին, ներքին թէ արտաքին թէ արտաքին բոլոր ճակատներուն։

Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչական եւ քարոզչական աշխատանքներէն ետք, հիմնական այս մտածումն է որ կ’արտայայտուի այսօր՝ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակներուն կողմէ։ Քալիֆորնիոյ շրջանէն ընթերցող մը, իր սրտագին մասնակցութիւնը բերելէ ետք մեր հանգանակային ֆոնտին, կը գրէր քանի մը օր առաջ, «ո՞ր օրուան կը սպասեն մեր հարուստները, իրենց գրպանը լայն բանալու համար»։

Վաղը-միւս օր, երբ պաշտօնապէս կը ներկայացնենք աշխատանքի մեր նոր ծրագիրները, այս հարցումը հաւանօրէն աւելի լայն արձագանգով շրջի Ամերիկայի մէկ ծայրէն միւսը։

Եւ եթէ տակաւին միտք չունինք հարթուելու եւ ոտքի կոխան դառնալու գաղութէ գաղութ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք թէ ա՛զգ ենք եւ ոչ թէ ամբոխ, անշուշտ որ բաց պիտի գտնենք քաղաքական գործի բոլոր ճանապարհները՝ մեր առջեւ։

Եկեղեցի, դպրոց, լեզու, հայապահպանում, – ասոնք սիւներ են՝ որոնց վրայ, սակայն հարկ է շէ՛նքը բարձրացնել։

Եթէ ազգ ու հայրենիք պիտի պահենք, ամէն բանէ առաջ պիտի գիտնանք թէ ճամբան մէկ է.- Անխոտոր ու անվհատ հետապնդել մեր դատը. պահանջել Թուրքիոյ կրունկներուն տակ ամայացած մեր երբեմնի ոստանները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles