ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Ծովուն մէջ հազար արեւ տապկուեր էր,
Լեռները զով էին մոգի ճակտի նման,
Գարնան համար նորահարս երգեր չէին հիւսուեր
Ինքնիրե՜ն կը կախուէր ողկոյզներ որդան:
Կար դրախտի ճամբան, կար դժոխքի ճամբան
Եւ չէին խառնուեր ճամբաները իրար.
Հաշտ էր սատանան իր փոքրաթիւ խումբով,
Ու հայութեան տօնը ալիք-ալիք կ՛եռար:
Օրեր արեւախառն, լուսածծուն յուշեր
Պատերազմը արձակ` ամէն կողմ կ՛երթար,
Բայց դրախտի ճամբան այդ կապոյտ ծովն էր,
Իսկ յուշալեռը անմատչելի է
մոգի ճակտի նման:
***********
(Հետեւեալ բանաստեղծութիւնը ամբողջութեամբ ընթերցեցէք: Յետոյ կարդացէք միմիայն այն տողերը որոնք ներս քաշուած են. Օրինակ` «նոր կրակի մէջ մխացող — ընկղմած նաւ — կը սպասէ նշմարուելու» այս ձեւով շարունակել: Բարի վայելում:)
Լիբանան
Վերջին ճամբորդն եմ ես: Տխրութիւնը երկրին
Որ կը ծալուի պատմութեան մէջ. Փիւնիկը`
նոր կրակի մէջ մխացող
Հող արնաթաթաւ, գետնուած կամուրջ եւ
ընկղմած նաւ:
Արձագանգները կորսուած են: Կին մը կ՛ասեղնագործէ
Բառէ պսակներ ծածկոցի վրայ, կը հաւատայ թէ
Ապակիին ետեւ գամուած թեթեռներու ցեղը
կը սպասէ նշմարուելու:
Դուն ծնար արեւի կողէն: Որսորդներդ գրկեցին լուսինը,
Դուն տունն ես լուսագեղ ծփանքներու եւ
գիշերային արտօսրի,
Ոսոխներդ իսկ սիրեցին տաքութիւնդ, Օ երկի՜ր
Յաւերժաղթ մայրիներու:
Կորսուած ճամբորդն եմ ես: Ան` որ անհետացող
ծննդավայրի
Եւ յասմիկներու եւ ձիւնասպիտակ կարտինիաներու
լոյսը հետը առած
Կ՛երգէ ռեհանի բոյրը, կեանքի կաթն ու մեղրը,
Փիւնիկէի հոգին: