Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը։ Այն ալ ինչպէ՜ս…
Եւ ահա՛, Արցախի ամբողջական պարպումէն գրեթէ տարի մը ետք,
Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրուած քանդումէն ետք,
Կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին՝ Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի սրբապղծման։
Խոր իմաստ ունի վիթխարի կողոթը, որ քանդակուած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը՝ որ ինքնին հայկականութեան վկայական է:
Ստեփանակերտի հիւսիսային մուտքին կառուցուած կոթողը կանգնած է 1967-ին։ Անիկա կը խորհրդանշէ Արցախի բնակիչներուն կառչածութիւնը իր հողին եւ արմատներուն։
Մասնագէտներ այս գործը որակած են տարեցներու, այսինքն՝ մեր պապերուն ու տատերուն ձօնուած յուշակոթող մը։ Բնական է այս բնութագրումը, մանաւանդ, երբ այցելուն իր դիմաց կը տեսնէ խրոխտ ու հպարտ տարեց զոյգ մը՝ արցախցի ամուսինների` ուս-ուսի, հպարտ հայեացքով եւ վրիժառու կեցուածքով։ Անոնց մարմինը մխրճուած է Արցախի հողին մէջ:
Հողին կառչած զոյգ մը, որ պատրաստ է դիմագրաւելու ամէն դժուարութիւն, տանջանք ու զրկանք։
Եւ յանկարծ… Ատրպէյճանի պետական մշակութային հիմնարկը զայն կ՛անուանէ ատրպէյճանական արուեստի գործ մը, որ իբր թէ կառուցուած է Խանքենդի (Ստեփանակերտի ազերիական անուանումը) քաղաքին մէջ, 1967 թուականին, իբր թէ ցայտուն օրինակ Ատրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան։ Եւ իբրեւ ապացոյց, ազերիներ հաւաքուած են կոթողին շուրջ եւ ուրախ-զուարթ կը պարեն, մէկն ալ կը բարբաջէ. Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի…
Ապատեղեկատուութիւնը յայտնապէս յօրինուած ու տարածուած է համբակներու կողմէ. այս մշակութային հիմնարկը մինչեւ իսկ «խապար» չունի, թէ այս գործին մէկ փոքրատիպը իբրեւ հայկական յուշարձան ներկայացուած է Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է։
Ատրպէյճանի մշակոյթի պաշտպան այդ հիմնարկը վստա՛հաբար քաջատեղեակ է, որ այդ կոթողական գործին հեղինակն է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր եւ հանրահռչակ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեան։ Ճարտարապետն է Եուրի Յակոբեան, իսկ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» անունակոչումն ալ կատարած է Բագրատ Ուլուպապեանը, որ այդ օրերուն սերտօրէն գործակցելով եւ խորհրդակցելով Արցախի մարզային խորհուրդի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի հետ, որոշած է Ստեփանակերտի մօտակայ բլրակին վրայ կանգնեցնել այդ «զոյգ»-ը։
Ազերիները ունին իրենց խեղաթիւրող «վարկած»-ը: Պաքու կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ յուշարձանը կառուցուած ու տեղադրուած է խորհրդային տարիներուն, երբ Արցախի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէր, եւ թէ՝ Խորհրդային Միութեան անդամ Ատրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով իրականացած է այս աշխատանքը։
Եւ… ջարդը, մշակութայի՛ն ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութի՜ւն, «Եունեսքօ՜» եւ այլ կառոյցներ կը մնան անկարող, անարդար ու անտարբեր։ Վստահաբար, հոն ալ գործի լծուած են ազերիական քարիւղի «փեթրօ-տոլարները», որպէսզի «Մենք»-ն ու «մեր սարեր»-ը եղծուին եւ վերածուին «Իրենք եւ իրենք սարեր»-ու։ Իսկ եթէ «հանդուրժողութիւն» կը նշանակէ արցախի հայ բնակչութեան բռնագաղթը, դարաւոր ժառանգութեանց փոշիացումը…:
Մեր առաջին տողին մէջ հարց տուինք. «Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը», ու պատասխանեցինք՝ «Այն ալ ինչպէ՜ս…»: Այս ակնարկութիւնը կատարեցինք՝ աչքի առջեւ ունենալով Երեւանի ՔՊ-ականներու ԱՀԱՒՈՐ վարքագիծը, որ ո՛չ միայն անվիճելի՛օրէն ու պատմականօրէն հայկակա՛ն Արցախը ճանչցաւ իբրեւ ազերիապատկան, այլ այդ կեցուածքով իսկ ի սկզբանէ անպարտութեան վկայագիր տուաւ Արցախը հայաթափող Ատրպէյճանին, որ կը կործանէ ու կը փոշիացնէ հայկական կոթողներն ու հետքերը (ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանի խաչքարերը, Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումը), նոյնքան անվիճելի հայկական եկեղեցիները կը հռչակէ աղուանական կամ… «քրիստոնեայ ազերիներու» ժառանգութիւն, իսկ այդ բոլորին դիմաց, պաշտօնական Երեւանը կը մնայ լուռ …եւ հլու կամակատար, կը փորձէ մեր ժողովուրդն ալ համոզել, թէ ա՛յս Թուրքիոյ եւ ա՛յս Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դարաշրջանի մը սեմին ենք:
Անընդհատ ահազանգ պէտք է հնչեցնել պետական ու ոչ կառավարական հիմնարկներու ճամբով, հայկական Սփիւռքին հետ միաձայն, այլապէս, ազերիները Նախիջեւանի խաչքարերու ճակատագիրին պիտի մատնեն Արցախի բոլոր հայկական կոթողները։ Հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը հեծիկով կամ լողալով տեղ չի հասնիր…
Գործնապէս վկայենք. «Տատիկ-Պապիկ»-ը մենք ենք․․․ Սարերն ալ մենք ենք։